Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը 6 Մարտ չորեքշաբթի օր մամլոյ ժողով մը գումարելով ներկայացուց հետաքրքրական ծրագիր մը։ Մամլոյ ժողովի ընթացքին Թաղական խորհուրդի ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզ յայտնեց, թէ պիտի կազմեն թաղականութենէ անկախ յանձնախումբ մը, որ պիտի ստանձնէ ընկերային նիւթերու համար աջակցութիւններ։ Այժմ կը նախատեսուի ամէն տարի պսակադրութեան պատրաստուող 15 զոյգերու ամուսնութեան ծախսերը թեթեւցնել։ Ամուսնանալ ուզողները նախատեսուած պսակադրութեան թուականէն երեք ամիս առաջ պիտի դիմեն յանձնախումբին։ Յանձնախումբը իր կատարած հետազօտութիւններու արդիւնքով յարմար գնահատած զոյգերուն օժիտը պիտի ապահովէ, պսակադրութեան ծախսերը պիտի հոգայ եւ «Մարիոթ» հիւրանոցի մէջ երկու օր պիտի հիւրասիրէ զիրենք։ Թաղականութիւնը կը խոստանայ նաեւ ամուսնացող զոյգերու զաւակներն ալ անվճար կերպով մկրտել։ Այս նախաձեռնութեան ժամկէտը եւ մատուցուող ծառայութեան բովանդակութիւնը կախեալ է թաղականութեան որոշումներէն։ Ցանկացողներ կրնան դիմում կատարել եկեղեցւոյ քարտուղարութեան եւ ժամադրութիւն ուզել տեսակցելու համար։