Բոլորս տեղեակ էինք Մեսրոպ Պատրիարքը մեզմէ խլող հիւանդութեան բնոյթին։ Նոյնիսկ «Մենք հոգեւորականներս հրաշքներու կը հաւատանք» ըսողներն ալ գիտէին, թէ այս գործընթացը դէպի ուր պիտի հասնի։ Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ շատ ծանր կը տանինք Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման իրողութիւնը։ Ո՞ր գործօնն է, որ այս կորուստը այսքան անտանելի կը դարձնէ բոլորիս համար։ Թերեւս այս փաստացի իրողութիւնը, թէ շատ բարձր էր մեր ակնկալութիւնները իրեն հանդէպ։ Որպէս ժողովուրդ միշտ տուժած ըլլալով, միշտ միջակով բաւարարուելու հոգեբանութիւնով լեցուն էինք, երբ ծանօթացանք Մեսրոպ հայր սուրբի հետ։ Իր կերպարին մէջ բացի լաւ պատրաստուած հոգեւորականէ, տեսանք նոյնպէս լաւ պատրաստուած, աշխարհի անցուդարձերուն քաջաբար տեղեակ, այդ բոլորի մասին միտքեր ածելու կարողութիւն ունեցող մտաւորական մը։ Այս բոլորը կը գերազանցէին իր վարդապետի յատկութիւնը։ Ան վարդապետ էր բառին բուն եւ իսկական իմաստով։ Որպէս վարդապետ յաջողեցաւ իր շուրջ հաւաքել պատանիներու բազմաթիւ խումբեր, որոնք հոգեւորի կողքին ազգային գիտակցութեան կարեւոր կուտակում ունեցան։
Հայր սուրբը առաջին օրէն սկսեալ վայելեց պոլսահայերու համար մոգական երեւոյթ մը հանդիսացող Շնորհք Պատրիարքի հոգածութիւնը։ Պատրիարքը իր մօտ տեսած էր ապագայ հովուապետի տիպարը եւ ամէն ինչով աջակցած էր այդ տիպարի կազմութեան համար։ Իսկ երիտասարդ վարդապետը ինքզինք կը կոչէր «վանական», իսկ Պատրիարք սրբազանը «հոգեւոր հայր»։
Հոգեւորական ըլլալով բաժնուած էր իր ընտանեկան յարկէն եւ բնակութիւն հաստատած Պատրիարքարանի մէջ։ «Պատրիարքարանը իմ վանքն է, իսկ ես այդ վանքի վանականը» կ՚ըսէր յաճախ։
Անշուշտ մեղադրելի չեն բոլոր այն հոգեւորականները, որոնք նոյն Պատրիարքարանը կը դիտէին, որպէս աշխատատեղի կամ գրասենեակ։ Կը յարգէին աշխատանքի սկզբման ժամը, եւ աշխատանքային օրուայ աւարտին կը փութային իրենց բնակարանները։ Ձեւով մը աւարտած կը համարէին աշխատանքային օրը։ Իսկ Մեսրոպ սրբազանի համար նման հասկացողութիւն մը գոյութիւն չունէր։ Ան ամբողջ էութեամբ կը պատկանէր եկեղեցիին, որ միաժամանակ կը նշանակէ ժողովուրդ։ Իրեն համար ի զօրու չէին աշխատանքային ժամերու սահմանումը։ Մանաւանդ Շնորհք Պատրիարքի շրջանին, երբ բաց էր այդ կառոյցի դռները ամբողջ պոլսահայութեան դիմաց։
Որքան որ համատարած ուրախութիւն էր պոլսահայութեան համար Մեսրոպ վարդապետի եպիսկոպոսական կոչում ստանալը Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նոյնքան հակազդեցութիւն յառաջացուցած էր իր պատրիարքական աթոռի թեկնածութիւնը։ Անսպասելի կերպով ձեւաւորուած էր դիմադրական ճակատ մը, որ ամէն գինով կը պայքարէր երիտասարդ եպիսկոպոսի պատրիարք ընտրութիւնը խաթարելու։ Գոյացած էր տարօրինակ ընտրարշաւ մը, որ չէր խուսափեր նոյնիսկ անպատշաճ քարոզչութիւններէ։
Մեսրոպ սրբազան սակայն քաղեց իր երկարատեւ բարի աշխատանքի պտուղը եւ արժանացաւ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համակրանքին։
Այսօր երբ հրաժեշտ կու տանք սիրելի Պատրիարքին, կսկիծով կը նկատենք, թէ որպէս պոլսահայութիւն հրաժեշտ կու տանք նաեւ հայ ժողովուրդի, հայ ազգի մասնիկը ըլլալու երեւոյթին, քանի որ իր բացակայութեան երկար տարիներու ընթացքին կորսնցուցինք այդ յատկութիւնները, խաղալիքը դառնալով փոքրաթիւ փաղանգի մը, որոնց գլխաւոր նպատակը մնաց ժողովուրդի կենսունակութիւնը չէզոքացնելը։ Յուսանք վաղը աւելի լաւ ըլլայ բոլորիս համար։
pakrates@yahoo.com