8 Մարտի առթիւ ցուցահանդէս՝ ձօնուած գեղեցիկ սեռին

Այս տարի համաշխարհային Կանանց Տօն՝ Մարտ 8 յատուկ երանգ մը կը ստանայ կիւմրեցի գեղանկարիչ Սամվէլ Լաճիկեանի ցուցահանդէսով 
«Փարոս» պարբերականի նախաձեռնութեամբ Նշանթաշի «Մարքի» գեղարուեստի սրահին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսին Սամվէլ Լաճիկեան կը ներկայանայ «գեղեցիկ սեռին» ձօնուած իր գործերով։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Դուք նախքան գեղան­կա­­րիչ դառ­­նա­­­լը ճար­­տա­­­րագէտ եղած էք եւ ու­­սում ստա­­ցած էք այս ուղղու­­թեամբ։ Ինչպէ՞ս որո­­շեցիք նկա­­րիչ դառ­­նալ։ Այս եր­­կուքը իրար կա­­պող ճա­­նապար­­հը ի՞նչ է ձեր մօտ։

Դպրո­­ցի մէջ միշտ լաւ ու­­սա­­­նող աշա­­կերտ եղած եմ։ Դպրո­­ցը աւար­­տե­­­լէ ետք ըն­­դունո­­ւել եմ Փո­­լիթեխ­­նիկ ինստի­­տուտ։ Ճար­­տա­­­րագէ­­տի կո­­չում ստա­­ցած եւ տա­­սը տա­­րի գոր­­ծա­­­րանի մէջ աշ­­խա­­­տած եմ, որ­­պէս ճար­­տա­­­րագէտ ապա աւագ ճար­­տա­­­րագէտ ըլ­­լա­­­լով։ Յե­­տոյ սկսե­­ցի նկա­­րել։ Ճիշդն ըսեմ ես միշտ նկա­­րած եմ։ Դպրո­­ցական տա­­րինե­­րուս ալ նկա­­րած եմ։ Օրի­­նակ դա­­սատու­­նե­­­րը գիտ­­նա­­­լով իմ ձեռ­­քի ու­­նա­­­կու­­թիւնը, նկա­­րել կու տա­­յին ինչ որ ու­­զեն, Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցին, Գաբ­­րիէլ Սունդու­­կեանին նկա­­րած եմ այդ տա­­րինե­­րուն։

Նկա­­րելը միշտ ինձ հա­­ճոյք պատ­­ճա­­­ռած է։ Օրի­­նակ Փո­­լիթեխ­­նիք ու­­սա­­­նելու ժա­­մանակ իմ բո­­լոր ու­­սա­­­նողա­­կան տետ­­րե­­­րու մէջ նկար­­ներ էին։ Ու­­սա­­­նող­­նե­­­րին, դա­­սախօս­­նե­­­րին կը նկա­­րէի։ Օդա­­նաւա­­կայա­­նի մէջ նստած ճամ­­բորդնե­­րուն կը նկա­­րէի։ Բայց այն ատեն լրջօ­­րէն չէի զբա­­ղուած։ Իսկ մի ան­­գամ լրջօ­­րէն, երբ մի նկար նկա­­րեցի, չո­­րացած վար­­դեր էին ապա­­կեայ շի­­շի մը մէջ ես ինքս զար­­մա­­­ցայ իմ լուրջ նկա­­րելու վրայ ու շատ շատ տե­­ղերէն մար­­դիկ հաւ­­նե­­­ցան այդ նկա­­րը, զար­­մա­­­ցան որ ես նկա­­րած եմ, այն ատեն ես զգա­­ցի որ այդ է իմը։ Այդ է իմ իրա­­կանը։ Հի­­մա եթէ վերցնենք իմ ծնունդը Հոկ­­տեմբեր 1953 թո­­ւակա­­նը, բայց ես որ­­պէս նկա­­րիչ ծնած եմ 1980 թո­­ւակա­­նը։ Որով­­հե­­­տեւ ես գտայ այն իրա­­կան մաս­­նա­­­գիտու­­թիւնս, որը իմն է։ Որու հա­­մար ես ծնած եմ։ Ճար­­տա­­­րագի­­տու­­թիւնը իմը չէր։ Այդ չոր մե­­խանի­­կական գծագ­­րութիւննե­­րը իմ չէր։ Սո­­վետա­­կան միու­­թեան շրջա­­նին սո­­վորե­­լը կա­­րեւոր յատ­­կա­­­նիշ էր բո­­լորի հա­­մար։ Օրի­­նակ ես շատ նկա­­րիչ­­ներ գի­­տեմ դպրո­­ցի մէջ լաւ չեն սո­­վորած։ Թոյլ եղած են թո­ւաբա­­նու­­թեան մէջ կամ բնա­­գիտու­­թեան մէջ, բայց իմ մօտ բո­­լոր այդ առար­­կա­­­ները լաւ էր։ Փո­­լիթեխ­­նիկ ըն­­դունո­­ւել եւ բարձրա­­գոյն ու­­սում ստա­­նալ շատ կա­­րեւոր էր։ Յե­­տոյ գե­­ղարո­­ւես­­տի ինստի­­տու­­տը Երե­­ւանի մէջ էր, իսկ ես Կիւմրի։ Իմ տան մօտ միայն այս ինստի­­տու­­տը կար ինձ յար­­մար ես ալ այն ու­­սա­­­նեցայ։

 

Բնաւ նկար­­չութիւն ու­­սա­­­նա՞ծ էք։

Այո, իմ առա­­ջին նկարս փոք­­րիկ նա­­թիւրնմորթ մոմ մըն էր։ Ես այդ նկա­­րը նկա­­րեցի, տա­­րայ Կիւմրիի նկա­­րիչ­­նե­­­րու միու­­թեան ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին, որ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին մաս­­նակցիմ։ Ար­­հեստա­­վարժ նկա­­րիչ­­նե­­­րը նա­­յեցան եւ հար­­ցուցին, որ ե՞րբ աւար­­տած եմ գե­­ղարո­­ւես­­տի ինստի­­տու­­տը։ Չեմ աւար­­տած ըսի, ես մաս­­նա­­­գիտու­­թեամբ ճար­­տա­­­րագէտ եմ ըսե­­լով պա­­տաս­­խա­­­նեցի։ Անոնք ալ «դուն մեզ հետ այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին մաս­­նակցե­­լու իրա­­ւունք չու­­նիս, որով­­հե­­­տեւ մենք ար­­հեստա­­վարժ ենք, իսկ դուն ինքնուս (ամա­­թէօր) ես» ըսին։ Այդ նկա­­րը ու­­ղարկե­­ցինք Մոս­­կո­­­ւա հա­­մամիու­­թե­­­նական վե­­ցերորդ ջրա­­ներ­­կի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին։ Այդ նկա­­րին հա­­մար թեր­­թե­­­րին մէջ յօ­­դուած­­ներ գրուեցան, որ շատ ինքնա­­տիպ էր եւ զար­­մա­­­ցած էին իմ վրայ։ Այդ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի ամե­­նաերի­­տասարդ նկա­­րիչը ես էի եւ անոնց զար­­մանքի պատ­­ճառն ալ առանց նկար­­չա­­­կան ու­­սումի այսպէս կը նկա­­րէի։ Իմ ներ­­քին զգա­­ցու­­մը դրած էի այդ նկա­­րի մէջ եւ սա իմ ձեւն էր։ Եթէ տեղ մը ու­­սա­­­նած ըլ­­լա­­­յի պի­­տի նկա­­րէի իմ դա­­սատո­­ւի, իս ու­­սուցի­­չի նման, բայց ես ինքնա­­տիպու­­թիւնս պա­­հեցի։ 1981-ի այդ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սէն ետք կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւեցաւ եօթ­­նե­­­րորդ հա­­մամիու­­թե­­­նական ցու­­ցա­­­հան­­դէս։ Նո­­րից մաս­­նակցե­­ցայ։ 82 թո­­ւակա­­նին Երե­­ւանի մէջ առա­­ջին ան­­գամ եղաւ ջրան­­կա­­­րի ցու­­ցա­­­հան­­դէս մը։ Սո­­վետա­­կան 70 տա­­րինե­­րու մէջ եր­­բեք ջրան­­կա­­­րի առան­­ձին ցու­­ցա­­­հան­­դէս չէր եղած ու ես այդ ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին եւս մաս­­նակցե­­ցայ եւ բա­­ւակա­­նին մեծ աղ­­մուկ պատ­­ճա­­­ռեցի իմ նկար­­նե­­­րով։ Ու ար­­դէն ես դար­­ձած էի Խորհրդա­­յին նկա­­րիչ­­նե­­­րու միու­­թեան ան­­դամ։ Որով­­հե­­­տեւ ու­­նէի եւ միու­­թե­­­նական ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ եւ հան­­րա­­­պետա­­կան ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ եւ մի­­ջազ­­գա­­­յին ցու­­ցա­­­հան­­դէսներ Ֆին­­լանտա­­յում եւ այլն։ Այդ Ֆին­­լանտա­­յի մէջ ցու­­ցադրած դի­­ման­­կա­­­րը տես­­նե­­­լով յա­­տուկ Ֆնլան­­տա­­­յէն խումբ եկած էր Հա­­յաս­­տան ին­­ծի հետ ծա­­նօթա­­նալու։

Շատ յայտնի ակա­­դեմի­­կոս ու­­նէինք Ռու­­բէն Զա­­րեան անու­­նով, Արո­­ւես­­տի ինստի­­տու­­տի տնօ­­րէնն էր այդ ժա­­մանակ։ Ին­­քը իմ նկար­­նե­­­րը տես­­նե­­­լով զար­­մա­­­ցած էր եւ «Ինչքան ան­­հատ, ինչքան մարդ, այնքան ան­­հա­­­տակա­­նու­­թիւն» ըսած էր։ Ես սո­­վորա­­կան մարդ չեմ նկա­­րեր, եթէ ձեզ նկա­­րեմ կը ստա­­ցուէք հէնց դուք, ոչ թէ ինչ որ մի հատ կին կեր­­պար։ Այդ ձեր ներ­­քի­­­նը, հո­­գին, ձեր բնա­­ւորու­­թիւնը նկա­­րին մէջ ամ­­բողջո­­վին կ՚երե­­ւայ։

Այս ամ­­բողջը, որ եղաւ ես մտայ Երե­­ւանի Գե­­ղարո­­ւես­­տի ինստի­­տուտ։ Որ­­պէսզի թղթեր, երաշ­­խա­­­ւորագ­­րեր վերցնեմ Խորհրդա­­յին Միու­­թեան նկա­­րիչ­­նե­­­րի ան­­դամ դառ­­նա­­­լու հա­­մար։ Տա­­րիքա­­ւոր, աւե­­լի փոր­­ձա­­­ռու նկա­­րիչ­­նե­­­րը պի­­տի երաշ­­խա­­­ւորէին ինձ։ Երբ որ այդ ինստի­­տուտ գա­­ցի եւ իմ նկար­­նե­­­րը ցոյց տո­­ւի հար­­ցուցին որ երբ աւար­­տած եմ։ Ես ըսի, որ չեմ աւար­­տած, ու­­սա­­­նելու եկած եմ։ Անոնք եկուր մի ան­­գա­­­մէն քեզ տիփ­­լո­­­մայի աշ­­խա­­­տանք տանք ըսին։ Ես մեր­­ժե­­­ցի եւ ըսի, որ եթէ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն կայ ինձ ըն­­դունէք ինստի­­տուտ, որ­­պէս ու­­սա­­­նող։ Այդ հա­­մալ­­սա­­­րանին ամ­­բողջ Հա­­յաս­­տա­­­նէն տա­­րուայ մէջ միայն եօթը անձ կ՚ըն­­դունո­­ւէր։ Ինստի­­տու­­տը վեց տա­­րի էր։ Ին­­ծի միան­­գա­­­մէն եր­­րորդ դա­­սարան փո­­խան­­ցե­­­ցին։ Ու­­սա­­­նած եմ եր­­րորդ կուրս, չոր­­րորդ կուրս։ Հին­­գե­­­րորդ եւ վե­­ցերորդ կուրսե­­րը միան­­գա­­­մէն անցնե­­լով տիփ­­լոմ պաշտպա­­նեցի։ Այ­­սինքն ես վեց տա­­րուայ հա­­մալ­­սա­­­րանը եր­­կու տա­­րուայ մէջ աւար­­տե­­­ցի։

Հի­­մա ամեն թա­­ղի մէջ, ամէն խաչ­­մե­­­րու­­կին մի հատ ակա­­դեմիա կայ։ Ասոնք հա­­րիւ­­րա­­­ւոր ու­­սա­­­նող­­ներ ու­­նին, բայց ես քա­­ղաքի մէջ նստած նկա­­րող մարդ չեմ տես­­ներ։

 

Դուք քա­­ղաքը պա­­տահ­­մամբ մի տեղ նստե­­լով ան­­ձինք կը նկա­­րէ՞ք։

Ես եթէ հե­­տաքրքիր դէմ­­քեր կը տես­­նեմ կը հրա­­ւիրեմ նկա­­րելու։ Քա­­ղաքի բնա­­պատ­­կերներ նկա­­րած եմ։ Բայց ես փո­­ղոցը նստե­­լով չեմ նկա­­րեր, որով­­հե­­­տեւ արագ չեմ նկա­­րեր։ Իմ նկա­­րելը բա­­ւակա­­նին եր­­կար կը տե­­ւէ։ Ես դի­­ման­­կար ու­­նիմ երեք ամ­­սո­­­ւայ մէջ նկա­­րած եմ։ Ես նկար ու­­նիմ նկա­­րած եմ վեց ամիս։

 

Ձեր դի­­մացի­­նը չի հոգ­­նի՞ր։

Չէ, եթէ ես մէ­­կը նկա­­րել ու­­զեմ քա­­րի նման չեմ նստեց­­ներ։ Ին­­ծի հետ կը խօ­­սի, կը զրու­­ցենք։ Ան իր կեան­­քը կրնայ պատ­­մել ին­­ծի։ Ու շատ դէպ­­քե­­­րուն եղած է, որ մար­­դը վատ տրա­­մադ­­րութիւննե­­րէն ազա­­տուած եւ իմ նե­­րու­­ժով վե­­րափո­­խուած է։ Շատ մար­­դիկ կան, որ ինք իրենց ար­­ժէ­­­քը չգի­­տեն ու հիաս­­թա­­­փուած են, յոգ­­նած են, ուժ չու­­նին, մէ­­ջերը կրակ չի կայ, այդ մար­­դը նկա­­րելով ես կ՚ու­­զեմ այդ մար­­դուն լա­­ւատե­­սու­­թիւն հա­­ղոր­­դեմ, անոր ուժ նե­­րար­­կեմ, որ այդ մար­­դը չմտա­­ծէ թէ ամեն ինչ վեր­­ջա­­­ցած է, աւար­­տո­­­ւած է…։

 

80-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն ու­­սա­­­նեցաք Երե­­ւան, ապա ո՞ւր ապ­­րե­­­ցաք։

Կրկին վե­­րադար­­ձայ Կիւմրի։ Ես կին եւ երա­­խաներ ու­­նէի Կիւմրիի մէջ։ Երե­­ւան ու­­սա­­­նելու հա­­մար գա­­ցած ատեն աղ­­ջիկս կը հի­­ւան­­դա­­­նար, որ հայ­­րի­­­կը չկայ։ Կար­­ծէս իրեն մօտ ջեր­­մութիւ­­նը կը բարձրա­­նար։ Ես մի­­նակ սո­­վորե­­լու պար­­տա­­­ւոր էի, որով­­հե­­­տեւ եթէ ըն­­տա­­­նիքս ին­­ծի հետ ըլ­­լար գու­­ցէ ին­­ծի խան­­գա­­­րէին։ Այսքան լիովին չէի կրնար նկար­­չութեան նո­­ւիրո­­ւել։ Իսկ երբ որ մի­­նակ ես, լիակա­­տար ազատ ես եւ գի­­շեր, ցե­­րեկ կրնաս նկա­­րել։ Ինստի­­տու­­տի արուես­­տա­­­նոցէն դուրս չեմ ելած։

Մի­­նակ բա­­րի ու լաւ խօս­­քե­­­րէն չէ որ ուժ կը ստա­­նամ, ես նաեւ ուժ կը ստա­­նամ դի­­մացի­­նի վի­­րաւո­­րական խօս­­քե­­­րէն։

Երբ որ Կիւմրի վե­­րադար­­ձայ աշ­­խա­­­տանք ու­­զե­­­ցի գտնել, ար­­դէն նկար­­չութեան դա­­սեր տա­­լու հա­­մար։ Ուր գնա­­ցի ին­­ծի դա­­սի չըն­­դունե­­ցին։ Սահ­­մա­­­նափակ էր տե­­ղերը ու­­սուցիչ­­նե­­­րի։ Մտած եմ գե­­ղագի­­տական կեդ­­րոն, որ­­պէս նկար­­չութեան դա­­սատու։ Հեն­­րիկ Իքի­­տեան ման­­կա­­­կան գե­­ղագի­­տական կեդ­­րոն էր, որը փրո­­ֆէօս­­յո­­­նալ նկար­­չութեան դպրոց չէր։ Այդ կեդ­­րո­­­նի նպա­­տակը երա­­խանե­­րուն փո­­ղոցէն կտրել էր։ Մէ­­կը պար, մէ­­կը երգ, մէ­­կը ձե­­ռագործ, մէ­­կը կար­­պետ եւ այլն զբա­­ղեց­­նե­­­լով կեդ­­րոն էր։ Ես որ­­պէս նկար­­չութեան դա­­սատու հոն աշ­­խա­­­տելու սկսայ։ Յե­­տոյ դար­­ձայ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ղե­­կավար։

Ապա սկսե­­ցան Ղա­­րաբա­­ղեան շար­­ժումնե­­րը, որոնց շատ ակ­­դիւ մաս­­նակցե­­ցայ։

1987 թո­­ւակա­­նին ինձ առա­­ջար­­կե­­­ցին նկար­­չա­­­կան դպրո­­ցի տնօ­­րէնու­­թիւն։ Նկար­­չա­­­կան դպրո­­ցը Անդրկով­­կա­­­սի ամե­­նահին նկար­­չա­­­կան դպրոցն էր։ Այ­­սինքն Սո­­վետի ժա­­մանակ ստեղ­­ծո­­­ւած լա­­ւագոյն դպրոց­­նե­­­րէն մէկն էր։ Այդ դպրո­­ցը աւար­­տած էին մեր ամե­­նալաւ հայ նկա­­րիչ­­նե­­­րը։ Կիւմրիի այդ դպրո­­ցի շրջա­­նաւարտնե­­րէն են Մի­­նաս Աւե­­տիսեան, Ռա­­ֆայէլ Նա­­թոեան, Եդո­­ւարդ Արծրու­­նեան…։ Երբ որ ինձ առա­­ջար­­կե­­­ցին այդ դպրո­­ցի տնօ­­րէնու­­թիւնը, մեր­­ժե­­­ցի։ Որով­­հե­­­տեւ ես իմ մէջ չէի գտներ կազ­­մա­­­կեր­­պի­­­չի ու­­նա­­­կու­­թիւն։ Ան­­հատ եմ ու մի­­նակ ես իմ գոր­­ծով պի­­տի զբա­­ղուիմ։ Կազ­­մա­­­կերպչա­­կան հար­­ցե­­­րը չեմ գի­­տեր։ Բայց մեծ դեր ու­­նե­­­ցան ծնող­­ներս։ Որով­­հե­­­տեւ հայրս ցան­­կա­­­ցաւ։ Նկար­­չա­­­կան դպրո­­ցի տնօ­­րէն, որ եղայ այդ հին շէն­­քը հիմ­­նո­­­վին քան­­դե­­­ցի։ Նոր ար­­ձաններ, նոր աս­­տի­­­ճանա­­վան­­դակներ, ջա­­հեր դրի։ Շատ գե­­ղեցիկ եղաւ։ 1988-ի Սեպ­­տեմբե­­րին ուսման սկսան այդ նոր շէն­­քի մէջ։ Երբ առա­­ջին օրը որ դա­­սատու­­նե­­­րը նոր շէն­­քը տե­­սան զար­­մա­­­ցան, թէ այդ դպրո­­ցը ինչպէս այսքան սի­­րուն եղաւ։ Սեպ­­տեմբե­­րին բա­­ցուեց, Դեկ­­տեմբե­­րին փլո­­ւեց մեր շէն­­քը։

 

1988 թո­­ւակա­­նի Կիւմրիի երկրա­­շար­­ժին փլո­­ւեց ամէն տեղ, ձեր դպրո­­ցը եւ ձե­­զի ի՞նչ եղաւ։

Դպրո­­ցը, տունս, արո­­ւես­­տա­­­նոցս քան­­դո­­­ւեցաւ։ Մե­­քենաս դպրո­­ցին առ­­ջեւ էր, այդ քա­­րերը լրիւ վրան ին­­կած էին։ Երա­­խաներս դպրոցն էին, դպրո­­ցը փլո­­ւեց ու անոնք գտայ այ­­գիի մէջ։ Իրենց դա­­սարան­­նե­­­րուն զո­­հեր եղած էին։ Հինգ յար­­կա­­­նի շէն­­քի մէջ կ՚ապ­­րէինք։ Կինս հին­­գե­­­րորդ յար­­կէն փո­­ղոց ին­­կած էր։ Դեկ­­տեմբե­­րի 7-ի կէ­­սօրէն ետք ես մնա­­ցած եմ այն շո­­րերով, որը իմ վրայ եղած են։ Լի­­քը նկար­­ներ ու­­նէի տունս, արո­­ւես­­տա­­­նոցս, անոնք ալ չկան։ Ցա­­ւոք սրտի ես անոնց լու­­սանկար­­ներն ալ չու­­նիմ։ Մի­­նակ մէկ հա­­տի նկա­­րը ու­­նիմ ու վերջ։

Այդ օրէն ետք երեք տա­­րի չնկա­­րեցի։ Չա­­րեն­­ցա­­­ւանէն գոր­­ծա­­­րան գտայ, հո­­վանա­­ւոր­­ներ գտայ, այ­­գիի մէջ ժա­­մանա­­կաւոր տնակ­­ներ դրի ու այդ ժա­­մանա­­կաւոր տնակ­­նե­­­րու մէջ դա­­սաւան­­դե­­­ցի։ Այդ այ­­գիի մէ­­ջի տնակ­­նե­­­րու եւ երա­­խանե­­րը եւ դա­­սատու­­նե­­­րը բո­­լորը տնա­­զուրկ էին, շա­­տերը զո­­հեր ու­­նէին ըն­­տա­­­նիքին մէջ, մի խօս­­քով շատ թշո­­ւառ ժա­­մանակ­­ներ, բայց մենք իրենց օգ­­նե­­­լու ջա­­նացինք։ Այդ տնակ­­նե­­­րուն մէջ 250 աշա­­կերտ ու­­նե­­­ցանք եւ անոնց մէ­­ջէն լաւ նկա­­րիչ­­ներ դուրս եկան։ Նախ­­քան երկրա­­շար­­ժը մենք ու­­նէինք հինգ կամ վեց ու­­սուցիչ։ Երկրա­­շար­­ժէն ետք մենք ու­­նե­­­ցանք տաս­­նը վեց ու­­սուցիչ։ Նոր ու­­սումնա­­րան աւար­­տած ու­­սուցիչ­­ներ բե­­րի դպրոց որ թարմ օդ դառ­­նան։ Այդ եղած­­նե­­­րը տես­­նե­­­լով նկա­­րիչ­­նե­­­րու միու­­թիւնը ինձ ընտրե­­ցին Կիւմրիի նկա­­րիչ­­նե­­­րու միու­­թեան նա­­խագահ։ Այդ փլա­­տակ­­նե­­­րու ներ­­քեւ, աւե­­րակ­­նե­­­րու փո­­շու, ցե­­խի մէջ ցու­­ցա­­­հան­­դէս կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­ցինք… շատ հե­­տաքրքիր շրջան էր։

 

Երեք տա­­րին առանց նկա­­րելու ան­­ցուցիք ապա ի՞նչ եղաւ եւ դուք կրկին նկա­­րելու սկսե­­ցիք։

Այդ տա­­րինե­­րուն ես նկար­­չա­­­կան դպրո­­ցի տնօ­­րէն, Նկա­­րիչ­­նե­­­րու միու­­թեան նա­­խագահ եւ Կիւմրիի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի պատ­­գա­­­մաւոր էի։ Այդքան լա­­րուած մի­­ջավայ­­րի մէջ չկրցայ նկա­­րել։

Յե­­տոյ նկա­­րելը կա­­րօտ­­ցայ։ Կրկին առա­­ջին նկա­­րելս 1992 թիւն էր։ Բայց այս ան­­գամ ո՛չ թէ նկա­­րեցի ջրա­­ներ­­կով, որը իմն էր՝ դի­­ման­­կարներ, բնան­­կարներ, նա­­թիւրմորթներ այ­­լեւս նկա­­րեցի կտա­­ւի վրայ իւ­­ղա­­­ներ­­կով։ Որով­­հե­­­տեւ եւ ես էի փո­­խուէր եւ այս ամէն ին­­չը, որ կա­­տարո­­ւած էր, հո­­գեբա­­նու­­թիւնս փո­­խած էր։

 

Դուք Ամե­­րիկա բնա­­կեցա՞ք։

Այո, 1995-էն սկսեալ 22 տա­­րի Ամե­­րիկա բնա­­կեցի։ 1990 թո­­ւական­­նե­­­րու սկիզ­­բը դժո­­ւար օրեր էր։ Մե­­տաղեայ տնա­­կի մը մէջ կ՚աշ­­խա­­­տէի, որ ձմրա­­նը սա­­րոյցնե­­րով պա­­տուած կ՚ըլ­­լար,վա­­ռելիք չկար, լոյ­­սի, կա­­զի եւ այլն խնդիր­­ներ ու­­նէինք։ Այդ դժո­­ւար օրե­­րուն ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէն իմ մօտ կու գա­­յին ու կը զար­­մա­­­նային թէ այս նկար­­նե­­­րը, այն պայ­­մաննե­­րու մէջ կը ստեղ­­ծէի։ Ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սով մը Ամե­­րիկա գա­­ցի եւ ապա որո­­շեցի տե­­ղափո­­խուել Ամե­­րիկա։ Հոն բա­­ւակա­­նին ար­­դիւնա­­ւէտ տա­­րիներ ան­­ցուցի, բա­­ւակա­­նին նկա­­րեցի։ Տա­­սը տա­­րի ես ու տղաս շատ հե­­տաք­­րիր ոս­­կերչա­­կան պիզնս հիմ­­նե­­­ցինք։ Տի­­զայ­­նըրներ ըրինք եւ անո­­ւանե­­ցինք «Արատ­­տա»։ Սո­­վորա­­կան հա­­սարակ զար­­դեր չէին, լուրջ գոր­­ծեր էին։ Այդ գոր­­ծե­­­րով բա­­ւակա­­նին լուրջ ցու­­ցա­­­հան­­դէսնե­­րուն մաս­­նակցե­­ցանք։Մի հատ լուրջ նկար նկա­­րեցի Մա­­քըլ Ճեք­­սը­­­նի հէնց իրեն տա­­նը հա­­ւաքա­­ծոյին մէջ է։ Խորհրդա­­կան ընթրի­­քի թէ­­մայով այդ կլոր սե­­ղանը, որու շուրջը իրենք նստած էին, այս ան­­գամ սե­­ղանի տե­­ղը երկրա­­գունդ նկա­­րեցի որը պատ­­րո­­­ւած էր եւ Մա­­քըլ Ճեք­­սըի գլու­­խը դուրս կու գար։

Ապա վե­­րադար­­ձայ Կրկին քա­­ղաքս Կիւմրի։

 

Կիւմրի վե­­րադար­­ձաք եւ ին­­չո՞վ կը զբա­­ղիք։

Ես որ Ամե­­րիկա կը բնա­­կուէի ծա­­նօթա­­ցայ Նիւ Եոր­­քաբնակ պոլ­­սա­­­հայ բա­­րերար Յով­­հաննէս Օյունճո­­ւեանի հետ։ Ան Կիւմրիի մէջ բա­­ցի հան­­րակրթա­­կան դպրո­­ցէ հիմ­­նած էր նաեւ իր քրոջ անու­­նով Վար­­դուհի արո­­ւես­­տի դպրո­­ցը եւ միւս քրոջ անու­­նով Աղաւ­­նի արուես­­տի դպրո­­ցը։ Իր վեր­­ջին ցան­­կութիւ­­նը իր անու­­նով հա­­մեր­­գասրահ սար­­քել եղաւ։ Յով­­հաննէս Օյունճո­­ւեան ան­­ցեալ տա­­րի մա­­հացաւ։ Ես կ՚աշ­­խա­­­տիմ իրեն արո­­ւես­­տի դպրո­­ցի մէջ եւ կը դա­­սաւան­­դեմ նկար­­չութիւն։ Դպրո­­ցը առայժմ ու­­նի 250 աշակերտ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ