ԱՐԽԻՒԷՆ

Մտած ենք շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ընտրու­թեան հանգրո­ւանը։ Ինչպէս ան­ցեալին այս տա­րի ալ հա­մարեա ամէն օր կը հար­կադրո­ւինք ըն­դունե­լու զա­նազան կու­սակցու­թիւննե­րու թեկ­նա­ծու­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւննե­րը։ Շատ ան­գամ մեր իրո­ղու­թիւննե­րու նկատ­մամբ այդքան ալ հե­տաքրքիր չթո­ւացող մար­դիկ կը թա­կեն հայ մա­մու­լի խմբագ­րութիւննե­րու դռնե­րը, բա­ցատ­րութիւններ տա­լու հա­մար իրենց խոս­տումնե­րուն մա­սին։ Բնա­կանա­բար զի­րենք կը դի­մաւո­րենք հիւ­րա­սիրու­թեան կա­նոն­նե­րու պա­հան­ջը ար­դա­րաց­նե­լով։ Սա­կայն ան­դին կը մնայ մեր ընդհա­նուր հա­մոզումնե­րը երկրի որ­դեգրած ընդհա­նուր քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու մա­սին։ Բայց այս օրե­րուն մեր ու­շադրու­թեան տրա­մադ­րո­ւած է հնա­գոյն ազդ մը, ուր եր­բեմնի Թուրքիոյ Բա­նուոր­նե­րու կու­սակցու­թիւնը բա­նուոր եղ­բայրնե­րը կը հրա­ւիրէ իր ծրա­գիր­նե­րը լսե­լու։ 2 Յու­նիս1966-ին թո­ւար­կո­ւած այդ ազ­դին մէջ բա­նուոր­նե­րը կը հրա­ւիրո­ւին Փան­կալթի, Շա­հանին սրճա­րանը Զա­ւէն Պի­պերեանի ելոյթը լսելու։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ