ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Մեծ կամ ինչպէս Բուլանըխի հայերը կ՚ըսէին Ջոջ Պասի առաջին օրը «լուացարուք սրբեցարուքի» օրն է. տանտիկիններն ու հարսները կը հանեն տան աման-չամանը, կը լուանան ամբողջը, կը սրբեն, մրով կը շփեն ու բերնքսիվայր կը շարեն չորանալու։ Մաքրել-սրբել կու տան նաեւ ամբողջ տունը, կահկարասին, տախտն ու առիքը, նոյնպէս եւ գոմն ու մառանը։
Ապա ալիւրով շաղախուած լաթերով կամ աւելով կը ներկէին տան շեմը, երդիկին աստղեր ու զանազան կենդանիներ կը պատկերէին, դռներին խաչէր կը գծէին։ Ճերմակ աստղերով ու խաչերով լի այդ տունը այլեւս պաշտպանուած կը համարուէր չարիքէն։ Եւ, անպայման, եւս մէկ անգամ կը կատարէին ձմրան ոգիներուն՝ շվոտներուն, խոնջոլեզներուն եւ այլն, տնէն վռնտելու ծէսը։
Պասի առաջին օրը նաեւ «կռճօն» կամ «կրծոնք» կը կոչուի, որովհետեւ այդ օրը առաւելապէս երեխաներին եւ երիտասարդներին կարելի է ուտել-վերջացնել Բարեկենդանէն մնացած կրճօնները։ Յաճախ կը պատահէր, սակայն, որ դրանք կուտէր մեծ տատը։
Նա առաւօտ կանուխ կ՚արթննար, երկու ճիպոտ կը վերցնէր, կոլորէր, խաչաձեւ կը կապէր, վրան ախիլպապ կը կապէր, ծայրին՝ սոխ, սոխէն՝ եօթ փետուրներ ու թեւերին՝ մանրիկ քարեր, ու կը կախէր այդ ծիսական տիկնիկը տան երթիկի խաչերկաթէն։
Այնուհետեւ երեխաները երբ կարթննային, տատը ցոյց կը տար նրանց այդ եւ դողդողուն ձայնով կ՚արտասանէր. «Տեսէ՜ք, տղաք, ախալոչը էկեր է, չըլլի թը՝ պասերտ ուտէ՜ք, թըչը քար կը ցկէ գլխներուդ»։ Բայց յաջորդ վայրկեանին նոյն տատը կը նստէր տան շեմին՝ մէջքը դրսի դրան առած, կ՚ուտէր Բարեկենդանի կրճօնները։
Ախիլպապը այծի մազէն բեղ-մօրուք ունեցող տիկնիկ էր, որ կը խորհրդանշէր Մեծ Պասը հսկող պապին։ Յայտնի էր տարբեր անուններով՝ Մեծ պաս, Պաս պապիկ, Ակլատիզ, Ախալոճ, Ախըլոջ, Խուխուլիճ, Խուլուճիկ, Ախացել, Ախելուծ, Գոգոռոզ, Մոռմոռոզ, Մռմռաս, Որոջբեկ, Ֆռիկ եւ այլն։
Ակլատիզը տան երդիկէն կախելով՝ երախաներն ու տատիկները կ՚երգէին.
«Ակլատիզ, չուանը վիզ,
Եկաւ մեզ հիւր՝ կախուաւ երդիս»
կամ
«Տատը գնաց շերեփը ձեռին,
Պապը եկաւ չոմբախն ուսին»
Նաեւ կ՚արտասանէին. «. . . շնհաւոր մենծ պաս, բարով հասնինք Զատիկը՝ ուրախ սրտով, ցամաք աչքով. պապին շնորհաւորեցէք, տեսէք՝ թեւաւորուած ոտները կախ արեց մեր երդիկովը, ծանր-ծանր նստեց, բարով պապի բմբուլները պոկելով տկլորացնենք, ումբրը լորի պոչ շինենք (կեանքը լորի պոչի պէս կարճացնենք), հետ ածենք գնայ, քարափների տակին տապ կենայ»։
Այս կերպ Պաս պապին տուն հրաւիրելուն զատ մինչեւ 1915 թուականը Բարձր Հայքում պահպանուած էր պատանուն Ախըլոճ դարձնելու սովորութիւնը. ընկերները նրան թարս քուրք կը հագցնէին, վրան՝ կեմէ գօտի կը կապէին, գոտուց՝ քանի մը զանգակ, գլխին բարձր ու բրդոտ գդակ կը դնէին, դէմքը երկար ու ճերմակ բեղ-մօրուքով կը զարդարէին, երեսը կը մրոտէին ու ձեռքը մեծ դագանակ մը կը տային։
Մէկ ուրիշը գօտուն կապած չուանը բռնած «Ախըլոճին» տնետուն կ՚առաջնորդէր։ Նրանց հետ շրջող տղաքը կ՚երգէին. «Օխտը շաբաթը եկաւ, Փորիս փառգալը բուզմիշ եղաւ…» երգը։
Տուն մտնելուն պէս Ախըլոճը յանկարծակի թպրտալով վար կ՚ընկնէր, իբր ուշագնաց է եղել։ Ախըլոճին ուղեկցող տղաքը մէ հարահրոց, սուգ ու շիւան կը կապեն, տան երախաները սարսափահար մայրերի գիրկը կը նետուեն։ Ապա տղաքը կը սկսին շոյել մեռնող Ախըլոճին, ձեռքերը շփել, որպէսզի ուշքի գայ։
Ախըլոճն ալ աչքերը բանալուն պէս մեծ դագանակը ձեռքը կառնէ ու ճօճուելով ու անխօս կը շրջէ տան մէջ՝ հետապնդելով դիւրահաւատներուն, ապա դուրս կը գար տնէն, տնեցիները ջուր կը սրսկէին իր վրայ, ինչին ի պատասխան Ախըլոճը կը մտրակահարէր անոնց։
Մեծ Պասի առաջին օրը նաեւ թատերական ներկայացումներ կը խաղային, զորօրինակ Վարանդայի Խաչմաչ գիւղում աւանակ մը կը թամբէին, կին մը կը նստեցնէին վրան, երեսին մուր կը քսէին եւ դաւուլ-զուռնայի հնչիւններու ներքոյ կը պտտցնէին գիւղով մէկ եւ դրամ կը հաւաքէին, որը տեղ մը պահ կը դնէին, որպէսզի Զատկի օրը դրանով մատաղ ընեն։ Այդ սեւերես կինը կը խորհրդանշէր Մեծ Պասը, ուստի նրան պատուով տնետուն կառաջնորդէին, որպէսզի Մեծ Պասը բարով, անփորձանք անցնի։