ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Լեզուն ազատութիւն կը սիրէ

Հայերէնը, մա­նա­­ւանդ ալ արեւմտա­­­հայե­­­րէնը ծու­­­ղակներ կը սար­­­քէ ցան­­­կա­­­­­­­ցած գրո­­­ղի, նոյ­­­նիսկ խօ­­­սողի դի­­­մաց։ Այդ ծու­­­ղակնե­­­րը կը պատ­­­րաստո­­­ւին տա­­­կաւին աշա­­­կեր­­­տութեան տա­­­րինե­­­րէն, ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րու ձե­­­ռամբ։ Կը հա­­­մոզուինք թէ մեր մայ­­­րե­­­­­­­նին աշ­­­խարհի ամե­­­նահա­­­րուստ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու կար­­­գին է իր ար­­­տա­­­­­­­յայտչա­­­կան կա­­­րողու­­­թիւննե­­­րով։ Այս պնդու­­­մը իս­­­կոյն օրի­­­նակ կը բե­­­րէ բարդ բա­­­ռերու ստեղծման դիւ­­­րութիւ­­­նը։ «Եր­­­կու բա­­­ռար­­­մատնե­­­րը իրա­­­րու կը կա­­­պէս շաղ­­­կա­­­­­­­պով մը եւ կը ստա­­­նաս նոր բառ մը»։ Այսպէ­­­սով մենք կը տի­­­րանանք մաք­­­րա­­­­­­­մաքուր լե­­­զուի մը, առանց անոր մէջ խառ­­­նե­­­­­­­լու օտար բա­­­ռեր։ Ձայ­­­նե­­­­­­­րը մեզ հասցնող սար­­­քը կը կո­­­չենք ձայ­­­նասփիւռ, նկար­­­նե­­­­­­­րը բե­­­րողն ալ հե­­­ռատե­­­սիլ, կամ ինչպէս կ՚ըսեն արե­­­ւելա­­­հայե­­­րը՝ հե­­­ռուստա­­­ցոյց։ Հե­­­ռու­­­նե­­­­­­­րը կը դի­­­տենք հե­­­ռադի­­­տակով, պա­­­հը կ՚ան­­­մա­­­­­­­հաց­­­նենք լու­­­սանկա­­­րով։

Հե­­­տաքրքրա­­­կան է այն իրո­­­ղու­­­թիւնը, թէ եր­­­բեմն ալ այդ բա­­­ռաշի­­­նու­­­թիւնը տայ դժո­­­ւար գոր­­­ծա­­­­­­­ծելի եզ­­­րեր։ Անոնցմէ օրի­­­նակ­­­ներ են հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան տի­­­րացած «Սի­­­նեմա»ն փո­­­խարի­­­նել շար­­­ժանկա­­­րով կամ «Ֆիլմ»ը ժա­­­պաւէ­­­նով։ Եթէ այս բա­­­ռերը մնա­­­յին իրենց ար­­­մա­­­­­­­տով միայն, թե­­­րեւս խնդիր չու­­­նե­­­­­­­նայինք։ Մենք պի­­­տի կա­­­րենա­­­յինք նա­­­խադա­­­սու­­­թեան մէջ գոր­­­ծա­­­­­­­ծուե­­­լու ձե­­­ւին հե­­­տեւե­­­լով զա­­­նազա­­­նել ժա­­­պաւէն բա­­­ռին ո՞ր իմաս­­­տով հնչե­­­լը։ Բայց այդ նոյն սի­­­նեմա կամ ֆիլմ բա­­­ռերը ծնունդ տո­­­ւին, օրի­­­նակի հա­­­մար «Սի­­­նեմա­­­թեք» բա­­­ցատ­­­րութեան։ Այս մէ­­­կուն հա­­­մար ի՞նչ կրնանք առա­­­ջար­­­կել. «Շար­­­ժանկա­­­րադա­­­րա՞ն», թէ ոչ «Շար­­­ժանկա­­­րագ­­­րա­­­­­­­դարա՞ն»։ Երկրոր­­­դը բո­­­լորո­­­վին անի­­­մաստ պի­­­տի թո­­­ւի, քա­­­նի որ խնդրին մէջ գիրք չկայ։ Իսկ շար­­­ժա­­­­­­­դարան բառն ալ միայն շար­­­ժող դա­­­րան պի­­­տի նշա­­­նակէ։ Եթէ փոր­­­ձենք նոյն իմաս­­­տը «Ժա­­­պաւէ­­­ն» բա­­­ռէն մեկ­­­նե­­­­­­­լով որո­­­նել, դար­­­ձեալ անե­­­լի պի­­­տի մատ­­­նո­­­­­­­ւինք։ Որ­­­քան որ դիւ­­­րին է բարդ բառ ստեղ­­­ծել, նոյնքան դժուար է բարդ բա­­­ռէ մը մեկ­­­նե­­­­­­­լով նոր եզր մը, նոր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւն մը գո­­­յաց­­­նել։ Այս մա­­­սին ծի­­­ծաղը բո­­­լորիս մտքին մէջ դրոշ­­­մո­­­­­­­ւած է «Եր­­­կայնախ­­­մո­­­­­­­րակ­­­լո­­­­­­­րածակ»ով։

Արեւմտա­­­հայերս կար­­­ծես մենք մեզ դա­­­տապար­­­տած ենք ծու­­­ղա­­­­­­­կի մը մէջ, որուն զո­­­հը կը դառ­­­նանք հե­­­տեւե­­­լով «Մա­­­քուր հա­­­յերէն»ի բար­­­դոյթին։

«Սրճեփ»ը սուրճ եփո՞ղն է, թէ սուրճ եփե­­­լու սար­­­քը։ Եթէ չենք կրցած յստա­­­կաց­­­նել այս հար­­­ցումի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը, ան­­­պա­­­­­­­տեհու­­­թիւն մը չըլ­­­լա­­­­­­­լու է երկրոր­­­դին «Ճեզ­­­վա» կամ «Ճազ­­­վա» ըսե­­­լու մէջ։ Դիտ­­­մամբ կը խու­­­սա­­­­­­­փինք թրքե­­­րէն «Ճեզ­­­վէ» բա­­­ռէն, գո­­­նէ դոյզն իսկ հայահունչ դարձնե­­­լու մի­­­տու­­­մով։ (Ապա­­­գայի լե­­­զուա­­­բան­­­նե­­­­­­­րը թող տա­­­ռապին «է» տա­­­րին ինչպէ՞ս «ա»ի վե­­­րածո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լը լու­­­սա­­­­­­­բանե­­­լու հա­­­մար)։

Սա­­­կայն մայ­­­րե­­­­­­­նիի նկատ­­­մամբ մեր աւան­­­դա­­­­­­­կան մտա­­­ծելա­­­կեր­­­պը պի­­­տի սար­­­սա­­­­­­­փի նման առա­­­ջար­­­կի դի­­­մաց, կար­­­ծես Աւե­­­տարա­­­նէն էջ փրթած ըլ­­­լար։

Ապար­­­դիւն է այդ բծախնդրու­­­թիւնը։ Լե­­­զուն, յատ­­­կա­­­­­­­պէս խօ­­­սակ­­­ցութեան մէջ, որ­­­պէս ան­­­մարմին կեն­­­դա­­­­­­­նու­­­թիւն, չի լսեր մեր ան­­­հանդուրժո­­­ղակա­­­նու­­­թիւնը։ Ազատ կը սլա­­­նայ ժա­­­մանա­­­կի տե­­­ւողու­­­թեամբ եւ կ՚ապ­­­րի իր բնա­­­կան յե­­­ղաշրջու­­­մը։ Կ՚ազ­­­դէ ու կ՚ազ­­­դո­­­­­­­ւի զինք շրջա­­­պատող զա­­­նազան մշա­­­կոյթնե­­­րէ։ Վերջ ի վեր­­­ջոյ մեր իբ­­­րեւ մաք­­­րա­­­­­­­մաքուր հա­­­մարած հա­­­յերէ­­­նի մէջ ան­­­հա­­­­­­­մար բա­­­ռեր ու­­­նինք, որոնց ար­­­մա­­­­­­­տը եկած է պարսկե­­­րէնէ, յու­­­նա­­­­­­­րէնէ, արա­­­բերէ­­­նէ եւ այլ լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րէ։ Այդ փո­­­խառու­­­թիւննե­­­րուն միայն ան­­­ցեալին մէջ կա­­­տարո­­­ւած ու վեր­­­ջա­­­­­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­­լը կար­­­ծել միամ­­­տութիւն է։ Շատ բնա­­­կան է որ մեր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն եւ նաեւ ապա­­­գային պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուին նման փո­­­խառու­­­թիւններ, մեր ժո­­­ղովուրդի շփո­­­ւած զա­­­նազան մշա­­­կոյթնե­­­րէ։ Որ­­­քան ատեն որ լե­­­զուն կեն­­­դա­­­­­­­նի է, ան­­­խուսա­­­փելի է այդ փո­­­խազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւնը։

Ու­­­րեմն մեր դի­­­մաց ծա­­­ռացած խնդի­­­րը ոչ թէ լե­­­զուի անա­­­ղար­­­տութիւ­­­նը պա­­­հելու մի­­­տու­­­մով շին­­­ծու մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րու դի­­­մել, այլ անոր կեն­­­դա­­­­­­­նու­­­թիւնը երաշ­­­խա­­­­­­­ւորելն է։ Խօ­­­սինք հա­­­յերէն եւ թոյլ տանք որ ան իր կեն­­­սունա­­­կու­­­թեան մէջ ինչպէս ան­­­ցեալին, այ­­­սօր ալ գտնէ իրեն պի­­­տանի նոր հնա­­­րաւո­­­րութիւններ։

 

 

pakrates@yahoo.com