ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
Նախորդ շաբաթ Եւրոխորհրդարանի մէջ զրուցեցինք հայաֆոպիայի մասին։ Ֆոպիա որ կ՚ըսենք փառք Աստուծոյ տեսականին շատ եղող նիւթի մը մասին խօսած կ՚ըլլանք։ Մեր մշակոյթին մէջ որքան շատ վախնալու սարսափելու պատճառներ ունինք։ Սկսելով հակասեմիտ ձաբռտուքներէ դէպի յոյներուն կամ քիւրտերուն երկարող վախ ու սարսափի ցանկով մը շրջապատուած ենք։ Այդ ցանկին մէջ իրենց բաժինը ունին նաեւ ասորիները։ Նաստորեանները դուրս մնացին նման մթնոլորտէ, քանի որ անոնց հաշիւը արդէն մաքրուեցաւ 1924-25 թուականներուն Հաքքարի, Չելէմերկի մէջ։ Վերջերս հաւանաբար էրկենեքոնցիներու հետ մշակուած նոր բարեկամութեան հետեւանքով անգամ մը եւս օրակարգի եկած է հայաֆոպիան։ Ինչպէս 1930-ական թուականներուն Գերմանիոյ մէջ ամէն չարիք կը վերագրուէր հրեաներուն, վերջին տասնամեակներուն անլուծելի դարձած քրտական խնդիրն ալ դիւրաւ բեռցուեցաւ հայոց։
Իբրեւ թէ պատմաբան ներկայացող Քատիր Մըսըրլըօղլու ապացուցել կը ջանայ ՓՔՔ-ի հիմնադիր Ապտուլլահ Էօճալանի հայկական ծագումը։ Կը պնդէ թէ սպաննուած ՓՔՔ-ականներու սատակները չեն թլփատուած։ Հետեւաբար հայ են։ Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանց վիզերուն խաչ կախուած է։ «Սապահ» թերթը, իբրեւ խորագիր կը յայտարարէր թէ բոլոր ՓՔՔ-ականները հայ են։ Հրանդ Տինքի դատավարութիւններուն իբրեւ դիտորդ մասնակցող զօրավար Վելի Քիւչիւք կը յայտնէր հետեւեալ պարզաբանումը. «Պահ մը եկաւ, որ ԱՍԱԼԱ վերացաւ։ Գիտենք որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները այսպէս մէկ անգամէն չեն վերանար։ Ապա բեմ եկաւ Քուրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը։ Իրենց անունին առաջին անգամ հրապարակուած Էրուխի եւ Շեմտինլիի յարձակումներէն ետք յայտարարեցին, թէ 1,500 մարտիկներէ կը բաղկանան։ Այդ ժամանակ ոստիկաններու կողմէ ձերբակալուած ահաբեկիչներու 65 տոկոսը չէին թլփատուած, այսինքն մուսլուման չէին»։
Կիւլեն աղանդի մօտ գործող «Զաման» թերթը նոյն տարուայ Նոյեմբեր ամսուն խորագիրով մը կը պարզէր այս երեւոյթը։ «Ահաբեկիչները չեն թլփատուած»։ Դարձեալ նոյն աղանդի մօտ գործող «Աքսիոն» պարբերականն ալ կը բաժնէր այս հաստատումը։
Յիշենք այն ոճրագործը, որ Հրանդը սպաննելէ ետք մեծ ոգեւորութեամբ կ՚աղաղակէր. «Հայը սպանեցի» պոռալով։ Հայու կերպարը այս երկրի հարազատ ժողովուրդին անդամը ըլլալէ դուրս բերուեցաւ եւ չարութեան խորհրդանիշի մը վերածուեցաւ այս ֆոպիին պատճառաւ։
Պատմութեան կաճառի նախկին պետ Եուսուֆ Հալաճօղլու եւս կը յայտարարէր այս նոյն պատմութեան մասին, պնդելով թէ ՓՔՔ-ի ահաբեկիչները թլփատուած չեն, հետեւաբար թուրք եւ մուսլուման չեն։ Եւ եթէ թուրք եւ մուսլուման չեն, ուրեմն հայ են։ Ան տակաւին կը շարունակէր իր պնդումներուն նշելով թէ քրտամէտ կուսակցութիւններու հիմնադիրները նոյնպէս հայեր են։ Անոր համաձայն այս կազմակերպութեան հրամանատարի դիրքի մէջ գտնուողները առհասարակ հայեր էին եւ սպաննուողները խաբուած քիւրտեր։
Անհամար են այս մասին իբրեւ թէ գիտական պնդումներ ներկայացնողները։ Անցեալի վարչապետներէն Ահմէտ Տաւութօղլու եւս կը կրկնէր այս նոյն յանկերգը եւ կը սպառնար ըսելով որ քիւրտերուն վերջն ալ հայերու նման պիտի ըլլայ։
Մինչեւ այսօր պետութեան պաշտօնական տեղեկագիրներուն մէջ հայերը կը շարունակեն կարեւոր սպառնալիք մը ըլլալով ներկայանալ։ Արդարեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Իսթանպուլի մէջ գումարուող ՆԱԹՕ-ի ժողովին նոյն պնդումը կրկնեց, ըսելով որ ՓՔՔ-ականներու մէջ հայեր կան։
Յիշենք որ, Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս իր պատրիարքութեան ժամանակ ունեցած էր հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Գրգռութիւնը այնքան բարձր է, որ ամէն վայրկեան կը լսեմ 6-7 Սեպտեմբերի ոտնաձայնները»։