Երկար տարիներ Իսթանպուլ բնակած ֆրանսացի վիպագիր Վալերի Մանթոյի հեղինակած գործը արժանացած էր Ֆրանսայի պատուաբեր գրական մրցանակին՝ «Ռենոտօ» 2018-ին։ Մանթէօ մեկնելով Հրանդ Տինքի կեանքէն, իր վէպը «Le Sillion» (Ակօս)ը հիւսած էր մօտ անցեալի Թուրքիոյ զարգացումներուն ենթահողին վրայ։
Վալերի Մանթօ աշխատակիցն էր Շարլի Հեպտօ երգիծական պարբերականի։ 7 Յունուար 2015-ին այս հանդէսին ենթարկուած ահաբեկչական յարձակումի պահուն ինք եւս հոն էր։ Դէպքին պատճառած ցնցումով երկար ատեն մոռցաւ քալելը։ Բժիշկներու եւ հոգեբոյժներու անճար մնացած այս ախտը դարմանեց իր նախկին պարի ուսուցիչը։ Քանզի Վալերի Մանթօ անցեալին կը զբաղէր պալէով եւս։
Այս դէպքէն ետք գրեց իր առաջին վէպը՝ «Calme et Tranquille» (Անձայնութիւն ու անդորր)ը։
Վալերի Մանթօ իր վերջին գործին՝ «Ակօս»ի շրջանակով 5 Մարտ 2019-ին, ժամը 19։15-ին բանախօսութիւն մը կը սարքէ Պոլսոյ ֆրանսական ինստիտուտի մէջ։ Նոյն միջոցառումը պիտի կրկնուի 11 Մարտին, նոյն ժամուն Անգարա'Ֆրանսական մշակոյթի կեդրոնը։
Բանախօսութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Պողազիչի համալսարանի ուսողութեան բաժնի դասախօս Փրոֆ. Պէթիւլ Թանպայ։