ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
Մենախօսութեան աշխարհահռչակ աստղ մըն է Վահէ Պէրպէրեան, որ Աւետիքեան բառարանի նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլ այցելեց եւ երկու ելոյթներ ունեցաւ 6 եւ 7 Մարտ թուականներուն։ Այդ ելոյթներու արձանագրած մեծ յաջողութեան եւ հետաքրքրութեան վրայ ծրագրուեցաւ յաւելեալ երրորդ ներկայացում մը, որ ապա ջնջուեցաւ Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման տխուր պատճառով։ Մինչ այդ հաճելի հանդիպում մը ունեցանք արժէքաւոր արուեստագէտի հետ եւ իրար հետ զրուցեցինք, թէ իր կենսագրական գիծերուն եւ թէ արուեստի ըմբռնումներուն մասին։
Ինչքա՞ն դժուար կը գտնենք հայախօս անձինք։ Հայերէն խօսող եւ կատակերգութիւն ընող արուեստագէտները ինչքան քիչ են։ Հումորը սրամտութիւն կ՚ուզէ։ Բարձր մակարդակի անսահման մտածելակերպ։ Լայնախոհութիւն չունեցող մարդիկ բառերով քարկոծեցինք զինք։ Յանուն ինչի՞, քանի մը մարդկանց լաւ տեսնուելու համար… Թողէք մարդկանց հաւատքը, հարց տուէք՝ ձեզմէ ո՞վ առաջին քարը կրնայ նետել…
Ձեր երկրորդ այցելութիւնն է դէպի Պոլիս։ Առաջին այցելութիւնը Գընալը կղզի եղած էր։ Այն ժամանակ միայն ծանօթացած էիք Գընալը կղզիի հայ համայնքին հետ։ Իսկ հիմա ծանօթացաք համայնքի աւելի լայն շրջանակին հետ։ Ի՞նչ նոր տպաւորութիւններ ունեցաք, այս երկրորդ հանդիպումով։
Այս անգամ քիչ մը տարբեր է, նախ որովհետեւ ես տարիներու ընթացքին աւելի լաւ սկսայ ճանչնալ պոլսահայ գաղութը։ Ուղղակիօրէն հոստեղի հետ կապուած, որովհետեւ աշխարհի ամէն տեղ կը դառնամ եւ ամէն տեղ պոլսահայ մանրագաղութներ կան եւ հիմա անոր համար աւելի շատ հարազատ կը զգամ այստեղ։ Տարիներու ընթացքին պոլսահայութիւնն ալ ինթերնեթի միջոցաւ իմ գործերուս ծանօթացած է։ Մեր միջեւ լաւ յարաբերութիւն մը սկսած է եւ շատ աւելի հանգիստ կը զգամ հոս։
Մեր գաղութի մեծամասնութիւնը դժբախտաբար հայախօս չէ։ Ձեզի համար դժուարութի՞ւն մըն էր այս, թէ ո՛չ։
Չէ՛ բնաւ։ Որովհետեւ հայախօսներն էին, որ եկան։ Բայց անդրադարձայ որ կարգ մը փսփսուքներ կային, որ որոշ բացատրութիւններէ ետք կը խնդային։ Այսինքն քովինները անոնց կը բացատրէին անոնք յետոյ կը խնդային։
Մենք տեսանք թէ հայերէն քիչ իմացող մարդիկ անգամ ձեզ տեսնելու համար եկած էին։ Սա այլ երկիրներու մէջ ալ ձեզի կ՚ըլլա՞յ։ Սովոր է՞ք այս պատկերին։
Ոչ այս աստիճան։ Այսինքն ամերիկացի ընկերներ եւ ծանօթներ ունիմ, որ եկած ինծի դիտած են, Ֆրանսա ալ նոյնպէս եղած է, բայց ոչ այս աստիճան։ Ահագին ոչ հայեր ինծի գրած եւ ծանօթանալ ուզած են, տեսնել ուզած են, անոնք հոն ալ եկած էին։ Այս բոլորովին նորութիւն է ինծի համար։
Ժողովուրդին մէկ մասը կրօնական թեմայով հումորները նիւթ ունենալով համացանցի միջոցաւ կամ գրաւոր եւ բանաւոր ձեւով յարձակեցան ձեր վրայ։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։
Հումորը փորձաքար է։ Եթէ քու հաւատքդ իմ հումորիս չի հանդուրժէր, դուն քու հաւատքդ տեսութեան պէտք է ենթարկես։ Կը նշանակէ որ քու հաւատքդ այնքան ալ զօրաւոր չէ, որ իմ հումորիս դիմանայ։ Ասի շատ կարեւոր բան մըն է։ Հումորը այնպէս բան մըն է, որ բացարձակապէս սրբութիւն չի ճանչնար։ Որովհետեւ հումորի նպատակը բաներ խոշորացոյցի տակ առնել է։ Գիտես ինչպէ՞ս։ Այնպէս որ, ինծի համար լուրջի չեմ առներ այն բաները որ մարդիկ կ՚ըսեն. «Ինչո՞ւ Աստուծոյ դէմ կը մեղանչես» եւ այլն։ Անոնց պատասխան ըլլալով կ՚ըսեմ «Աստուած անսահման հումոր ունի։ Ունենալու է։ Չէ որ իր կերպարով ստեղծեց մարդը։ Կերպարը անպայման միայն երեսը, արտաքին տեսքը չէ, այլ նկարագիրն ալ։ Ի վերջոյ իմ հումորս ուրկէ՞ կու գայ»։ Ես կը ցաւիմ անոնց, որ այս տեսակ բաներ հարցի տակ կ՚առնեն։ Սա կը նշանակէ, որ իրենց հաւատքը զօրաւոր չէ։ Ուրիշ բան մըն ալ կայ, եթէ ես Աստուծոյ դէմ կը մեղանչեմ, իմ հարցս Աստուծոյ հետ է, դուն մէջը մի խառնուիր։ Քեզի ո՞վ մեր միջեւ միջնորդ նշանակեց որ։
Օր մը սրբազան մը իմ բեմադրութեանս եկած եւ ինծի բուռն կերպով ծափահարած էր։ Կիրակի օրը համայնքէն անձ մը «սրբազան դուք հոն անոր կրօնական թեմայով կատակներուն խնդացիք» ըսեր է։ Սրբազանը. «Ա՜յ մարդ քեզի ի՞նչ, ան եկեղեցւոյ մէջ իմ գործին կը խառնուի՞, դուն անոր գործին ինչո՞ւ կը խառնուիս» կը պատասխանէ։
Ձեր մասին շատ հետաքրքիր նկատողութիւններ կան, կ՚ըսեն որ դուք կիները աւելի բարձր կը գնահատէ՞ք, քան թէ տղամարդիկ։ Անդրադառնալ կ՚ուզեմ, որովհետեւ կան մարդիկ, որ կին թեմայով հումորներու մէջ ասանկ կը զգան։
Ես համոզուած եմ որ կիները իսկապէս շատ աւելի զօրաւոր են։ Համոզուած եմ նաեւ որ, իբրեւ մարդ արարած երկուքն ալ հաւասար են։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ տարբերութիւններ չի կան։ Դժբախտաբար ժամանակները այնպէս բերած են, որ մարդիկ տարբերութիւնները եւ հաւասարութիւնը իրար կը խառնեն։ Տարբերութիւն կայ, որ ըսես, կը կարծեն, թէ հաւասար չեն։ Մինչդեռ լեռ ու ձոր տարբերութիւն կայ կիներու եւ տղամարդկանց միջեւ։
Ամենէն հիմնական պարզ օրինակը կիները փոքրակազմ կ՚ըլլան, տղամարդիկ ոչ։ Կինը մայր կը դառնայ, ասիկա պարզ եւ պահի յատուկ արարք մը չէ, ծննդաբերութիւնով չի վերջանար։ Ամբողջ բան մը կայ, հոգեբանական բան մը կայ հոս։ Արդէն կամաց կամաց բնածին պահանջքը մայր դառնալու, ծննդաբերելու, ձագը մեծցնելու, ատիկա արուեստ մըն է։ Ծննդաբերութիւնը ստեղծագործական արարք մըն է, որ չի վերջանար մէկ օրուայ մէջ։ Պզտիկ մեծցնելը մնայուն կերպով արուեստի գործի մը վրայ աշխատիլ է։ Յետոյ հազար ու մէկ ուրիշ բնական, հոգեբանական տարբերութիւններ կան իրար միջեւ։ Կիներու համար դաշտանը կիներու հոգեբանական ազդեցութիւն ունի։ Տղամարդիկ աւելի հակամէտ են վայրագութեան, բրտութեան թեմաներով, բարեբախտաբար կիները ոչ։ Կրնայ պատահի՞լ որ աս հաւասարութիւն բանով կիներն ալ ըսեն, որ «մենք ալ ձեզի պէս ռեզիլ ըլլանք, պարզապէս հաւասար ըլլալու համար»։ Բաներ կան, որ ինծի համար տարօրինակ է։ Հիմա կինը «բանակի մէջ պիտի կռուիմ» կ՚ըսէ ինծի համար անհասկնալի է։ Տղամարդիկ էշ են բանակին մէջ կը կռուին, դո՞ւն ալ կ՚ուզես նոյն էշութիւնը ընել։
Նախքան Ամերիկա հաստատուիլը, ո՞ւր մեծցաք, ո՞ր երկրի քաղաքացի եղած էք։ Ձեր նախնիները ո՞ր երկրէն են։
Իմ մամայիս մայրը եւ հայրը Արաբկիր եւ Խարբերդի շրջաններէն են։ Հօրս հայրը ակնցի է, իսկ մայրը մալաթիացի։ Մեծ հայրս Յարութիւն Պէրպէրեան Ակնի Ծակ գիւղը ծնած է եւ նոյն գիւղի մէջ ուսուցիչ եղած է տարներով։ Կ՚ըսեն թէ Ծակ գիւղը Մալաթիայէն շատ հեռու չէր։ Հայրս Ռաֆֆի Պէրպէրեան ջարդի ժամանակ մէկ տարեկան եղած է։ Մեծ հայրս Յարութիւն Պէրպէրեանին զինուորութեան տարած են եւ չէ վերադարձած։ Իր եղբայրները կացինահարուած են եւ մնացածները տարագրութեան ելած են բոլոր ընտանիքով։ Ափսոս իր ընտանիքէն միայն հայրս եւ իր մայրը Մարիամին ազատած են։ Մեծ մայրս եւ հայրս թուրք մը ազատած է եւ գաղտնի իր տունը պահած։ Մեծ մայրս, երբ որ լսած է զինադադարի մասին, որոշած է ծնողքը եւ աղջիկները գտնելու յոյսով Մալաթիա Ծակ գիւղը վերադառնալ։ Մեծ մայրս մինչեւ մահը համոզուած էր թէ իր երկու աղջիկները այնքան գեղեցիկ էին, որ (որոնցմէ մէկը եօթը տարեկան էր, միւսը ինը տարեկան) մարդ չէր կրնար սպաննել իրենց։ Անպայման մէկը տարած ըլլալու է զիրենք։ Մեծ մայրս եւ հայրս վեց տարի Մալաթիոյ Ծակ գիւղը աւերակներու մէջ, ամայութեան մէջ թափառելէ ետք ձեւով մը Հալէպ հասած են։ Հայրս ապա գաղթած է Լիբանան, հոն մօրս հետ ծանօթացած եւ ամուսնացած է։ Մայրս Գեղանուշ Աւագեան Պէրպէրեան Լիբանանի ծնունդ է։
Այսինքն ձեր նախնիները Արեւմտահայաստանէն են։ Ձեր ընտանիքը թրքախօս էի՞ն։
Չէ։ Թրքախօս չէին, բայց տան մէջ հօրս մայրը, որ ակնցի էր, ինձմէ գաղտնի թրքերէն կը խօսէր, որպէսզի ես չհասկնամ։ Ականջս վարժուեցաւ։ Հիմա հոս արդէն տասը օրուան մէջ ամէն ինչ կը հասկնամ։ Եւ ասոր համար շատ ուրախ եմ։ Եթէ քիչ մըն ալ մնամ…
Դուք Լիբանանի մէջ մեծցած էք։ Ե՞րբ Լիբանանէն գաղթեցիք Ամերիկա։
Այո, ես Լիբանանի մէջ մեծցած եմ։ Առաջին անգամ Լիբանանը 17 տարեկանիս լքեցի։ 1976-ին ես Լիբանանէն Գալիֆորնիա գաղթեցի։ Հոն համալսարանի լրագրութեան բաժինը ուսանեցայ։ Տասնըերկու տարի ետք քոյրերս եկան, անկէ քանի մը տարի վերջն ալ մայրս եւ հայրս։
Ձեր թողած Լիբանանի եւ հիմակուայ Լիբանանի միջեւ ի՞նչ տարբերութիւններ կան։
Դուն հիմա 44 տարեկան ես։ Երեւակայէ որ դուն հոս Պոլիս 60 տարեկան ըլլաս եւ ճամբաները պտըտիս ու սկսիս մտածել, թէ այս թաղերը ամէնը հայ լեցուն էին եւ հիմա հայ չկայ։ Վստահ եմ կարգ մը տեղեր հոս ալ կը զգաս այս զգացումը։ Ես նոյնը կը զգամ Լիբանան շրջած ժամանակ։ Լիբանան այն տեղերը, որ մենք մեծցանք այդ տեղերը բոլորը հայ էին, հիմա մէկ հայ չես գտներ։ Լիբանանի մէջ դեռ կայ գաղութ մը անշուշտ, տակաւին զօրաւոր է, կենսունակ է, բայց այն թաղերը ուր ես մեծցած եմ ան թաղերը չի կան այլեւս։ Ահագին մարդ գաղթած է։ Մօտ հարիւր հազար հոգի գաղթած է։
Դուք իբրեւ լրագրող աշխատեցա՞ք։
Այո, մօտ տասը տարի լրագրող ըլլալով Լոս Անճէլըսի «Ասպարէզ» թերթին մէջ աշխատեցայ։ Բայց 90-ական թուականներու սկիզբը կանգ առաւ լրագրողութիւնը։
Իսկ գծելու ե՞րբ սկսաք։
Գծելը ամբողջ կեանքս է։ Իսկութեան մէջ երկուքն ալ, գծելը եւ գրելը։ Շատ վաղ մանկութենէս։ Երկու տարեկանէն, երբ ոչ գրել գիտէի, ոչ խօսել բայց կը գծէի։ Մայրս այդ օրերու տետրակներս պահած է։
Ձեր նկարներուն ուղիղ նայելով չեմ հասկնար, նախ պէտք է մէջը մտնամ, ապա ձեր աշխարհը գտնեմ։
Ճիշդ։ Նկարներս բացատրելու պէտք չունին։ Երբ կը գծեմ, կը ներկեմ միտքս բնաւ բան մը չըլլար։ Արուեստի եւ գծագրութեան մէջ տարբերութիւնը այն է, որ մէկը միտքիդ բան մը կու գայ կը գծես։ Ասիկա իմ ոճիս հակառակ է, ես ինչ որ կը զգամ այն վայրկեանին ատիկա կը գծեմ։ Ձեռքս ինչ կ՚ընէ, կը փորձեմ ձեռքիս վրայ քոնթրոլ չունենալ։ Զուտ ենթագիտակցական բան մը ըլլայ ինծի համար։ Չեմ կրնար պաստառի մը առջեւ անցնիմ եւ հիմա մարդ մը գծեմ, քովն ալ ասանկ բան մը գծեմ ըսելով ծրագրել, բնաւ… ։Եթէ անանկ բան մը մտածեմ առաջ պէտք է մտքէս հեռացնեմ այդ խորհուրդը, աւրեմ այդ ծրագիրը եւ ապա նստիմ։ Այդ պատճառաւ նկարելու պահուն շատ կը խմեմ, երբեմն կը ծխեմ ալ։
Պանքը, կամ որեւէ պաշտօնի վրայ աշխատողը առտու կանուխ պիտի արթննայ, խելքը գլուխը պիտի հաւաքէ եւ ապա պիտի մտնէ աշխատանոց։ Իսկ ես արուեստանոց մտնելէ առաջ ուղեղիս մէջ ամէն ինչ պիտի խանգարեմ, որպէսզի բոլորովին տարբեր բան մը դուրս գայ։
Պոլիս ցուցահանդէս մը բանալ կը մտածէք։
Այո, շատ կը մտածեմ։
Կատակերգութեան թեման ընդհանրապէս մարդ արարածն է։ Պոլիսէն ձեզի շատ թեմայ ելա՞ւ։
Իրաւ չեմ գիտեր։ Քիչ մը մտածեմ, բայց վստահ բաներ կան։