Անվերջանալի դատավարութիւնը կը շարունակուի նոր նիստերով

12, 13 եւ 14 Մարտ թո­­ւական­­նե­­­րուն պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան դա­­տավա­­րու­­թիւնը։ 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ Ատեանի մէջ կա­­յանա­­լիք դա­­տական նիս­­տի ըն­­թացքին պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի վկա­­ներու լսումնե­­րը։ Ինչպէս ծա­­նօթ է այս դա­­տավա­­րու­­թեան շրջա­­նակով կը դա­­տուին 85 մե­­ղադ­­րեալ­­ներ, որոնցմէ հին­­գը բան­­տարկո­­ւած է։ Այս ան­­գամ դա­­տարա­­նը պի­­տի լսէ Էօզ­­ճան Էօզ­­քա­­­նը, որ նա­­խապէս պնդած էր, թէ Եասին Հա­­յալ Իս­­թանպուլ չէ եկած։ Մինչդեռ աւե­­լի ետք կարգ մը ստու­­գումնե­­րով յայտնի դար­­ձաւ, թէ ինք ար­­դէն առ­­հա­­­սարակ չէ գտնո­­ւած այն վայ­­րե­­­րը, ուր հա­­ւանա­­կան պի­­տի ըլ­­լար Եասին Հա­­յալի հան­­դի­­­պիլ։

Դա­­տարա­­նը նա­­խորդ տա­­րուայ Դեկ­­տեմբե­­րին կա­­յացած նիս­­տե­­­րու ըն­­թացքին ազատ ար­­ձա­­­կած էր նախ­­կին զօ­­րավար­­նե­­­րէն Համ­­զա Ճե­­լեպօղ­­լուն եւ Իս­­թանպու­­լի Ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց հրա­­մանա­­տարու­­թեան կազ­­մին Լրա­­քաղու­­թեան բաժ­­նի աշ­­խա­­­տակից Եաւուզ Գա­­րագա­­յան։

Ինչպէս նա­­խորդ նիս­­տե­­­րուն, այս նիս­­տին ալ իրենց վկա­­յու­­թիւնը բե­­րելու հրա­­ւիրո­­ւած են առ­­հա­­­սարակ պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեաներ, ըլ­­լայ ոս­­տի­­­կան, կամ ըլ­­լայ զի­­նուոր։ Այս է պատ­­ճա­­­ռը որ «Հրան­­դի ըն­­կերնե­­րը» հար­­թա­­­կը այս ոճի­­րի կա­­պակ­­ցութեամբ ընդմիշտ կը վան­­կարկէ՝ «Ոճ­­րա­­­գործ պե­­տու­­թիւնը հա­­շիւ պի­­տի տա՛յ» ըսե­­լով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ