Առարկութիւններ Վաքըֆներու տնօրէնութեան շրջաբերականին դէմ

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԵՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

 

Երբ բո­­լոր ու­­շադրու­­թիւննե­­րը կեդ­­րո­­­նացած էին Մես­­րոպ Պատ­­րիար­­քի վախ­­ճանման եւ յու­­ղարկա­­ւորու­­թեան նիւ­­թե­­­րուն, Վա­­քըֆ­­նե­­­րու ընդհա­­նուր տնօ­­րէնու­­թիւնը շրջա­­բերա­­կան մը հրա­­տարա­­կելով նոր խո­­չըն­­դո­­­տի մը ծնունդ տո­­ւաւ։ Ինչպէս ծա­­նօթ է շուրջ վեց տա­­րիներ առաջ ջնջուած էր փոք­­րա­­­մաս­­նութեան հա­­մայնքնե­­րու հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թիւնը դա­­սաւո­­րող կա­­նոնա­­գիրը։ Նոր շրջա­­բերա­­կանը խոր­­հուրդ կու տայ անցնող ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին մա­­հուան կամ հրա­­ժարու­­մի բե­­րու­­մով թա­­փուր մնա­­ցած ան­­դա­­­մակ­­ցութիւննե­­րը ամ­­բողջաց­­նել նշա­­նակու­­մի դրու­­թիւնով։

Իրա­­ւաբան Սե­­պուհ Աս­­լանկիլ կը յայտնէ, թէ ապօ­­րէն է այս շրջա­­բերա­­կանը։ «Շրջա­­բերա­­կանը պատ­­րաստուած է ընտրու­­թեան գոր­­ծընթա­­ցը խա­­փանե­­լու մի­­տու­­մով։ Կարգ մը թա­­ղական խոր­­հուրդներ կան, որոնք կը ներ­­կա­­­յանան միայն մէկ անու­­նով։ Այս շրջա­­բերա­­կանը, այդ մէկ անու­­նին իրա­­ւասու­­թիւն կու տայ, այլ վեց անուններ եւս նշա­­նակե­­լու եւ կազ­­մը ամ­­բողջաց­­նե­­­լու հա­­մար։ Թէ վար­­չութիւննե­­րը եւ թէ ան­­հատնե­­րը իրա­­ւունք ու­­նին շրջա­­բերա­­կանը չե­­ղեալ հա­­մարե­­լու հա­­մար դա­­տարան դի­­մելու»։

Հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թեան մա­­սին նա­­խագիծ մը պատ­­րաստող խումբին մէջ պաշ­­տօն ստանձնած իրա­­ւաբան Ար­­ման Աթը­­նըզ ալ առար­­կութիւններ ու­­նի վեր­­ջին շրջա­­բերա­­կանի նկատ­­մամբ։ «Նա­­խորդ կա­­նոնագ­­րի հի­­ման վրայ կա­­տարուած ընտրու­­թիւննե­­րը ըն­­դունե­­լի էին մեծ բնակ­­չութիւն ու­­նե­­­ցող թա­­ղերու պա­­րագա­­յին։ Իսկ Պէ­­յօղ­­լու, Պա­­լատ կամ Էյիւ­­պի նման բնակ­­չութիւ­­նը նօս­­րա­­­ցած թա­­ղերուն մէջ կա­­նոնա­­գիրը մեծ դժո­­ւարու­­թիւննե­­րու պատ­­ճառ կը դառ­­նար։ Բնակ­­չութե­­նէ զուրկ այդ թա­­ղերուն մէջ ընտրու­­թիւննե­­րը կը կա­­յանա­­յին քա­­նի մը ան­­ձե­­­րու կար­­գադրութեամբ։ Վեր­­ջին կար­­գադրու­­թիւնը շատ ձեռնտու է իրենց աթո­­ռը թո­­ղուլ չու­­զողնե­­րուն հա­­մար»։

Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Կա­­րօ Փայ­­լան շրջա­­բերա­­կանը փո­­խան­­ցեց Խորհրդա­­րանի օրա­­կար­­գին։ Փայ­­լան գո­­յացած անըն­­դունե­­լի իրա­­վիճա­­կը պա­­տաս­­խա­­­նելու պա­­հան­­ջով գրա­­ւոր դի­­մում մը ներ­­կա­­­յացուց Վա­­քըֆ­­նե­­­րու ընդհա­­նուր տնօ­­րէնու­­թեան վրայ պա­­տաս­­խա­­­նատուու­­թիւն ստանձնած Մշա­­կոյ­­թի եւ զբօ­­սաշրջու­­թեան նա­­խարար Մեհ­մետ Նու­րի Էր­սո­յին

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ