Կը վերանորոգուի Տիյարպէքիրի պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին

ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ

uygargultekin@agos.com.tr

 

Տիյարպեքի­րի պատ­­­մա­­­­­­­կան Սուրբ Կի­­­րակոս եկե­­­ղեցին ծան­­­րօ­­­­­­­րէն վնա­­­սուած էր իր գտնո­­­ւած Սուր թա­­­ղամա­­­սի մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցած բա­­­խումնե­­­րու պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ։ Ան­­­ցեալին, երբ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը չե­­­ղեալ հա­­­մարեց քուրտ զի­­­նեալ­­­նե­­­­­­­րու հետ տա­­­րած հաշ­­­տեցման գոր­­­ծընթաց­­­քը, բա­­­խումներ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցան քա­­­ղաքի այդ պատ­­­մա­­­­­­­կան թա­­­ղամա­­­սին մէջ։ Բա­­­խումնե­­­րու ըն­­­թացքին պե­­­տու­­­թեան զի­­­նեալ ու­­­ժե­­­­­­­րը ար­­­գի­­­­­­­լեալ տա­­­րածք հռչա­­­կեցին եկե­­­ղեց­­­ւոյ գտնո­­­ւած թա­­­ղամա­­­սը։ Ապա իրենք որ­­­պէս ռազ­­­մա­­­­­­­կեդ­­­րոն տե­­­ղակա­­­յուե­­­ցան եկե­­­ղեց­­­ւոյ մէջ։ Այդ օրե­­­րուն մա­­­մու­­­լի էջե­­­րուն յայտնո­­­ւեցաւ սրբապղծու­­­թեան՝ զա­­­նազան երե­­­ւոյթներ։

Շրջա­­­պատի եւ քա­­­ղաքա­­­շինու­­­թեան նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը այժմ ձեռ­­­նարկած է եկե­­­ղեցին վե­­­րաշի­­­նելու աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին։ Այդ օրե­­­րուն վնա­­­սուած էր նաեւ քաղ­­­դէացի­­­ներու Մար Փե­­­թիուն եկե­­­ղեցին եւս։ Կա­­­տարո­­­ւած յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնով կ՚իմա­­­նանք, թէ վե­­­րաշի­­­նու­­­թեան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը պի­­­տի սկսին այս ամ­­­սուայ մէջ։

Տիար­­­պէ­­­­­­­քիրի Սուրբ Կի­­­րակո­­­սը կը հա­­­մարո­­­ւի Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի մե­­­ծագոյն եկե­­­ղեցին։ Ան պաշ­­­տա­­­­­­­մունքէ դադ­­­րած էր 1960-ին եւ մին­­­չեւ մօտ ան­­­ցեալ կը պար­­­զէր բա­­­ւակա­­­նին տխուր պատ­­­կեր մը։ Ապա եկե­­­ղեցին հայ հա­­­մայնքի նա­­­խաձեռ­­­նութեամբ վե­­­րանո­­­րոգո­­­ւած եւ գոր­­­ծել սկսած էր 2011 թո­­­ւակա­­­նին։

2015-ի Նո­­­յեմ­­­բե­­­­­­­րին տա­­­րածաշրջա­­­նի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ սրբա­­­տեղի­­­ներու կար­­­գին վնա­­­սուած էր նաեւ Սուրբ Կի­­­րակո­­­սը։

Նշենք որ եկե­­­ղեց­­­ւոյ թա­­­ղակա­­­նու­­­թիւնը եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու հետ բա­­­նակ­­­ցութիւններ կը վա­­­րէր եկե­­­ղեցին վե­­­րակեր­­­տե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Վեր­­­ջերս թա­­­ղակա­­­նու­­­թեան եւ Նա­­­խարա­­­րու­­­թեան մի­­­ջեւ ստո­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ հա­­­մաձայ­­­նութիւն մը, որ­­­մէ ետք սկսաւ վե­­­րանո­­­րոգ­­­ման գոր­­­ծընթա­­­ցը։

Այս մա­­­սին թա­­­ղական խոր­­­հուրդի ատե­­­նապետ Էր­­­կիւն Այըք բա­­­ցատ­­­րութիւններ տո­­­ւաւ «Ակօս»ին եւ ըսաւ, որ սկիզ­­­բը Նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը հա­­­մամիտ չէ գտնո­­­ւած վե­­­րանո­­­րոգու­­­թեան ծախ­­­սե­­­­­­­րը ստանձնե­­­լու։ «Բա­­­ցատ­­­րե­­­­­­­ցինք թէ եկե­­­ղեց­­­ւոյ այս պայ­­­մաննե­­­րով ներ­­­կա­­­­­­­յանա­­­լուն մէջ հայ ժո­­­ղովուրդը որե­­­ւէ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն չու­­­նի։ Ու­­­րեմն ար­­­դար չէ որ ու­­­րիշնե­­­րուն գոր­­­ծած աւե­­­րը ինք հա­­­տու­­­ցէ։ Եր­­­կա­­­­­­­րատեւ բա­­­նակ­­­ցութիւննե­­­րէ վերջ Նա­­­խարա­­­րու­­­թիւնը ստանձնեց ծախ­­­սե­­­­­­­րը հո­­­գալ եւ յա­­­ռաջի­­­կայ օրե­­­րուն պի­­­տի սկսի վե­­­րաշի­­­նու­­­թեան աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնը»։ Էր­­­կիւն Այըք յա­­­ւելեց նաեւ թէ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի եկե­­­ղեց­­­ւոյ գտնո­­­ւած տա­­­րած­­­քին ար­­­գի­­­­­­­լեալ գօ­­­տի ըլ­­­լա­­­­­­­լու երե­­­ւոյ­­­թը։ «Մենք ալ հա­­­զիւ յա­­­տուկ թոյլտո­­­ւու­­­թեամբ կրնանք մտնել եկե­­­ղեցի» ըսաւ Էր­­­կիւն Այըք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ