Կեսարիոյ մասին զեկուցելու կոչ

Հրանդ Տինք հիմ­­­նարկը ձեռ­­­նարկած է գի­­­տական նոր հան­­­դի­­­­­­­պու­­­մի մը, որ նիւթ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ Կե­­­սարիոյ եւ շրջա­­­կայ­­­քի հա­­­սարա­­­կական, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին եւ տնտե­­­սական պատ­­­մութիւ­­­նը։ Գի­­­տաժո­­­ղովը պի­­­տի կա­­­յանայ 18-19 Հոկ­­­տեմբեր 2019 թո­­­ւակա­­­նին։ Կը նա­­­խատե­­­սուի 1850-1950 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ Կե­­­սարիոյ եւ շրջա­­­կայ­­­քի բնա­­­կավայ­­­րե­­­­­­­րու ըն­­­կե­­­­­­­րային, տնտե­­­սական, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին, քա­­­ղաքա­­­շինա­­­կան եւ ճար­­­տա­­­­­­­րապե­­­տական փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րուն աւե­­­լի ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութեամբ յստա­­­կացու­­­մը ապա­­­հովել։

Կե­­­սարիա եւ շրջա­­­կայ­­­քը պատ­­­մութեան ըն­­­թացքին առեւտրա­­­կան կա­­­րեւոր խաչ­­­մե­­­­­­­րուկ մը հան­­­դի­­­­­­­սացած է։ Տա­­­րածաշրջա­­­նի հրաբ­­­խա­­­­­­­յին եւ քար­­­քա­­­­­­­րուտ գե­­­տինը ձեռնտու չէ հո­­­ղամ­­­շակման հա­­­մար։ Այդ իսկ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ աւե­­­լի զար­­­գա­­­­­­­ցած է վա­­­ճառա­­­կանու­­­թիւնը։ Կե­­­սարա­­­ցի վա­­­ճառա­­­կան­­­ներ Ատա­­­նայի դաշ­­­տե­­­­­­­րուն մշա­­­կուած բամ­­­պա­­­­­­­կը նե­­­րածե­­­լով զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­ցին քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րէ ներս հիւ­­­սո­­­­­­­ւածե­­­ղէնի ար­­­տադրու­­­թիւնը եւ գիւ­­­ղե­­­­­­­րու մէջ ալ գոր­­­գա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը։

Կե­­­սարիոյ բազ­­­մազգի բնակ­­­չութեան հե­­­տեւան­­­քով առեւ­­­տուրը ու­­­նե­­­­­­­ցաւ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին բնոյթ եւ ԺԹ. դա­­­րէն սկսեալ կե­­­սարա­­­ցի վա­­­ճառա­­­կան­­­ներ շփո­­­ւեցան Եւ­­­րո­­­­­­­պական եր­­­կիրնե­­­րու հետ։ 1914-ի Օս­­­մա­­­­­­­նեան մար­­­դա­­­­­­­համա­­­րի տո­­­ւեալ­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մաձայն քա­­­ղաքի բնակ­­­չութիւ­­­նը հա­­­սած էր 263,074 հո­­­գիի։ Անոնց 70 տո­­­կոսը կը կազ­­­մէին մահ­­­մե­­­­­­­տական­­­նե­­­­­­­րը (184,292)։ 26,590 շունչ էր յոյն բնակ­­­չութեան թի­­­ւը։ Հա­­­յերը 48,659 շունչով կը կազ­­­մէին ամե­­­նաբազ­­­մա­­­­­­­մարդ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայ հա­­­ւաքա­­­կանու­­­թիւնը։ Անոնց վրայ յա­­­ւելե­­­լով ընդհա­­­նուր բնակ­­­չութեան 1/4-ին հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նող կա­­­թողի­­­կէ եւ բո­­­ղոքա­­­կան հա­­­մայնքնե­­­րը, կա­­­րելի է եզ­­­րա­­­­­­­կաց­­­նել թէ Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­դի նա­­­խօրէին Կե­­­սարիոյ բնակ­­­չութեան 1/3-ը քրիս­­­տո­­­­­­­նեաներ եղած են։

Առեւտրա­­­կան ցան­­­ցե­­­­­­­րու ձե­­­ւաւոր­­­ման հե­­­տեւան­­­քով հայ եւ յոյն վա­­­ճառա­­­կան­­­ներ իրենց աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւնը թա­­­փան­­­ցած են նախ Պո­­­լիս եւ Իզ­­­մի­­­­­­­րի նման քա­­­ղաք­­­ներ եւ ապա ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­ման, յատ­­­կա­­­­­­­պէս Մեծ Բրի­­­տանիոյ՝ Լոն­­­տոն եւ Մեն­­­չըսթըր քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րը։ Հոն կա­­­ռու­­­ցած են մաս­­­նա­­­­­­­ճիւ­­­ղեր կամ ներ­­­կա­­­­­­­յացուցչա­­­կան կեդ­­­րոններ։ Միաժա­­­մանակ այդ վա­­­ճառա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը կը նե­­­րածէին նաեւ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի ար­­­տադրու­­­թիւնը դէ­­­պի Թուրքիա եւ այսպէ­­­սով առեւտրա­­­կան մեծ կա­­­մուրջ մը կազ­­­մած կ՚ըլ­­­լա­­­­­­­յին Եւ­­­րո­­­­­­­պայի ու Ասիոյ մի­­­ջեւ։

Կե­­­սարա­­­ցի կա­­­րեւոր առեւտրա­­­կան ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­ներ կը հա­­­մարո­­­ւին Կիւլպէնկեան, Կիւ­­­միւշեան, Իպ­­­րա­­­­­­­նոսեան եւ Մու­­­րա­­­­­­­տեան ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րը։ Նոյնպէս Կիւ­­­րիւն քա­­­ղաքէն ալ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին շու­­­կա­­­­­­­յին թա­­­փան­­­ցած էին Գօ­­­չու­­­նեան եւ Թո­­­փալեան ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րը։ Անոնց կար­­­գին կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել գա­­­րաման­­­ցի յոյն առեւտրա­­­կան­­­ներ Շիշ­­­մա­­­­­­­նօղ­­­լու, Օնա­­­սօղ­­­լու եւ Գա­­­զան­­­ճըօղ­­­լու ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րը, որոնք թէ գոր­­­գի առեւ­­­տուրով եւ թէ ըն­­­դե­­­­­­­ղէնի վա­­­ճառ­­­քով մեծ հարստու­­­թեան տի­­­րացած էին։ Մա­­­նաւանդ ոչ մահ­­­մե­­­­­­­տական­­­նե­­­­­­­րու դպրոց­­­նե­­­­­­­րուն մէջ կը դա­­­սաւան­­­դո­­­­­­­ւէին տնտե­­­սական թո­­­ւաբա­­­նու­­­թիւն, հա­­­շուա­­­պահու­­­թիւն եւ օտար լե­­­զուի ու­­­սուցման գի­­­տելիք­­­ներ, որոնք պի­­­տի նպաս­­­տէին այդ առեւտրա­­­կան ցան­­­ցե­­­­­­­րու հա­­­մար անհրա­­­ժեշտ մար­­­դուժի պատ­­­րաստու­­­թեան։

Կե­­­սարա­­­ցի հայ եւ յոյն վա­­­ճառա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ստեղ­­­ծած հարստու­­­թեան ար­­­տա­­­­­­­ցոլումնե­­­րէն մէկն է այս քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու մէջ կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած եկե­­­ղեցի­­­ներ, վան­­­քեր, որ­­­բա­­­­­­­նոց­­­ներ եւ դպրոց­­­նե­­­­­­­րու նման հա­­­սարա­­­կապատ­­­կան շի­­­նու­­­թիւննե­­­րը։

2015-ի ստու­­­գումնե­­­րու հա­­­մաձայն Կե­­­սարիոյ մէջ Ա. Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին պա­­­տերազ­­­մի նա­­­խոր­­­դող տա­­­րինե­­­րէն ժա­­­ռան­­­գո­­­­­­­ւած 113 հա­­­յապատ­­­կան եւ 68 յու­­­նա­­­­­­­պատ­­­կան շէնք ստու­­­գո­­­­­­­ւած է։

Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տի կա­­­րեւոր հե­­­տեւանքնե­­­րէն մէկն ալ կե­­­սարիոյ բնակ­­­չութեան ապ­­­րած փո­­­փոխու­­­թիւնն է։ Հա­­­յերը 1915-ի ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնով աք­­­սո­­­­­­­րուած են դէ­­­պի Սու­­­րիոյ անա­­­պատ­­­նե­­­­­­­րը, իսկ յոյ­­­նե­­­­­­­րը 1923-ին կնքո­­­ւած Լո­­­զանի դաշ­­­նագրէ ետք բնակ­­­չութեան փո­­­խանակ­­­ման յա­­­տուկ ծրա­­­գիրով ղրկո­­­ւած են Յու­­­նաստան։ Անոնց մէջ կա­­­րեւոր հա­­­մեմա­­­տու­­­թիւն կը կազ­­­մէ գա­­­րաման­­­ցի յոյ­­­նե­­­­­­­րը, որոնք հե­­­տեւե­­­լով Յու­­­նաց Ուղղա­­­փառ եկե­­­ղեց­­­ւոյ հա­­­մարեա ամ­­­բողջո­­­վին թրքա­­­խօս էին։

Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան շրջա­­­նին քա­­­ղաքի տնտե­­­սական կեան­­­քը զար­­­գացնե­­­լու հա­­­մար թափ տրո­­­ւած է զա­­­նազան ներդրումնե­­­րուն։

Սոյն հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րին իրենց զե­­­կոյցնե­­­րով մաս­­­նակցիլ ու­­­զողներ կրնան դի­­­մել Հրանդ Տինք Հիմ­­­նարկին հա­­­մացան­­­ցի մի­­­ջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ