ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Առասպելներ կան, որոնք կը յիշուին, կը խօսուին աշխարհագրական շատ լայն տարածութիւններու վրայ։ Բայց անոնց կողքին կան առասպելներ, որոնք կը մնան իրենց համեստ ու հարազատ շրջանակին մէջ եւ սակայն երբեք նուազ չեն, այդ աւելի ընդարձակ տարածութիւն գտածներէն։ Մենք ալ ունինք մեր առասպելը, որ չորս տարի է ի վեր կ՚ապրինք իր բացակայութեան պատճառած զրկանքի հոգեվիճակով։
Սարգիս Սերովբան կը կոչուէր մեր առասպելը։ Առասպել մը, որ շաղախուած էր այս թերթի հիմնաքարերը վրայ վրայի դիզել սկսած առաջին օրերէն եւ հասած էր մեր ամենապայծառ ապրումներուն։ Թերթի այս թիւով կը յիշենք իր բացակայութեան չորրորդ տարելիցը։ Լման չորս տարիներ է, որ «Ակօս»ի աշխատակազմը զրկուած է իր հեքիաթասացէն։ Պատահական չէ Սերովբեանի համար հեքիաթասաց եզրի գործածութիւնը։ Սա նախընտրուած ոճ մըն էր ցանկացած դէպք նկարագրելու կամ ներկայացնելու համար։ Ոճ մըն էր պարզապէս։ Ամենալաւ տիրապետած նիւթերը անգամ մանկապատումի մը պարզութեան եւ մտերմութեան մէջ ներկայացնելու իւրայատուկ կարողութիւնով մը օժտուած էր Սարգիս Սերովբեան։ Այդ պատումներէն իրենց բաժինը կը ստանային «Ակօս»ի ամենահաւատարիմ ընթերցողները, որոնք կ՚այցելէին խմբագրատուն իրենց անցեալի մասին վկայութիւններ յայտնաբերելու ակնկալութեամբ։
Սերովբեան լարուած ուշադրութեամբ կը լսէր իր այցելուին եւ ապա կը սկսէր խնդրի ամենակարեւոր երեսակով՝ պարզելով այցելուին հայրենի երկիրը։ Մարդիկ մեծ զարմանքով կը հետեւէին անոր բացած քարտէզի ծանօթագրութիւններուն։ Իրականութեան մէջ ոչինչ կը հասկնային հայատառ այդ հատորներու բովանդակութենէն, բայց գիտէին թէ այդ գիտելիքներու հսկայ պաշարին մէջ բացատրութիւններ կայ իր կորած երկրի մասին։ Սերովբեանի այդ աշխարհագրութեան մասին ուղղած հարցումներուն կը պատասխանէին մեծ կարեւորութեամբ։ Սերովբեան հարցումներ կ՚ուղղէր շրջագայ վայրերու մասին։ «Մեր հարեւան գիւղն է այդ մէկը, մինչեւ օրս կ՚երթանք կու գանք» կը պատասխանէին այցելուները։ Ապա Սերովբեան կը լծուէր հնչիւնաբանական զանազան փոփոխութիւններու ենթարկուած տեղանուններու յայտնաբերման ծանր գործին։ Վերջ ի վերջոյ բթացած արհեստաւորի հաստ մատերով ցոյց կու տար կէտ մը քարտէզի վրայ։ «Ահա հոս է ձեր գիւղը» կ՚աւետէր, իսկ այցելուները կարծես իրենց փնտռածին պատասխանը գտած ըլլալով կը նշէին տուեալ տեղանունի հայերէն արտասանութիւնը։
Կ՚արժէ խոստովանիլ այս տողերը ստեղնաշարի վրայ շարադրելու պահուն տարուած էինք առասպելի աւարտին խորհուրդով։ Չկար Սարգիս Սերովբեանը եւ մենք վերը նշուած տողերը պիտի ապրէինք իբրեւ վերյիշում։ Մտքով իսկ չէինք անցներ թէ գրութիւնը պիտի ընդհատուի մի ոմն անծանօթի այցելութիւնով։ Իմաց տուին մեզ հետ տեսակցիլ ուզող այցելուի մը գալուստեան մասին։ Դարձեալ խոստովանինք թէ գրելու պահուն այնքան ալ ցանկալի չէ հիւրեր ընդունիլ։ Բայց դարձեալ Սորվբեանական պատրաստակամութիւնով կը պատասխանենք. «Հրամմէ թող գայ տեսնենք ինչ կ՚ուզէ»։ Երիտասարդ մըն է մեզի մօտեցողը։ Եկած է մեզ հրաւիրելու 14 Ապրիլին կայանալիք համերգի մը։ Պայուսակէն կը հանէ որմազդ մը, որուն վրայ առաջին հերթին մեր ուշադրութիւնը կ՚երթայ ժողովրդական հերոսի մը Շահմարանի նկարին։ Զգոյշ կը զննենք որմազդը ու կը նկատենք փիւնիկը։ Զարմանքի մատնուած ենք այս զուգադիպութեան դիմաց։ Կարծես հրաշք մը պատահած է եւ Սերովբեանի աշխարհը ահա կրկին անգամ եկած է խմբագրատուն։ Կրկին անգամ կը յայտարարէ թէ շատ ալ հեռու գացած չէ, ինք ու իր աշխարհը հոս է, մեզ հետ։ Այցելուն անշուշտ, որ պատկերացում մը չունի իր պատճառած յանկարծակի ազդեցութեան մասին։ Կը պատմէ որմազդի վրայ զազայերէն գրառումներու իմաստը։ «Տէու տու շար» կը նշանակէ 12 լաչակներ, կամ եթէ աւելի պարզ ըսենք 12 կանայք, եւ ներքեւի «Հեւթ մեսել»ը եօթ հեքեաթներ։ Ապա բացատրութիւններ տուաւ նախատեսուած ներկայացման մասին։ «Տէրսիմի շրջակայքի մէջ պատմուած 12 ժողովրդական մանրապատումները երաժշտական ամբողջութեան մը մէջ պիտի ներկայացնենք ունկնդրին»։ Հաւանաբար տարբեր պահու մը բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար այս հրաւէրի պատճառած հետաքրքրութիւնը։ Մենք դարձեալ անտարբեր պիտի չգտնուէինք նման նիւթի մը դիմաց։ Բայց ապրուած այս պահը ամէն ինչ դրաւ բոլորովին տարբեր հոգեբանութեան մէջ։ Հիմա կ՚ապրինք բոլորովին տարբեր յիշողութիւններու հեղեղ մը։ Մեր վաղեմի բարեկամ Մեթին Քահրաման Շահմարանի նման նկարով մը զարդարուած ալպոմը բերած էր խմբագրատուն, յայտնելով նաեւ այդ ալպոմի ձայնագրութեան մէջ Սայաթ Նովա երգչախումբին մասնակցութեան համար իր շնորհակալութիւնը։ Երգչախումբի պատմութեան մէջ շատ ջերմ յիշատակներ թողած աշխատութիւն մըն էր այդ, որ տարինք անուանի երաժիշտի հետ իր «Շահմանար» ալպոմին ձայնագրութեան ընթացքին։ Սերովբեան շատ բարձր գնահատած էր կատարուած աշխատանքը, օրինակներով նշած էր այդ նոյն ժողովրդական առասպելի հայերու մէջ գործածութեան օրինակներ։ Իսկապէս ալ մեզէ շատեր տակաւին մանկութեան տարիներուն իրենց մեծերէն լսած էին այդ պատումը եւ հիմա մարդիկ երաժշտութիւններ կը հիւսէին, յօրինումներ կը կատարէին նոյն թեմայով։ Մեր զրուցակիցը կը պատմէր Տէրսիմի աշխարհագրական յատուածի մէջ լաջակի գործածութեան շատ յատուկ մէկ պատկերը։ «Երբ ցեղախումբերու միջեւ կռիւը կը հասնի մարդասպանութեան հանգրուանին, կանայք առաջ կ՚ելլեն եւ իրենց լաջակները կը գցեն կրուող մարդկանց ոտքերուն տակ։ Կախարդական ուժ մը ունի կիներու այդ շարժումը, որու հետ կռիւը իսկոյն կը թաթրի, այդ ազդանշանէն ետք ընդունուած չէ կրուին շարունակել»։
Ղըզըլպաշ կիներ այսօր ալ մերթ ընդ մերթ կը փորձեն իրենց լաջակները կռուողներուն ոտքին տակ գցելով կրուին վերջ տալ, բայց չեն յաջողիր։ Արդի մարդկանց համար լաջակը չունի այն զօրաւոր ազդեցութիւնը ինչ որ ունէր անցեալի տգէտ մարդկանց մօտ։
Եւ այս նախագիծը ծնունդ կ՚առնէր քեզի համար այնքան սիրելի, նոյնիսկ այնքան պաշտելի երկրամասէ մը՝ Տէրսիմէն։ Տէրսիմ՝ որ իր Մնձուր գետով, Մնձուրի սարերով այնքան հարազատ է արեւմտեան Հայաստանի եւ քու հաստատումով ալ երբեք չէ ենթարկուած հայոց թագաւորութեան։ Ոչ միայն հայոց, չէ ենթարկուած արշաւիչ հռովմէացիներուն, սելչուկեան, մոնղոլ-թաթարական կամ օսմանեան ցեղախումբերուն։ Նոյնիսկ յամառած է հանրապետական Թուրքիոյ մէջ իսկ իր ինքնավարութիւնը պահել։ Բոլորս գիտենք պատմութեան դաժանութիւնը։ Գիտենք 1938-ի ոճրագործութիւնները, տարագրութիւնը եւ այդ ժողովուրդի նոյն երկրամասի վրայ մինչեւ օրս իր ուրոյն դիմագիծը պահելու ոդիսականը։ Բայց դուն այդ բոլորէն վեր կը սիրէիր պատմել «Խըզըր»ի կերպարին մէջ Սուրբ Սարգիսը կամ «Խըտըր»ի կերպարին մէջ Սուրբ Կարապետը եւ անոնց քաջագործութիւնները պատմել։ Կը սիրէիր այդ շրջակայքի մէջ Վարդավառի տօնակատարութիւնը։ Ջրօրհնէք կը համարէիր այդ օրուայ աւանդութիւնը։ Կը սիրէիր պատմել Անահիտի կաթնաղբիւրներու մասին։ Ոչ միայն պատմել, այլ այդ ակերու ջուրով յագենալ եւ առոյգ զգալը կը սիրէիր։ Երանութիւն էր այդ բոլորը վայելել քեզ հետ եւ հիմա համոզուած ենք թէ այդ աղբիւրներն ալ կը տառապին քու բացակայութեամբ։
Տխուր օրեր է, որ կ՚ապրինք պարոն Սերովբեան։ Ինչպէս որ կ՚ըսէր Կոմիտասի երգը. «Կոտրեր գերաններ խախտեր են սիւներ…»։ Վերջին տարիներուս մենք ալ զրկուած մնացինք այդ ջուրերու հետ վերամկրտուելու ուրախութենէն։ Մենք ալ չենք կրցած հաղորդուիլ այդ շրջակայքի մեզի համար այնքան թանկագին, այնքան սիրելի բարեկամներու հետ։ Միշտ յոյսը կը պահենք լուսաւոր օրերուն դարձեալ իրենց հետ ըլլալու համար։ Բայց ինչ հոգ։ Ահա անոնք եկան ճիշդ ալ քու տարելիցիդ օրերուն բերին իրենց աւանդութիւններու պատումը, իբրեւ ընծայ։
Ո՜հ Պարոն Սերովբեան, տէրսիմցի բարեկամի այցելութիւնը ապտակի մը նման եկաւ յիշեցնելու թէ քու ֆիզիկական բացակայութիւնը կարելի չէ մահ կոչել։ «Ակօս»ի երդիքին տակ մեր այս անսպասելի հիւրերը վառ վկայութիւնն է քու կերտած աշխարհին գոյատեւման։ Այժմ մեր խմբագրատան պատին վրայ սեւ ու սպիտակ լուսանկարի մը մէջէն, որ կը ժպտաս, մենք նայելով քու աչքի լոյսին կը համակերպինք ֆիզիկական բացակայութեանդ, վստահ ըլլալով այն շունչը որ իբրեւ կտակ մնացած է քեզմէ կը պահէ իր կենսունակութիւնը եւ դուն կը շարունակես մեզ հետ մնալ, որքան ատեն որ կը վայելենք նման անակնկալ այցելութիւններ։
Քանի որ յիշատակդ չէ թառամուած գիտենք որ դեռ կենդանի ես։