Սուրբ, Սուրբ, Սուրբ, Տէր Զօրութեանց...

Մօտ մէկ ժամ Սա­­­­մաթիա Ս. Յով­­­­հաննէս լու­­­­սաղբիւ­­­­րի մէջ Ս. Պա­­­­տարա­­­­գի այս հրեշ­­­­տակնե­­­­րուն ալ մաս­­­­նակցու­­­­թեամբ եր­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւած շա­­­­րակա­­­­նին բա­­­­ցատ­­­­րութիւ­­­­նը մե­­­­զի սոր­­­­վեցնող այդ օրե­­­­րու վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետը այ­­­­սօր չկայ։ Ան մեկ­­­­նեց շատ սի­­­­րելի Հօր քով որ իր կեան­­­­քը նո­­­­ւիրած էր Անոր։ Ա.Տ. Մես­­­­րոպ Պատ­­­­րիարք հօր մա­­­­հուան գոյ­­­­ժը երբ առի ան­­­­գամ մը եւս սպա­­­­սուած լու­­­­րին իրա­­­­կանու­­­­թեան մէջ ան­­­­պատրաստ ըլ­­­­լալնիս մէջ­­­­տեղ ելաւ։

Մի առ մի աչ­­­­քիս առ­­­­ջե­­­­­­­­­­­­­­­ւէն ան­­­­ցաւ Սրբա­­­­զան հօր Սա­­­­մաթիա գա­­­­լուստը որ Թաղ­­­­ման Արա­­­­րողու­­­­թիւնն էր եւ ցրուած ժո­­­­ղովուրդը հա­­­­ւաքե­­­­լու հա­­­­մար Հո­­­­գելոյս Շնորհք Պատ­­­­րիարք հօր հետ միասին կա­­­­տարած գոր­­­­ծունէու­­­­թիւննե­­­­րը, մա­­­­նուկնե­­­­րու եւ երի­­­­տասարդնե­­­­րու յա­­­­տուկ աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րը, ժո­­­­ղովուրդի բո­­­­լոր զա­­­­ւակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն տու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կա­­­­տարած այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­թիւննե­­­­րը....։

Որ մէ­­­­կը յի­­­­շեմ այդ երա­­­­նելի օրե­­­­րէն։ Անակնկալ այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­թիւննե­­­­րը, մեր դա­­­­սերը, ժա­­­­մերով եր­­­­գի մը վրայ կա­­­­տարո­­­­ւած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տան­­­­քը, մեր տան երեց զա­­­­ւակ կո­­­­չու­­­­մը, մեր երա­­­­խանե­­­­րուն մկրտու­­­­թիւննե­­­­րուն սի­­­­րով մաս­­­­նակցու­­­­թիւնը, քրոջս յու­­­­ղարկա­­­­ւորու­­­­թեան օրը մեզ հետ աչե­­­­րէն իջ­­­­նող մար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րիտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը ...

Սրբա­­­­զան Հայր մենք ձեզ ին­­­­չո՞ւ շատ սի­­­­րեցինք գի­­­­տէք։ Ձեր այո՛ն այո՝ ո՛չը ոչ էր։ Նախ առանց դա­­­­սակար­­­­գի զա­­­­տորո­­­­շու­­­­մով ժո­­­­ղովուրդի մէ­­­­ջը մտաք։ Ծրագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րով մեր պա­­­­պերուն պէս ժո­­­­ղովուրդի իրա­­­­ւունքնե­­­­րուն հա­­­­մար աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տեցաք։ Դուք մե­­­­զի լաւ օրի­­­­նակ մը եղաք շնոր­­­­հա­­­­­­­­­­­­­­­կալ ենք։

Սի­­­­րելի­­­­ներ հո­­­­գեւոր եղ­­­­բայր մը կորսնցնե­­­­լու հո­­­­գեկան ցա­­­­ւին մէջ այ­­­­սօր երբ ետ կը նա­­­­յիմ, օրի­­­­նակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն լաւ օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծո­­­­­­­­­­­­­­­ւինք կ՚ըսեմ։ Սրբա­­­­զանը ահա այդ օր հան­­­­գիստ կ՚ըլ­­­­լայ եւ անու­­­­շիկ ժպի­­­­տով մե­­­­զի կը խնդայ։

Սրբա­­­­զան հան­­­­գիստ հոգ­­­­ւոյդ, հողդ թե­­­­թեւ ըլ­­­­լայ։

Առա­­­­ջին աշա­­­­կերտնե­­­­րէդ 
Հռիփ­­­­սի­­­­­­­­­­­­­­­մէ Ար­­­­զուման Մէյտան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ