Զանազան է մեղքը քաւելու միջոցները

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Յի­շո­­ղու­­­թիւն։ Յի­­­շելու յատ­­­կութիւ­­­նը բա­­­ւակա­­­նին բարդ խնդիր է։ Հա­­­սու­­­նա­­­­­­­նալու նա­­­խապայ­­­մանն է յի­­­շողու­­­թիւնը։ Գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը իրա­­­րու վրայ կու­­­տա­­­­­­­կուե­­­լով կը կազ­­­մեն գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նը։ Նոր սո­­­վորո­­­ւածը հա­­­զիւ նա­­­խորդ գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջոցաւ կրնայ իմաս­­­տա­­­­­­­ւորո­­­ւիլ։ Անա­­­սուննե­­­րը կը յի­­­շեն բնազ­­­դա­­­­­­­յին դրդու­­­մով։ Իսկ մար­­­դը մէկ կող­­­մէ օժ­­­տո­­­­­­­ւած է բնազ­­­դա­­­­­­­յին յի­­­շողու­­­թեամբ, բայց նաեւ յա­­­ջողած է կրթո­­­ւելով, դաս­­­տիարա­­­կուե­­­լով յի­­­շածը իմաս­­­տա­­­­­­­ւորե­­­լու ունակութամբ։

Այս այսպէս ըլ­­­լա­­­­­­­լով հան­­­դերձ հա­­­զիւ վեր­­­ջին քա­­­նի մը տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն է որ սկսած ենք գոր­­­ծա­­­­­­­ծել «Յի­­­շողու­­­թեան վայր» եզ­­­րը։ Այս բա­­­ցատ­­­րութիւ­­­նը կը թե­­­լադ­­­րէ թան­­­գա­­­­­­­րանէն տար­­­բեր իմա­­­ցու­­­թիւն մը։ Թան­­­գա­­­­­­­րանը կը պա­­­հէ ան­­­ցեալին վե­­­րաբե­­­րող վկա­­­յու­­­թիւններ։ Իսկ յի­­­շողու­­­թեան վայ­­­րե­­­­­­­րը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեն աւե­­­լին, ան­­­ցեալի պա­­­տահար­­­նե­­­­­­­րէն մեկ­­­նե­­­­­­­լով, պատ­­­գամներ կը փո­­­խան­­­ցեն այ­­­սօ­­­­­­­րուայ վե­­­րաբե­­­րեալ։

«Յի­­­շելը կը բու­­­ժէ» եւ «Յի­­­շելը ազա­­­տու­­­թիւն կը բե­­­րէ»։ Այս խո­­­րագիր­­­նե­­­­­­­րով թրքե­­­րէն եւ անգլե­­­րէն երկլե­­­զու եր­­­կու հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րու գի­­­նեձօ­­­նը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ 26 Մար­­­տի երե­­­կոյեան, «Ճե­­­զայիր» շէն­­­քի մէջ։

Սոյն գիր­­­քե­­­­­­­րու բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնը կը բաղ­­­կա­­­­­­­նար «Պե­­­րապեր­­­ճէ» (Միաս­­­նա­­­­­­­բար) միու­­­թեան նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ տար­­­բեր եր­­­կիրնե­­­րու յի­­­շողու­­­թեան վայ­­­րե­­­­­­­րու գոր­­­ծունէու­­­թիւնը նկա­­­րագ­­­րող յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րէ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ «Յի­­­շելը կը բու­­­ժէ» հա­­­տորին մէջ ու­­­թը երի­­­տասարդներ նա­­­խագ­­­ծի մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րով այ­­­ցե­­­­­­­լած են Պոս­­­նիա -Հեր­­­ցե­­­­­­­կովի­­­նայի պատ­­­մութեան թան­­­գա­­­­­­­րանը, Պեր­­­լի­­­­­­­նի հրէից թան­­­գա­­­­­­­րանը, Ուա­­­շինկթը­­­նի Ամե­­­րիկա­­­յի հնդիկ­­­նե­­­­­­­րու ազ­­­գա­­­­­­­յին թան­­­գա­­­­­­­րանը, Պո­­­ւէնոս Այ­­­րե­­­­­­­սի Յի­­­շողու­­­թեան եւ մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու վայ­­­րը, Սա­­­րայե­­­ւոյի «Պա­­­տերազ­­­մի ման­­­կութիւն» թան­­­գա­­­­­­­րանը, Յո­­­հանես­­­պուրկի եր­­­բեմնի ար­­­գե­­­­­­­լանո­­­ցը՝ «Քոնսթի­­­թոյ­­­շըն հիլ»ը, Հա­­­րաւա­­­յին Ափ­­­րի­­­­­­­կէի «Տիսդրիքս Սիքս» (Վե­­­ցերորդ շրջան)ը եւ իրենց տպա­­­ւորու­­­թիւննե­­­րը բե­­­րած են էջե­­­րուն, օգ­­­տո­­­­­­­ւելով բազ­­­մա­­­­­­­թիւ լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րէ եւս։

Նա­­­խաձեռ­­­նութեան երկրորդ հա­­­տորը, որ կը կրէ «Յի­­­շելը ազա­­­տու­­­թիւն կը բե­­­րէ» խո­­­րագի­­­րը, դար­­­ձեալ նոյն մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մով հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան պատ­­­րաստո­­­ւած է Այ­­­շէ Էօք­­­թե­­­­­­­մի կող­­­մէ։ Հոս աւե­­­լի շատ ծան­­­րութիւն տրո­­­ւած է յի­­­շողու­­­թեան նիւ­­­թով աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւններ տա­­­նող հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րու ծա­­­նօթագ­­­րութեան։ Անոնց կար­­­գին է Ուեն­­­սիի բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւննե­­­րու տու­­­նը, հա­­­սարա­­­կական յի­­­շողու­­­թեան հա­­­մար Զա­­­հորի հիմ­­­նադրա­­­մը, Մոն­­­թէ Սո­­­լէ խա­­­ղաղու­­­թեան դպրո­­­ցի հիմ­­­նադրա­­­մը եւ այլ նմա­­­նաբ­­­նոյթ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւններ։

Այ­­­շէ Էօք­­­թեմ գի­­­նեձօ­­­նի առ­­­թիւ ու­­­նե­­­­­­­ցած ելոյ­­­թին մէջ ընդգծեց յի­­­շողու­­­թեան կող­­­քին նաեւ կա­­­մաւոր կեր­­­պով յի­­­շելէ խու­­­սա­­­­­­­փելու երե­­­ւոյթնե­­­րը։ Բա­­­ցատ­­­րութիւններ տո­­­ւաւ նման դիրք մը բռնե­­­լու ետին գտնո­­­ւող գոր­­­ծօննե­­­րու մա­­­սին։ «Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս ապ­­­րո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րը շատ ծանր պա­­­տահար­­­ներ են եւ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թեամբ տե­­­սանք, թէ մեծ նշա­­­նակու­­­թիւն մը չու­­­նի «Այ­­­լեւս եր­­­բե՛ք» կար­­­գա­­­­­­­խօսը։ Այդ կար­­­գա­­­­­­­խօսը առա­­­ջին ան­­­գամ հնչած էր հրէից ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն ետք, բայց բո­­­լորս գի­­­տենք թէ յա­­­ջոր­­­դող տա­­­րինե­­­րուն դար­­­ձեալ գոր­­­ծադրո­­­ւեցան բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւններ եւ այդ «Եր­­­բեք» կան­­­խազգու­­­շա­­­­­­­ցու­­­մը մնաց օդին մէջ։ Ու­­­րեմն մեր առ­­­ջեւ ծա­­­ռացած կա­­­րեւո­­­րագոյն խնդիրն է յի­­­շողու­­­թիւնը վառ պա­­­հելով եւ նոյ­­­նիսկ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը հետզհե­­­տէ սեր­­­տո­­­­­­­ղու­­­թեան նիւթ դարձնե­­­լով պայ­­­քա­­­­­­­րիլ այդ երե­­­ւոյ­­­թին դէմ»։

Սոյն նա­­­խագի­­­ծը ֆի­­­նան­­­սա­­­­­­­ւորո­­­ւած էր Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ Ար­­­տա­­­­­­­քին գոր­­­ծոց նա­­­խարա­­­րու­­­թեան կող­­­մէ։ Այդ առ­­­թիւ ներ­­­կայ էր նաեւ Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ հիւ­­­պա­­­­­­­տոսա­­­րանի մշա­­­կոյ­­­թի կցոր­­­դը, որ իր կար­­­գին ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ եւ պար­­­զեց թէ ին­­­չու հա­­­մար Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը յանձն առած է նման նա­­­խագիծ մը ֆի­­­նան­­­սա­­­­­­­ւորե­­­լու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը։ «Շատ պարզ է այս հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը։ Ու­­­նի միայն մէկ բա­­­ցատ­­­րութիւ­­­նը՝ որն է Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ ծանր մեղ­­­քը Բ. Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մի տա­­­րինե­­­րուն հրեանե­­­րու դէմ գոր­­­ծադրո­­­ւած ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան մէջ»։

Ահա­­­ւասիկ Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ պե­­­տակա­­­նու­­­թեան անու­­­նով ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող կցորդ Մէիք Լաու­­­ֆէ­­­­­­­րի այս ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը ինքնին բա­­­ցատ­­­րա­­­­­­­կան մըն է ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րելու գի­­­տակ­­­ցութեան մէջ ցան­­­կա­­­­­­­լի ար­­­դիւնքը բնու­­­թագրե­­­լու հա­­­մար։ Մենք Թուրքիոյ մէջ յա­­­ճախա­­­կիօրէն կը հան­­­դի­­­­­­­պինք ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան նման ահ­­­ռե­­­­­­­լի ոճի­­­րը ար­­­դա­­­­­­­րաց­­­նե­­­­­­­լու ջա­­­նացող մտայ­­­նութեան հետ։ Ան­­­դին մար­­­դիկ յա­­­ջողած են առե­­­րեսո­­­ւիլ իրենց նախ­­­նեաց գոր­­­ծած սխալ­­­նե­­­­­­­րուն եւ հի­­­մա կը փոր­­­ձեն ամէն գի­­­նով աշ­­­խա­­­­­­­տիլ այդ մեղ­­­քը մա­­­սամբ իսկ քա­­­ւելու հա­­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ