Որմնանկարը սկսելով քարայրներու պատերուն վրայ գծուած որսի պատկերներէն, պատմութեան բոլոր ժամանակներուն առկայ եղող գեղարուեստի ճիւղն է։ Ափսոս որ ան անցնող ժամանակի ընթացքին չէր տիրացած իր արժանի գնահատանքին։ Գեղանկարչութիւնը իր կարգին ունեցաւ զարգացման շրջաններ։ Անոնց մէջ վերածնունդի շրջանը կարեւոր անկիւնադարձ մը կը կազմէ, քանի որ նախորդող դարերու ստեղծագործութիւններու մէջ կը բացակայէին տեսանկիւնի գործածութիւնը։ Նկարուած կերպարները կարծես օդի մէջ ըլլան, զուրկ էին խորութեան հասկացողութենէ։
Վերածնունդի գործերը մինչեւ օրս կը մնան որոշ բարձունքի մը վրայ։ Օրինակի համար Տա Վինճիի «Լա ժաքոնտ» գործը մինչեւ օրս իր պահած գաղտնիքներով կը զբաղեցնէ արուեստաբաններու միտքը։ Նման բան կարելի է ըսել նոյն հեղինակի «Վերջին ընթրիքը» նկարին համար։ Քանի որ իր մասին այսքան շատ մեկնաբանութիւններ եղած են, այս գործերը ինքնաբերաբար նիւթ դարձած են նաեւ զանազան աղաւաղումներու։ Անոնց մէջ կան ուշագրաւ սրամտութիւններու արտացոլումներ, որոնք շատ անգամ ծիծաղի պատճառ կը դառնան։ Նման միտքով մը Պոլսոյ կապելաներէն մէկը իր պատին տեղադրած էր Տա Վինճիի «Վերջին ընթրիքը» գործին աղաւաղուած մէկ օրինակը։ Այստեղ Յիսուսի կերպարին կը փոխարինէր փոփ երաժշտութեան երգիչ Պարըշ Մանչօ, իր կողքին ունենալով 12 հանրածանօթ այլ երգիչներ։
Սակայն այս նկարը փոխանակ անմեղ ծիծաղի, բուռն հակազդեցութեան մը թիրախը դարձաւ։ Զանազաններ ընկերային ցանցերու վրայ դէպքը պախարակեցին իբրեւ սրբութիւններու նկատմամբ անարգանք։ Վերջապէս պատրիարքարանն ալ այս ուղղութիւնով դժգոհութիւն յայտնեց եւ իբր հետեւանք պատկերը վերացաւ ներողութիւն խնդրող մեղանչումի գրութեան մը հետ։
Ապա վրայ հասաւ Պաքըրգիւղի հայոց եկեղեցւոյ պատերուն գծուած կրաֆիթի մը, որ բաւական անմեղ կը թուէր։ Սակայն թաղականութիւնը նկատի չառաւ այդ «անմեղ» հանգամանքը եւ բողոք յայտնեց թաղի ոստիկանութեան։ Մինչդեռ անցեալին ատելութեան պատգամներով լեցուն բազմաթիւ գրառումներու դիմաց մեր թաղականները կը սիրէին լուռ մնալ։ Նոյնիսկ այդ արարքները կը փորձէին մամուլէն իսկ թաքցնել։ Այսօր եթէ բողոքի համար ոստիկանութեան կը դիմեն, այդ ալ յառաջընթաց մը կարելի է համարել։
Բայց միւս կողմէն կրաֆիթին կը շարունակէ ներկայ ժամանակներու փողոցային արուեստը որպէս, իր անկարգութեան, անօրինութեան մէջ բարձրանալու։ Ճիշդ է որ փողոցը հասարակապատկան վայր որպէս, երբեք պիտի չհասնի գեղարուեստական գործերու ցուցադրուած սալոնի մը փառքին։ Նոյնպէս փողոցի երաժիշտները, ինչ տաղանդով ալ օժտուած ըլլան, պիտի չվայելեն կարմիր գորգերու վրայ տողանցող երաժիշտներու տիրացած համակրանքը։ Բայց այդ անտեսումը երբեք չի նուաստացներ անոնց ոչ երգը, երաժշտութիւնը, եւ ո՛չ ալ նկարչական արժէքը։
Այս բոլորին մէջ մտմտալու պահուն կը յիշեմ Պանքսին, որ հսկայ որմնանկարով մը իր բողոքը յայտնած էր լրագրող ու գեղանկարիչ Զէհրա Տողանի անարդար բանտարկութեան դէմ։ Ի զարմանս աշխարհի, Պանքսի յաջողած է նաեւ իր ինքնութիւնը թաքուն պահելու։ Երբ դրամապաշտ համակարգը փորձեց աճուրդի մը դնել անոր նշանաւոր գործերէն մին, բոլորը զարմանալով զարմացան տեսնելով թէ, աճուրդի աւարտին նկարը ինչպէս ինքզինք ոչնչացուց։
Ուրեմն խորհուրդ տանք, պայքարեցէք ատելութեան պատգամներու դէմ, բայց աւելի հանդուրժող եղէք կրաֆիթի կոչուած արուեստի նկատմամբ։