ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Մարդ երբ ըսելու շատ բան ունենայ, չի կրնար խօսիլ։ Բառեր իրար կը գրկեն կարծես եւ բերնէն, մտքէն, գրչէն կամ ստեղնաշարէն դուրս գալու դէմ կը յամառին։ Այդպիսի պահ մըն էր, որ ապրեցանք շատ շատերուս սիրելի «Հայր Մեսրոպ»ի, «Մեսրոպ Հայր Սուրբ»ի, «Մեսրոպ Սրբազան»ի եւ վերջին տարիներու «Պատրիարք Հօր» հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ յանձնելու պահուն։ Վախճանում չէ այդ մէկը, այլ երկրաւոր կեանքի աւարտ կամ աւելի ճիշդ՝ երկրաւոր կեանքէն երկնաւորին անցք։
Ահա այդ «անցորդ»ը, Հայ Եկեղեցւոյ բազմակողմանի ու բազմաշնորհ ծառան-իշխանաւորը իր երկրաւոր կեանքին վերջին տասը տարիները այնքան ատած կայունութեան, անգործութեան եւ անձայնութեան մէջ ապրելէ ետք մտաւ իր հանգստեան։
Մօտ քառասուն տարիներու միասնութիւնը, գործակցութիւնը, աշխատակցութիւնը, ուրախակցութիւնն ու ցաւակցութիւնը անթիւ անհամար յիշատակներով կը զարդարէ մարդու կեանքը։ Այնքան շատ բաներ կը սորվեցնէ, նոյնքան ցաւ կը պատճառէ բաժանումը, հոգ չէ թէ ամոքող, մխիթարող պարագաներ գոյութիւն ունենան։
Շատ բան ըսուեցաւ, կ՚ըսուի եւ պիտի ըսուի հոգեւոր ծնողիս՝ Մեսրոպ Պատրիարքի մասին։ Եւ կը խորհիմ որ ամէն մարդ իր տեսանկիւնէն պիտի դիտէ զինք։ Բոլորին ալ յարգանք ունիմ։
Սակայն, այդ բոլորին առընթեր, Ան տարբեր երկու կողմեր ունէր, որոնք տպաւորիչ էին։
Մանկութենէն մինչեւ իր պայծառ իմացականութեան շիջիլը անյագ կարդացող, պրպտող մըն էր։ Նիւթ մը, որուն չէր տիրապետեր, իր գրադարանի գիրքերը կ՚իջնէին մինչեւ առաւօտեան ժամերը եւ յաջորդ օր ինք արդէն նիւթին բաւական տեղեակ՝ կը կանգնէր խօսակիցին կամ խօսակիցներուն դիմաց։
Եւ իրեն համար միջակութիւն կոչուած բան չկար։ Ան կատարեալ կատարելապաշտ մըն էր։ Այն ինչ որ կը սկսէր, այն գործը, որուն կը ձեռնարկէր, պէտք էր ըլլար կատարեալ, պէտք էր ըլլար անթերի եւ անպայման պէտք էր պսակուեր յաջողութեամբ։
Այս բոլորին համար ունէր երկու աղբիւր ու յենարան. Իր հոգեւոր ոյժը կը ստանար Երկնաւոր Հօրմէ, իսկ կորովը՝ իր պապերէն։ Անոր պապերը լոկ հօրենական եւ մօրենական մեծ հայրերը կամ անոնց հայրերը չէին։ Անոր պապերն էին մեծ Պարթեւէն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն մեծ Տարօնեցի՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Արմաշական նուիրեալ բոլոր հայրերը, Շնորհք Պատրիարքէն մինչեւ Հայ Կղզիի Տէր Դիոնիսիոս Քահանան բազմաթիւ հայրեր։ Անոնցմէ ոյժ ու կորով ստացաւ տարիներ շարունակ։
Եւ այս հիմերուն վրայ դրաւ իր ողջ կեանքը։ Ամուր հիմնեց, շատ աշխատեցաւ։ Այնքան շատ նիւթերու վրայ աշխատեցաւ։ Արդի՞ւնք։ Հակառակ իր երկրաւոր կեանքի վերջին տասնամեայ անձայն ու կայուն շրջանին, ողջ աշխարհի վրայ ամէն տեղ կը յիշուի ու կը խօսուի Անոր անունը։
Ահա այս աշխարհէն Մեսրոպ Պատրիարք մը անցաւ։ Շատ շատերու, հարիւրներու, հազարներու, քանի քանի հազարներու կեանքին վրայ հետք, խորունկ հետքեր թողուց ու անցաւ։
Եւ այդ խորունկ հետքերը կրողներէն յետինը, երկար տարիներ իր մտերմութիւնը վայելողներէն տրուպը կու գայ ողջունել իր մեծ Վարդապետը, Պատրիարք Հայրը ըսելով.
- Աստուած օգնական Պատրիարք Հայր։ Բարի ու լուսաւոր երթ դէպի Երկնաւոր Հայր։ Մեզմէ խապրիկներ տարէք այնտեղի սիրելիներուն։ Եւ օր մը Արքայական սեղանին շուրջ մէկտեղուելու յոյսով…