Շրջանային վարչութիւններու ընտրութեան մէկ շաբաթէ աւելի քիչ ժամանակ մնացած է եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան դերակատարութիւնը շատ կարեւոր նշանակութիւն ստացած։ Ինչպէս յայտնի է կուսակցութիւնը մէկ կողմէն իր բոլոր լծակներով կ՚աշխատի քրտաբնակ քաղաքներու մէջ յստակ յաղթանակ տանելու, միւս կողմէն նոյն թափով կ՚աշխատի իշխող կուսակցութիւնը պարտութեան մատնելու համար։ Անցեալին այս կուսակցութեան նուաճած 95 քաղաքապետներ կառավարութեան որոշումով պաշտօնանկ եղած էին եւ իրենց տեղ նշանակուած էր պետական պաշտօնեաներ։ Կուսակցութիւնը այժմ կ՚աշխատի նախապէս իրմէ խլուած այդ քաղաքապետարաններուն վերստին տիրանալու համար, իսկ միւս կողմէն թափ կու տայ նոր յաւելեալ տարածքներու մէջ եւս յաղթանակ տանելու։
Տարածաշրջանի մէջ հետազօտութիւններ կատարող Ռավեստ ընկերութեան տնօրէն Ռօժ Կիրեսուն այս մասին բացատրութիւններ տուաւ «Ակօս
»ին։ Կիրեսունի համաձայն ընտրութեան արդիւնքները շատ մեծ փոփոխութիւններ պիտի չկրէ բաղդատմամբ 24 Յունիսի ընտրութիւններուն։
Կիրեսունի համաձայն Հիւտափարին ընտրութիւններուն չմասնակցիլը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ իշխող կուսակցութեան ձայներուն վրայ։ Այդպէս ըլլալով հանդերձ տարածաշրջանին մէջ ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս պիտի գայ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնը։