Պաքուր» (Հիւսիս) վաւերագրական ֆիլմի զոյգ ռեժիսորներ Չայան Տեմիրէլ եւ Էրթուղրուլ Մաւիօղլուի դատական նիստը տեղի ունեցաւ Պաթմանի երկրորդ եղեռնադատ ատեանի մէջ։Դատախազը ամբաստանեալները մեղադրեց ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ քարոզչութիւն ընելով ու պահանջեց հինգ տարուայ ազատազրկութիւն։ Ան նշելով թէ յանցագործութիւնը կատարուած է մամլոյ միջոցով, խորհուրդ տուաւ պատիժը վճռել առաւելագոյն սահմանով։
Իրաւապաշտպան Մերալ Հանպայաթ այս մասին յայտարարութիւն մը ըրաւ ու ըսաւ հետեւեալը. «Այս դատով առաջին անգամ է որ ռեժիսորներ կը դատուին եղեռնադատ ատեանի մօտ։ Կը հետեւինք դատավարութեան մը, որ կը պարզէ գեղարուեստական արտայայտութեան ազատութեան սահմանները։ Այս տեսակ երեւոյթները Իրանի նման երկիրներու յատուկ են»։
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի 3 Ապրիլին։«Պաքուր» նիւթ կ՚ունենայ ՓՔՔ-ի զինեալներու լեռնային ճամբարներու առօրեան եւ Չայան Տեմիրէլի երրորդ ֆիլմն է։ Ան նախապէս նկարահանած էր Տէրսիմի ցեղասպանութիւնը նիւթ առնող «1938» Տիյարպէքիրի բանտին վայրագութիւնները իր բոլոր երեսակներով պարզող «Թիւ 5 բանտը» եւ «Տոքթոր Շիվան» վաւերագրականները։
Չայան Տեմիրէլ 2015-ի Մարտին, «Պաքուր»ի առաջին ներկայացման նախորդող ժամերուն կաթուածահար եղած էր եւ այժմ ալ իր սովորական կեանքը շարունակելու համար կը կարօտի յատուկ խնամքի։