Կեանքս վերաիմաստաւորեցիր

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com 

Բոլոր բարի յիշա­տակ­­նե­­­րուս մէջ տեղ ու­­նիս։ Մենք որ սի­­րելի­­ներու ան­­շունչ մարմնին դի­­մաց բո­­ցավա­­ռուած կ՚այ­­րինք, մա­­հը որ­­քան ցուրտ է, որ­­քան ան­­գութ։ Մինչդեռ խոս­­տա­­­ցած էի ար­­ցունքներս զսպե­­լու։ Ծանր էր անցնող եր­­կար շրջա­­նը։ «Թող դադ­­րի, եթէ փրկու­­թիւն չի կայ ին­­չո՞ւ այսքան տա­­ռապանք» մտա­­ծած էի։ Մա­­թէոսի աւե­­տարա­­նին մէջ նշո­­ւած է «Եթէ մա­­նանե­­խի հա­­տի չափ հա­­ւատք ու­­նե­­­նաք, այս լե­­րան ըսէք, «Աս­­կէ ան­­դին փո­­խադ­­րո­­­ւէ», պի­­տի փո­­խադ­­րո­­­ւի ու բան մը անհնա­­րին պի­­տի չըլ­­լայ ձե­­զի»։ Սրտանց հա­­ւատա­­ցած էի այդ պատ­­գա­­­մին։ Հի­­մա ես ին­­ծի կը հարցնեմ, ո՞ւր են այդ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րը։ Օր ու գի­­շեր չա­­ղօթե­­ցինք իրեն հա­­մար։ Ամիս­­նե­­­րով, տա­­րինե­­րով պաս չպա­­հեցինք։ Հա­­զարա­­ւոր­­նե­­­րով չլե­­ցու­­ցինք եկե­­ղեցին, ու­­րեմն մա­­նանե­­խի հա­­մազօր հա­­ւատ­­քը բա­­ցակայ է մեզ­­մէ։

Մա՜հ որ­­քան ան­­գութ կը թո­­ւիս։

Ու­­թը տա­­րեկան էի, երբ ուրբաթ օրեր դպրո­­ցէն ար­­ձա­­­կուե­­լով կը փու­­թա­­­յի Պա­­քըր­­գիւղի եկե­­ղեցի, Մես­­րոպ Վար­­դա­­­պետի դա­­սըն­­թացքնե­­րուն հե­­տեւե­­լու հա­­մար։ Կը դժո­­ւարա­­նայի հար­­ցումնե­­րուն ճիշդ պա­­տաս­­խան տա­­լու։ Մրցա­­նակ­­նե­­­րը ու­­րիշնե­­րուն կը վի­­ճակէր։ Բայց ի՛նչ հոգ, գի­­տէի որ դա­­սապահի աւար­­տին բաժ­­նո­­­ւած կոֆ­­րե­­­թը բո­­լորիս կը բա­­ւէր։ Այդ օրե­­րէն զար­­մա­­­նալի բան, մէյ­­մը այդ կոֆ­­րեթնե­­րը կը յի­­շեմ, մէյ­­մը ձեռ­­քե­­­րը ծափ տա­­լով պա­­հած երաժշտու­­թեան կշռոյ­­թը եւ մէյ­­մըն ալ «Լուռ գի­­շեր, Սուրբ գի­­շեր» շա­­րակա­­նը։ Այդ շա­­րակա­­նը մին­­չեւ օրս ամէն Սուրբ Ծնունդի օր կ՚եր­­գեմ զա­­ւակ­­նե­­­րուս հա­­մար։ Ձեռ­­քերս ծափ տա­­լով կը կրկնեմ իր ազ­­դա­­­րարու­­թիւնը. «Մի՛ դան­­դա­­­ղիք, մի՛ եր­­կա­­­րէք, աշ­­խոյժ, աւ­­ելի աշ­­խոյժ»։

Մարդ միշտ չէ որ երկրորդ բախտ մը կ՚ու­­նե­­­նայ։ Երա­­նինե­­րով լե­­ցուն իմ կեան­­քիս մէջ երազ­­ներ իրա­­կանաց­­նողն է Մես­­րոպ Սրբա­­զանը։ Ծոյլ էի պար­­զա­­­պէս։ երեք տա­­րուայ միջ­­նա­­­կար­­գը հա­­զիւ հինգ տա­­րիէն աւար­­տե­­­ցի։ Երբ լի­­սէի մէջ ալ դա­­սարանս կրկնե­­ցի հայրս թե­­լադ­­րեց դպրո­­ցէն ել­­լել։ Դուրսէն աւար­­տե­­­ցի երկրոր­­դա­­­կան դպրո­­ցը։ Քա­­նի մը դա­­սըն­­թացքնե­­րու հե­­տեւե­­ցայ, վկա­­յական­­ներ առի եւ լաւ աշ­­խա­­­տանք մը ճա­­րեցի։ Շա­­րու­­նա­­­կեցի Մես­­րոպ Սրբա­­զանի դա­­սըն­­թացքնե­­րուն։ Միշտ երի­­տասարդնե­­րուն տա­­լիք խրատ­­ներ ու­­նէր։ Երբ երի­­տասար­­դի մը հետ հան­­դի­­­պելու առի­­թը գտնէր իր սրամ­­տութեամբ, ան­­հուն գի­­տելիք­­նե­­­րով կը գրա­­ւէր զայն, կը պար­­տադրէր իր հե­­ղինա­­կու­­թիւնը։ Այդ հանգրո­­ւանէն ետք են­­թարկո­­ւած ես ար­­դէն։ Կը սի­­րես «Պատ­­րիար­­քը զիս կան­­չեց», «Պատ­­րիար­­քին հետ դաս պի­­տի ընենք» բա­­ցատ­­րութիւննե­­րով ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւիլը։

Կը մէկ­­տե­­­ղուէինք Պատ­­րիար­­քա­­­րանի պատշգա­­մին։ Մայ­­րա­­­մու­­տին փոք­­րիկ Խո­­հանո­­ցի մէջ թէյ սար­­քող երի­­տասարդնե­­րու քրքջան­­քը լսե­­լով կ՚ու­­րա­­­խանար։ Ապա կ՚ել­­լէր սե­­նեակէն, սե­­ղանի ծայ­­րը կը բազ­­մէր, կը սկսէր զրու­­ցել մեզ հետ։ Յու­­լի­­­սեան երե­­կոյ մըն էր, երբ ին­­ծի եւ նշա­­նածիս դառ­­նա­­­լով հար­­ցուց. «Կ՚ու­­զէ՞ք որ ձեր ու­­սումը դա­­սաւո­­րեմ»։ Ինչ լաւ առա­­ջարկ, բայց ինչպէ՞ս։ «Նախ պսա­­կեմ ձեզ եւ ապա 1 Սեպ­­տեմբե­­րին Երե­­ւանի պե­­տական Հա­­մալ­­սա­­­րանի նա­­խապատ­­րաստա­­կան դա­­սարա­­նը ուսման սկսէք։ Եթէ յա­­ջողիք վե­­րադար­­ձին ամու­­սինդ քա­­հանայ կը ձեռ­­նադրեմ»։ Խեն­­դութիւն էր։ Դրինք վեր­­ցուցինք եւ մին­­չեւ որ մեր մտադ­­րութիւ­­նը պար­­զե­­­ցինք ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րուս, ար­­դէն հա­­սած էր ամ­­սո­­­ւայ վեր­­ջը։ 22 Օգոս­­տո­­­սին պսա­­կեց մեզ։ Ապա հինգ տա­­րի հո­­գաց մեր ուսման վարձքը։ Մենք աշ­­խա­­­տեցանք ու ան միշտ մեր կող­­քին եղաւ։ Միշտ տո­­ւաւ։ Յա­­տուկ դա­­սաւան­­դութիւններ, ամառ­­նա­­­յին դա­­սըն­­թացքներ…, Իր մօտ ըլ­­լանք ըսե­­լով Գնա­­լը կղզիի մէջ սե­­նեակ մը… Տո­ւաւ անընդհատ, տո­­ւաւ սի­­րով, տո­ւաւ ան­­փո­­­խադարձ։

2000 տա­­րեթիւն էր, խմբո­­վին Եփե­­սոս այ­­ցե­­­լեցինք։ Առա­­ջին օրը անզգոյշ գտնո­­ւեցայ եւ արե­­ւահար եղայ։ Յա­­ջորդ օր ար­­դէն հի­­ւանդ էի։ Ծնո­­ղի մը նման հո­­գատար էր։ Հան­­րա­­­շար­­ժի ետե­­ւի կար­­գը յա­­տուկ տեղ պատ­­րաստել տո­­ւաւ, որ­­պէսզի հան­­գիստ ճամ­­բորդեմ։

Ոչ միայն մա­­հը, կեան­­քը ինք ան­­գութ է։

Գնա­­լը կղզի մնա­­ցած օրե­­րուս մեզ ընթրի­­քի կը հրա­­ւիրէիր։ Պար­­տէ­­­զը ճա­­շելու պա­­հուն, թէ հա­­մով ճաշ եփե­­լու գաղտնիք­­նե­­­րը կը բա­­ցայայ­­տէիր եւ թէ ամուսնու­­թեան դաս կու տա­­յիր։ Կը գուրգու­­րա­­­յիր մրջիւ­­նի մը նկատ­­մամբ իսկ։ Չէիր հան­­դուրժէր ծու­­լութեան։ Յա­­ջողու­­թիւնը յա­­մառ աշ­­խա­­­տանք կը պա­­հան­­ջէ։ Բայց դուն կը հիանա­­յիր միտ­­քի պայ­­ծա­­­ռու­­թեան, իսկ ես ալ կը հիանա­­յի քու ան­­հուն գի­­տելիք­­նե­­­րու պա­­շարին եւ մարդս մտա­­ծելու մղող հար­­ցումնե­­րուդ։

Ես որ փոր­­ձութիւ­­նով գի­­տեմ քու խիղ­­ճի մե­­ծու­­թիւնը, քու սի­­րելու կա­­րողու­­թեան ան­­ծայրա­­ծիր ըլ­­լա­­­լու իրո­­ղու­­թիւնը, ինչպէ՞ս կրնամ հա­­մակեր­­պիլ բա­­ցակա­­յու­­թեանդ։

Ամու­­սինս քա­­հանայ ձեռ­­նադրո­­ւած ժա­­մանակ անոր ու­­սուցիչն էիր, հե­­նարա­­նը։ Բո­­լոր բա­­րի յի­­շատակ­­նե­­­րուս մէջ դուն կաս։

Մեծ է վիշտս, մեծ է կսկիծս, սուգս խո­­րունկ։ Այնպէս կը թո­­ւայ թէ քե­­զի հա­­մար ող­­բա­­­լը եսա­­սիրու­­թիւն է, չի ող­­բա­­­լը ապե­­րախտութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ