Հիմնադրութիւն լեզուամշակութային միութեան

Կրճատուած ձեւով «Մետի-Տէր» միութիւնը իր հիմնադրութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց Մարտինի մէջ։ Միութիւնը հիմնուած է խումբ մը գրողներու եւ մտաւորականներու ջանքերով։ Կը նպատակադրէ Մարտինի եւ շրջակայքի պատմական լեզուներու ուսումնասիրութիւնը։ Նախապէս նման նպատակով Տիարպէքիրի մէջ հիմնուած էր «Քուրտի-Տէր» անուն հասարակական կազմակերպութիւնը։ Այս միութիւնը անցեալին օրէնքի համազօր հրամանագիրերով փակուեցաւ եւ այդ փակումէն ետք ինքնաբերաբար լուծուեցան նաեւ անոր տարբեր քաղաքներու մէջ գործող մասնաճիւղերը։ «Մետի-Տէր» ճիշդ ալ նման հաւանական վտանգ մը կանխելու համար հիմնուած է անջատաբար իրեն կեդրոն ունենալով պատմական Մարտին քաղաքը։

Միութիւնը տարածաշրջանի լեզուներու կարգին յատուկ ուշադրութիւնը կը սեւերէ նաեւ հայերէնի, քանի որ այս լեզուն այլեւս գործածական չէ այդ հողերու վրայ, բայց ունի մեծ աւանդ եւ նշանակութիւն։

Միութեան հիմնադիր անդամներէն Էյիւպ Կիւվեն կ՚ըսէ, թէ չէին կրնար անտեսել հայերէնի խիստ կարեւոր նշանակութիւնը, հետեւաբար միութիւնը յատուկ ուշադրութիւն պիտի սեւերէ հայերէնը ծանօթացնող ուսումնասիրութիւններու նկատմամբ։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ