Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ մօտ երկու շաբաթ առաջ հրապարակուած շրջաբերականը կը շարունակէ արձագանգներ ունենալ համայնքային հաստատութիւններու մօտ։ Ինչպէս պիտի յիշուի աւելի քանի վեց տարիէ ի վեր համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան խնդիրը անելի մատնուած է նոր կանոնագրի մը պատրաստութեան պատճառաբանութիւնով։ Անցնող ժամանակի ընթացքին կարելի չէ եղած այդ կանոնագիրը պատրաստել եւ այժմ կառավարութիւնը կ՚առաջարկէ բացակայող անդամներու պատճառած բացը լրացնել նշանակութեան դրութիւնով։ Հոս է, որ կը ծագի առարկութիւններ, քանի որ մեր եկեղեցին աւանդաբար որդեգրած է ժողովրդավարական սկզբունքը ըստ որու համայնքային մարմիններու ղեկավարները կ՚ընտրուին ժողովուրդի ձայներով։
Արդարեւ շրջաբերականի հրապարակումէն այս կողմ ոչ մէկ հաստատութիւն դիմած է իր շարքերը նշանակութեամբ վերանորոգելու համար։ Այս մասին ՎԱՏԻՓ-ի ընդհանուր քարտուղար Յարութիւն Շանլը կը յայտնէ թէ կատարուածը ժամանակաւոր միջոց մը ըլլալով պէտք է տեսնել եւ սպասել մինչեւ նոր կանոնագրի հրապարակումը։
Միւս կողմէ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւս անընդունելի կը գտնեն կատարուածը եւ կը պահանջեն որ ժամ առաջ գործադրուի ընտրութեան գործընթացը։
Այս մասին Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւս կը հաւաստիացնէ թէ առաջարկուածը ժամանակաւոր լուծում մըն է եւ կը միտի ընտրութեան ընդառաջ մահուան կամ հրաժարումի պատճառաւ թափուր մնացած տեղերը վերահաստատել։ Երբ ամբողջ հասարակութիւնը տարուած էր պատրիարքի ընտրութեան խնդրին, համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններու նիւթն ալ կու գայ նոր խոչընդոտ մը աւելցնել արդէն առկայ դժուարութիւններու վրայ։