Պոլսահայ առօրեան յանկարծակիօրէն կ՚ապրի խոր ցնցում մը իր հովուապետի՝ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանումով։ Թէեւ Պատրիարք սրբազանը իր մատնուած ծանր հիւանդութեան բերումով աւելի քան տասը տարիներ է, որ կը բացակայէր Պատրիարքական աթոռէն սակայն ի դէմ այդ ճշմարտութեան կը տեսնենք, որ հասարակութիւնը անակնկալի մը բնոյթով կը դիմաւորէ այս մեծ կորուստը։ 8 Մարտ ուրբաթ օր հասաւ Պատրիարքի մահուան բօթը եւ այդ պահէն սկսեալ կարծես սովորական երթը դադրեցաւ տեղ տալով այս ծանր կորուստի արձագանգներուն։ Արդարեւ ցաւակցական առաջին պատգամը հասաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանէ։ Էրտողան «թուիթըր»եան իր գրառումին մէջ կ՚ըսէր հետեւեալը. «Խոր վշտով տեղեկացայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք յարգելի Մեսրոպ Մութաֆեանի մահը։ Այս կապակցութեամբ կը ցաւակցիմ իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ մեր հայ քաղաքացիներուն»։
Միւս կողմէ Հ.Հ. Նախագահ Արմէն Սարգսեան, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս ցաւակցական գրութիւններով կիսեցին պոլսահայոց մատնուած սուգը։ Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս սրբազան լսելով Մեսրոպ Պատրիարքի վախճանման մասին փութաց Պատրիարքարան եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Տիրամայր Մարի Մութաֆեանին եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն։ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալները հրապարակեցին ցաւակցագիրներ։ Նոյնպէս Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհիապատիւ Լեւոն Արք. Եպիսկոպոս Զէքիեան եւս փութաց Պատրիարքարան իր ցաւակցութիւնը յայտնելու համար։ Պատրիարքարանը մահուան բօթի լսուելէն անմիջապէս ետք ընդունեց զանազան հիւրեր, որոնք եկած էին Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակը յարգելու եւ կորուստին համար ցաւակցելու նպատակով։ Պատրիարքարան այցելողներու մէջ կարեւոր համեմատութիւն մը կը կազմէին նաեւ քաղաքական գործիչներ եւ մանաւանդ մօտակայ քաղաքապետական ընտրութիւններու իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած մարդիկ։
17 Մարտ կիրակի օր կայանալիք յուղարկաւորութեան եւ դաղման կարգերու ընդառաջ թերթիս այս համարը ամբողջովին կը տրամադրենք երջանկայիշատակ Պատրիարքին ձօնուած գրութիւններու։