Թուրքիոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան նախորդ կիրակի Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնով յուղարկաւորուեցաւ եւ հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատան պատրիարքներու յատուկ թաղին մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը եւ թաղումը բաւական տխուր պատկեր մը պարզեցին բոլոր անոնց համար, որոնք անցեալին վայելած էին Մեսրոպ Պատրիարքի անմիջական մտերմութիւնը։
Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան Երուսաղէմի Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան, Հայաստան Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ գերաշնորհ Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արեւմտեան Եւրոպայի կաթողիկոսական պատուիրակ Խաժակ Արք. Պարսամեան, Դիւանապետ Արշակ Եպիսկոպոս Խաչատրեան, Կիլիկոյ Կաթողիկոսարանի ներկայացուցիչ Նարեկ Արք. Ալեմեզեան, Մակար Եպիսկոպոս Աշքարեան։
Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր Մայր Եկեղեցի վերջին հրաժեշտը տալու համար բոլորին կողմէ այնքան սիրուած Մեսրոպ Արք. Պատրիարքին։
Խիստ յուզիչ էր Նուրհան Պատրիարքի կատարած օծման կարգը եւ ապա բոլոր հոգեւորականներու տխուր տողանցքը վերջին համբոյրը դրոշմելու համար։
Արարողութեան ներկայ էին պետական աւագանիի ներկայացուցիչները։ Այսպէս Հանրապետութեան նախագահը կը ներկայացնէր Նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն։ Իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյ, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա եւ Իսթանպուլի քաղաքապետ Մեւլիւթ Ույսալ։
Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Մարքար Էսայեան, Ընդդիմադիր հանրապետական կուսակցութեան փոխ նախագահ Իւնալ Չելիքէօզ, նոյն կուսակցութեան պատգամաւորներէն Սեզկին Թանրըքուլու եւ կուսակցութեան Իսթանպուլի նահանգապետ Ճանան Քաֆթանճըօղլու։
Ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Գերապայծառ Լեւոն Արք. Զեքիեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքարանի, Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթողիկէ համայնքներու հոգեւորականներ, Հրէից Րաբունապետը եւ Մեսրոպ Պատրիարքի անմիջական բարեկամ, անգլերէնի ուսուցիչ եւ Անգլիոյ Կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Հայր Ճոն Ուիլէյ։
Եկեղեցւոյ արարողութենէ ետք դամբանական ճառեր արտասանուեցաւ Պատրիարքարանի մուտքին, որմէ ետք յուղարկաւորութեան թափորը ուղղուեցաւ դէպի Շիշլիի Հայոց Գերեզմանատունը։ Այստեղ եւս մեծ թիւով ժողովուրդ կազմ եւ պատրաստ կը սպասէին Պատրիարքի գալուստը, իրենց վերջին հրաժեշտը տալու համար։ Ծանրօրէն յուզիչ էր գոյացած ընդհանուր պատկերը, ուր սգաւորներ կը դժուարանային իրենց յուզումը զսպելու։
Աւանդութեան համաձայն շիրիմը ամբողջովին պիտի փակուի շաբաթ մը տեւողութեամբ կատարուած այգուցներու աւարտին։