Նախորդ շաբաթավերջին կատարուած վերջին այգուցով աւարտուեցաւ 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի թաղման կարգը։ Յետ վերջին այգուցի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտի կարգ, որուն նախագահեց Արամ Արք. Աթէշեան։ Կիրակմուտի աւարտին կողքի Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ, որուն ներկայ գտնուեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան եւ Իսթանպուլի Պատրիարքարանի հոգեւորականաց դասու անդամներ ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Այս առթիւ սգաւորները անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեցին Տիրամայր Մարի Մութաֆեանին։
