ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՔԱՌԵԱԿ

Իմաստութեան չորս տողերը

Շաբաթ մը առաջ էր։ Մեր աշա­­կերտնե­­րը վա­­զելով ելած էին Երե­­ւանի Կաս­­կադ հա­­մալի­­րի 572 աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը։ Ամէ­­նամեայ մրցում մըն էր ան, որուն մէջ առաջ­­նութեան հաս­­նե­­­լու հա­­մար սրըն­­թաց պէտք էր ըլ­­լալ։ Իսկ այ­­սօր տար­­բեր տրա­­մադ­­րութիւն է. բո­­լորս կանգնած ենք Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի թան­­գա­­­րանի 54 աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու առ­­ջեւ։ Պի­­տի բարձրա­­նանք դան­­դա­­­ղելով, խո­­հուն, աս­­տի­­­ճան առ աս­­տի­­­ճան։ Աւե­­լին, աշա­­կերտնե­­րու քա­­ռեակ մը պատ­­րաստ է փոք­­րիկ շար­­ժանկար մը ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լու, որուն մէջ պի­­տի բա­­ցայայ­­տեն 54 թի­­ւի խոր­­հուրդը ու պի­­տի ար­­տա­­­սանեն ամե­­նայն հա­­յոց բա­­նաս­­տեղծէ չորս քա­­ռեակ։

- Յար­­գե­­­լի դի­­տող­­ներ, Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի թան­­գա­­­րանի 54 աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը անոր երկրա­­յին կեան­­քի տա­­րինե­­րը կը խորհրդան­­շեն...,- Նա­­յիրին է խօ­­սողը, պատ­­կե­­­րահա­­նի նշա­­նով սկսած է իր բա­­ժինը կա­­տարել,- Կը գտնո­­ւիմ թան­­գա­­­րանի առա­­ջին աս­­տի­­­ճանի վրայ։ 1869 թո­­ւականն է։ Ծնաւ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը։

Թող անոնք շա­­րու­­նա­­­կեն իւ­­րա­­­քան­­չիւրին իմաս­­տը ըմբռնե­­լով աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րը բարձրա­­նալ, իսկ մենք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, սու­­զո­­­ւինք «քա­­ռեակ» բա­­ռի ար­­մա­­­տին եւ ըն­­տա­­­նեկան կա­­պերուն։

Հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան, մաս­­նա­­­ւորա­­պէս Թու­­մա­­­նեանի քեր­­թո­­­ղու­­թեան մէջ իւ­­րա­­­յատուկ տեղ ու­­նի քա­­ռեակը։ Հայ­­կա­­­կան քա­­ռեակի չա­­փը 15 է եղած՝ իւ­­րա­­­քան­­չիւր բա­­նատո­­ղի վրայ 8 եւ 7 վան­­կի սկզբունքով։ Ու­­նե­­­ցեր է երեք տե­­սակ յան­­գա­­­ւորում- զու­­գա­­­յին, խա­­չային եւ շրջա­­նային, այ­­սինքն՝ «ա-ա-բ-բ», «ա-բ-ա-բ» եւ «ա-բ-բ-ա»։ Նա­­յիրին այժմ բարձրա­­ցած է 12-րդ աս­­տի­­­ճան. «1881 թո­­ւականն է։ Պա­­տանի Թու­­մա­­­նեանը կը գրէ իր առա­­ջին բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը»։

«Քա­­ռեակ» բա­­ռի ար­­մատն է «քառ» հա­­մեստ միավան­­կը։ Ան կա­­րելի է նմանցնել փոք­­րա­­­կազմ մօր մը, որ ծնունդ է տո­­ւեր չորս ան­­գամ չորս տաս­­նեակ զա­­ւակի։ Այս ար­­մա­­­տով ծնունդ առեր պատ­­կե­­­րալից 160 բա­­ռեր։ Բուն հայ­­կա­­­կան է, բայց, միեւ­­նոյն ժա­­մանակ, ազ­­գա­­­կանա­­կան կա­­պերու մի­­ջազ­­գա­­­յին շռայլ ցանց մը ու­­նի։ Երբ ամ­­բողջ գեր­­դաստա­­նով նստի սե­­ղան, մէկ ծայ­­րը լա­­տինա­­ծին զար­­միկն է՝ quarto, իսկ միւս սե­­ղանա­­կից­­ներն են յոյ­­նը, պար­­սի­­­կը, թրա­­կացին, ալ­­պա­­­նը, լի­­թուա­­նացին, լա­­տուիացին, սլա­­ւը եւ բազ­­մա­­­թիւ ու­­րիշներ։ Այդ սե­­ղանի վրայ կը հնչէ՝ quarto, katër, quatre, ketur, četri, catur, çar, cuatri, ketri, téssares եւ tétores։

Շո­­ղիկը ու­­րախ է, որ մեզ­­մէ շա­­բաթ մը աւե­­լի պի­­տի մնայ հայ­­րե­­­նիքի մէջ ու Ար­­ցախ ճամ­­բորդե­­լով իր մեծ­­մօ­­­րը պի­­տի տես­­նէ։ Այս աղջնա­­կը փա­­փաքած է 21-րդ աս­­տի­­­ճանի վրայ ըլ­­լալ.

- Այժմ ես գտնւում եմ 21-րդ աս­­տի­­­ճանի վրայ։ Յար­­գե­­­լի դի­­տող­­ներ, 1890 թո­­ւականն է։ Թու­­մա­­­նեանը գրեց «Անուշ» քնա­­րական սի­­րավէ­­պը՝ իր գլուխ գոր­­ծոցնե­­րից եւ իմ ամե­­նասի­­րած­­նե­­­րից մէ­­կը։

«Քառ» ար­­մա­­­տով նախ յի­­շենք «քա­­ռաբաժ» ածա­­կանը։ Այդ բա­­ռով է, որ հո­­գեւոր գրա­­կանու­­թիւնը նկա­­րագ­­րեր է դրախ­­տի գե­­տը։ Ու­­նինք նաեւ «քա­­ռագիր» կո­­չու­­մը, որ­­մով յայտնի էր Աս­­տուծոյ անու­­նը։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող­­ներ, դուք տե­­սա՞ծ էք Արե­­նի գիւ­­ղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին եկե­­ղեց­­ւոյ գմբէ­­թի չորս առա­­գաստնե­­րու քան­­դակնե­­րը։ «Քա­­ռակերպ» են անոնք, այ­­սինքն չորս աւե­­տարա­­նիչ­­նե­­­րու չորս խորհրդա­­պատ­­կերնե­­րը- Մատ­­թէոսը թե­­ւաւոր մարդ է, Մար­­կո­­­սը՝ առիւծ, Ղու­­կա­­­սը՝ եզ եւ Յով­­հաննէ­­սը՝ ար­­ծիւ։ Առա­­ւելա­­բար, «քա­­ռագ­­լուխ» էր չորս աւե­­տարա­­նը եւ «քա­­ռադէմ» էր այն կառ­­քը, զոր քե­­րով­­բէ­­­ները կը քա­­շէին, Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լիի փո­­խան­­ցումով՝ «Կառք քա­­ռադէմ քե­­րով­­բէիւք բե­­րեալ»։ Իսկ «քա­­ռաթեւ»ը, որ ըստ իմաս­­տա­­­սէր Դա­­ւիթ Ան­­յաղթի՝ խաչն էր ու կը կար­­ծէինք թէ հանգչած մնա­­ցեր էր միջ­­նա­­­դարեան հո­­գեւոր մա­­տենագ­­րութեան մէջ, այս օրե­­րուն վե­­րակեն­­դա­­­նացաւ ու ստա­­ցաւ ռազ­­մա­­­կան շունչ։ Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­րա­­­յին հե­­ռատե­­սիլը ու­­նի վա­­ւերագ­­րա­­­կան նոր շար­­ժանկար, որ կը կո­­չուի «Քա­­ռաթեւ յաղ­­թա­­­նակ»՝ Շու­­շին չորս ուղղու­­թիւննե­­րով ազա­­տագ­­րե­­­լու հե­­րոսա­­կան պատ­­մութիւ­­նը։ (Մտքե­­րուն մէջ կը յայտնո­­ւի նաեւ չա­­րաշունչ յի­­շատակ մը՝ «քա­­ռօրեայ պա­­տերազմ»)։ Երբ «քառ» բա­­ռը հա­­յոց լե­­զուի մէջ գտաւ իր ըն­­թացքը, հայ մտքի հա­­մար դժո­­ւար չէր քա­­ռան­­դամ ամէն իրո­­ղու­­թիւն ար­­տա­­­յայ­­տել անոր հետ։ Ուստի, ու­­նե­­­ցանք հա­­յոց ոս­­տաննե­­րու մէջ քա­­ռաբու­­րեան պար­­տէզներ, ար­­քունի քա­­ռաջահ դահ­­լիճներ, գոր­­գեր զար­­դա­­­րող քա­­ռաթերթ վար­­դակներ, հայ­­րե­­­նի դաշ­­տե­­­րու մէջ հա­­սակ նե­­տած քա­­ռահասկ ցօ­­րէն­­ներ, ցօ­­րէն­­նե­­­րու ոս­­կե­­­փայլ բուրգե­­րը տա­­նող քա­­ռաշար եզ­­ներ, քա­­ռոտա­­նի հա­­ւատա­­րիմ ըն­­կերներ (հայ­­կա­­­կան լեռ­­նաշխար­­հի գամբռ շու­­նը նկա­­տի ու­­նինք), գե­­ղատե­­սիլ քա­­ռակա­­մար կա­­մուրջներ՝ ինչպէս Երե­­ւանի բեր­­դի կա­­մուրջը, քա­­ռահա­­տոր եւ քա­­ռալե­­զու բա­­ռարան­­ներ, քա­­ռաժամ ճա­­ռեր, քա­­ռակողմ գա­­գաթ­­նա­­­ժողով­­ներ, եւ Կո­­միտա­­սեան քա­­ռաձայն պա­­տարագ։ Ամու­­րը 30-րդ աս­­տի­­­ճանի վրայ է. «Բա­­րեւ։ 1899 թո­­ւականն է, Թու­­մա­­­նեանը Թիֆ­­լի­­­սի մէջ ստեղ­­ծեց «Վեր­­նա­­­տուն» գրա­­կան խմբա­­կը»։

10-րդ դա­­րուն Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին նոր թե­­ւեր տո­­ւաւ «քառ» ար­­մա­­­տին, ստեղ­­ծե­­­լով իր­­ւա­­­յատուկ պատ­­կերներ, ինչպէս՝ «քա­­ռաթեւ նշոյլ» եւ «քա­­ռադի­­մակ պատ­­կեր»։ Ուե­­ցեր ենք նաեւ սրտաճմլիկ ածա­­կան մը՝ «քա­­ռաշունչ», որ պոլ­­սա­­­հայ ու­­սուցիչ եւ բա­­նաս­­տեղծ Յով­­հաննէս Սե­­թեանը 1885 թո­­ւակա­­նին գոր­­ծա­­­ծեր է «Մա­­սիս» շա­­բաթա­­թեր­­թի մէջ լոյս ըն­­ծա­­­յած բա­­նաս­­տեղծու­­թեան մը մէջ։ Հոն մշե­­ցի հա­­յու­­հին կը փա­­փաքի «քա­­ռաշունչ թե­­ւեր» ու­­նե­­­նալ, որ­­պէսզի շտապ օգ­­նութեան հաս­­նի իր պան­­դուխտ հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուն. «Ո՞ւր են նո­­քա, ո՞տայր ինձ թեւ լայ­­նասփիւռ եւ քա­­ռաշունչ… Եւ որ­­պէս մայր որ պաշտպան է զա­­ւակին, լայ­­նա­­­ծաւալ իմ թե­­ւերով խնա­­մէի», մինչ պոլ­­սա­­­հայ ժա­­մանա­­կակից բա­­նաս­­տեղծ Իգ­­նա Սա­­րըաս­­լա­­­նը որո­­շեց իր նո­­րագոյն ժո­­ղովա­­ծուն անո­­ւանել՝ «Քա­­ռասմբակ սէ­­րերով»։ Կ՚ու­­զէինք նաեւ գիտ­­նալ, թէ ո՛վ էր այդ գե­­ղեց­­կուհին, որ ու­­նե­­­ցեր է «քա­­ռամա­­նեակ» մը։

- Քա­­ռաշար մար­­գա­­­րիտ կը պատ­­կե­­­րաց­­նեմ պա­­րանո­­ցիս հա­­մար զարդ, կը մրմնչէ Փա­­թիլը ու կը յի­­շէ Վա­­րու­­ժա­­­նէ քա­­ռեակ մը.

Ար­­տըս ոս­­կո՜ւն է.

Քա­­ռաշար հաս­­կեր

Քա­­ռաշար սա­­թով

Արեւ՛ են հա­­գեր։

Սու­­զա­­­նը, այդ զգա­­յուն սիր­­տը, ու­­զեր էր վեր­­ջին աս­­տի­­­ճանի վրայ ըլ­­լալ. «Յար­­գե­­­լի դի­­տող­­ներ, սա 54-րդ աս­­տի­­­ճանն է, այ­­սինքն 1923 թո­­ւակա­­նը։ Հա­­յոց լեռ­­նե­­­րի իմաս­­տուն եր­­գի­­­չը, խո­­հական եօթա­­նասուն քա­­ռեակ­­նե­­­րի հե­­ղինակ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանը մա­­հանում է 54 տա­­րեկա­­նին ու միանում է իր Շռայ­­լին եւ Ան­­հունին»։

Բա­­նաս­­տեղծի դի­­մաքան­­դա­­­կի տակ կը հնչէ չորս քա­­ռեակ, չորս պա­­տանի բե­­րան­­նե­­­րէ. «Հէ՜յ ագահ մարդ, հէ՜յ ան­­հոգ մարդ, միտքդ եր­­կար, կեանքդ կարճ...», «Զար­­մա­­­նում եմ, թէ՝ ո՜վ Շռայլ, ի՜նչքան շատ ես տո­­ւել ինձ...», «Բե­­րանն ար­­նոտ մար­­դա­­­կերը էն ան­­բան, հա­­զար դա­­րում հա­­զիւ դա­­րաւ մար­­դասպան...», «Իմ կնունքին եր­­կինքը՝ ժամ, արե­­ւը՝ ջահ սրբա­­զան...»։

Թան­­գա­­­րան մտնել կը պատ­­րաստո­­ւինք։ Փա­­թիլը, որ դա­­սարա­­նի հա­­մար պա­­տի տե­­սանիւ­­թեր կը ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծէ, պատշգա­­մին վրայ, բազ­­րի­­­քին յե­­նած Թու­­մա­­­նեան պո­­ղոտա­­յի եռու­­զե­­­ռը կը դի­­տէ խո­­հուն։

- Պա­­րոն, ո՞վ կրնար կե­­նաքի եւ տիեզեր­­քի բո­­վան­­դակ իմաս­­տութիւ­­նը չորս տո­­ղի մէջ ամ­­փո­­­փել։

- Ան, որ մէկ է անոր հետ։

- Երբ վե­­րադառ­­նանք, Թու­­մա­­­նեանի քա­­ռեակ­­նե­­­րով գե­­ղեցիկ պաս­­տառ մը պի­­տի շի­­նեմ, որ­­պէսզի յա­­ջորդներս ալ չորս տո­­ղիկի մէջ իմաս­­տութիւն գտնեն։