Յուշապատումներ Պոլսոյ Պատրիարք Մեսրոպ Բ. Մութաֆեանի Մասին

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Մես­­րոպ Սրբա­­զանը պոլ­­սա­­­հայոց յու­­շա­­­պատումնե­­րում մնաց որ­­պէս Տի­­րոջ կող­­մէ ղրկո­­ւած ճշմա­­րիտ հո­­վիւ, շատ շի­­տակ մարդ, մարդկանց միաւո­­րող, դար­­ձի բե­­րող, Տի­­րոջ օգ­­նութեամբ եւ իր քա­­րոզ­­նե­­­րով բժշկող, հա­­մայնքի կեան­­քի մէջ առանձնա­­կի ոգե­­ւորու­­թիւն բե­­րող առաջ­­նորդ մը։

իս­­թանպու­­լա­­­հայ Ժա­­նէթ Էրթունչ կը պատ­­մէր, թէ ձմրան օր մը ինք խիստ հի­­ւան­­դա­­­ցած էր, ոչ մէկ դեղ կ՚օգ­­նէր իրեն... «Մտա­­ծեցի՝ ի՞նչ ընեմ։ Մես­­րոպ Սրբա­­զանի պատ­­գա­­­մին քա­­սէթը հա­­նեցի, լսե­­ցի...անա՜նկ բա­­ցուե­­ցայ, անա՜նկ աղէկ­­ցայ, ալ չես կրնար երե­­ւակա­­յել, կար­­ծես Աս­­տո­­­ւած անոր բե­­րանո­­վը խօ­­սէր ըսաւ. լոյ­­սը մու­­թէն բաժ­­նո­­­ւեցաւ. եր­­կի­­­րը եր­­կինքէն հե­­ռացաւ... Ին­­ծի հա­­մար վե­­րը՝ Տէ­­րը, վա­­րը՝ Մես­­րոպ Սրբա­­զանը»։

Իսկ Տիգ­­րա­­­նու­­հի Մօր կը պատ­­մէ. «Գի­­շերը երա­­զիս մէ­­ջը մեր եկե­­ղեցիին (Գը­­նալը կղզու Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորի­­չը) խո­­րանը եւ ծո­­վը տե­­սայ. իբր քով քո­­վի են, Մես­­րոպ Սրբա­­զանն ալ կը քա­­րոզէ։ Լե­­ցուն ժո­­ղովուրդ՝ հիացած իր քա­­րոզը մտիկ կ՚ընէ։ Քա­­րոզած ատե­­նը Մես­­րոպ Սրբա­­զանը ձեռ­­քե­­­րը կը շար­­ժէ, իսկ ձեռ­­քե­­­րուն վրա­­յի բա­­րակ-բա­­րակ երակ­­նե­­­րը իրա­­րու կը միանան, կը սկսին փոս­­փո­­­րի պէս փայ­­լիլ... Վեր­­ջը Սրբա­­զանը մօ­­տեցաւ։ Ես ըսի.

-Սրբա­­զա՜ն, սքան­­չե­­­լի էր քա­­րոզ­­նիդ. գի­­տէ՞ք ձեռ­­քերնիդ ի՜նչպէս կը փայ­­լէին։

-Ինչպէ՞ս, - հար­­ցուց ան։

-Ծո­­վեզեր­­քէն սկսած ձեր ձեռ­­քե­­­րը երակ առ երակ արե­­ւու պէս ճա­­ռագայթներ սկսան ար­­ձա­­­կել։

Սրբա­­զանը ըսաւ.

-Ո՛չ, Տիգ­­րա­­­նու­­հի՜, ան­­տե­­­ղէն չսկսաւ։ Անի­­կայ գի­­տե՞ս ուրկէ սկսաւ։ Ան սկսաւ այն օրէն, երբ ես ձեռ­­նադրո­­ւեցայ։

Ու մատս առաւ իր ափին մէ­­ջը, շօ­­շափել տո­­ւաւ։ Ես զգա­­ցի, տե­­սայ, որ ափին մէ­­ջը խա­­չի ձե­­ւով փոս է եւ մէջն ալ ադա­­ման­­դի պէս՝ փը­­ռը՜լ-փը­­ռը՜լ փայ­­լուն խաչ...

Արթնցայ որ երազ էր, բայց շա՜տ տպա­­ւորիչ…»։

Մեծ է Մես­­րոպ Սրբա­­զանի աւան­­դը թրքա­­խօս հա­­յերին կամ իրենց հա­­ւատ­­քը մոռ­­ցած հա­­յերին հա­­յոց եկե­­ղեցու գիր­­կը բե­­րելուն մէջ։ Սրբա­­զանը Գը­­նալու կղզու Ս. Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեցիին պար­­տէ­­­զը խա­­չի ձե­­ւով մար­­մա­­­րեայ մկրտա­­րան մը շի­­նել տո­­ւաւ, որ­­պէսզի գա­­ւառէն եկած մե­­ծահա­­սակ­­նե­­­րը, որոնք կ՚ու­­զեն իրենց նախ­­նի­­­ներուն պաշ­­տած կրօն­­քը վե­­րըն­­դունիլ, ատ մկրտա­­րանին մէջ Քրիս­­տո­­­սի պէս ամ­­բողջ մար­­մի­­­նով կայ­­նած մկրտո­­ւի…

«Շաբ­­թո­­­ւան մէջ եր­­կու ան­­գամ Մես­­րոպ Սրբա­­զանը եկե­­ղեցի­­ները թրքե­­րէնով պատ­­գամ կու տայ։ Էրիկ-մար­­դիկ ալ իրենց գոր­­ծէն կ՚ել­­լան եւ դեռ տուն չմտած իրի­­կուան ժա­­մեր­­գութեան կ՚եր­­թան, մաս­­նա­­­ւոր Մես­­րոպ Սրբա­­զանին թրքե­­րէն խօ­­սած պատ­­գամնե­­րը լսե­­լու, քա­­նի որ անոնց մեծ մա­­սը գա­­ւառ­­նե­­­րէն եկած են եւ հա­­յերէն չէն գի­­տեր։ Այնպէս որ, զա­­նոնց հայ եկե­­ղեցիին եւ քրիս­­տո­­­նէական հա­­ւատ­­քին կա­­պելու միակ մի­­ջոցն է։

Այդ նոյն նպա­­տակին կը ծա­­ռայէ նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի լոյս ըն­­ծա­­­յած «Լրա­­բեր»ի հա­­յերէն եւ թուրքե­­րէն տե­­ղեկա­­տուն կամ «Ակօս» թեր­­թին թրքե­­րէն բա­­ժինը, որոնք մեր գա­­ւառ­­նե­­­րէն եկած հա­­յու­­թեան հո­­գեւոր սնունդ կու տան» - կ՚ըսէր Իս­­թանպու­­լա­­­հայ Ալ­­պո­­­յաճեան Էլի­­զը։

Ներ­­մին Ֆըն­­տըք կը պատ­­մէ, որ մինչ Մես­­րոպ Սրբա­­զանի գա­­լը Գը­­նալը կղզու Ս. Գր. Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեցի գրե­­թէ մարդ չէր մտնար, միայն քա­­նի մը ծե­­րուկ տու­­տուներ կ՚եր­­թա­­­յին։ Սա­­կայն Սրբա­­զանի գա­­լէն ետ­­քը ամէն բան փո­­խուե­­ցաւ։ Ան չնա­­յած երի­­տասարդ էր՝ բա­­րալիկ, նի­­հարիկ, բայց պո­­յով-պու­­սով տղայ մըն էր ու շատ խե­­լացի էր։

Առա­­ջին մէկ օրէն ան փո­­ղոցը խա­­ղացող տղա­­քը կը տես­­նայ, կը մօ­­տենայ, բա­­րեւ կու տայ, անուննե­­րը կը հարցնէ, մէ­­կը՝ Կա­­րօ, միւսն ալ՝ Յա­­կոբ կ՚ըսէ։

- Ու­­րեմն դուք հայ էք։ Ին­­չու՞ հա­­յերէն չէք խօ­­սիր։

Տղա­­քը կ՚ամչնան։ Հայր Սուրբը գլուխնին կը շո­­յէ, կ՚ըսէ թէ ին­­չու փո­­ղոցը կը խա­­ղան, թող գան, եկե­­ղեցու բա­­կը խա­­ղան։ Փո­­ղոցը խա­­ղացող այդ բո­­լոր տղա­­քը կը ժող­­վէ, կը տա­­նի եկե­­ղեցիին բա­­կը, ինք ալ անոնց հետ գնդակ կը խա­­ղայ, պատ­­մութիւններ կը պատ­­մէ, եր­­գեր կը սոր­­վեցնէ, պիս­­քո­­­ւի կը հիւ­­րա­­­սիրէ, տղոց հետ ծով կ՚եր­­թայ, անոնց հետ ծով կը մտնար, անոնց հետ արե­­ւուն տա­­կը կը պառ­­կէր, կար­­ծես մեծ եղ­­բայրնին ըլ­­լար։

Օր մըն ալ Ներ­­մի­­­նի եր­­կու տղա­­քը կու գան կ՚ըսեն թէ գի­­տե՞ս, Կի­­րակի օրը Պա­­տարագ պի­­տի ըլ­­լայ, մենք ալ եկե­­ղեցու առ­­ջե­­­ւը պի­­տի եր­­գենք։ Ներ­­մինն ըն­­տա­­­նիքով կ՚եր­­թայ եկե­­ղեցի իր եր­­կու տղա­­յին լսե­­լու, մէյ­­մըն ալ ի՜նչ տես­­նէ։ Ամէնքն ալ իրենց չո­­ճուխնե­­րուն եր­­գե­­­լը տես­­նա­­­լու հա­­մար եկե­­ղեցի եկած էին.

«Պզտիկ-պզտիկ չո­­ճուխնե­­րը դպրաց դա­­սուն եր­­գիչնե­­րուն պէս մէջ­­տեղ ելած էին, իրենց վար­­ժա­­­պետը՝ Մես­­րոպ Մու­­թա­­­ֆեան ալ անոնց հետ միասին, հէ՛մ կ՚եր­­գէր, հե՛մ տէ կը պա­­տարա­­գէր։ Աս ձե­­ւով ան մեզ հայ­­կա­­­կան եկե­­ղեցիին եւ քրիս­­տո­­­նէական հա­­ւատ­­քին կա­­պեց։ Հի­­մա կը տես­­նա՞ս եկե­­ղեցիին մէ­­ջի, դուրսի սա բազ­­մութիւ­­նը. անոնց մեծ մա­­սը ան ատե­­նուան թէր­­պիյէ ըրած տղաքն են։ Ամէն մէ­­կը ար­­դէն կնի­­կի, չո­­լուխ-չո­­ճու­­խի տէր…»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ