Հրաժեշտ՝ Անահիտ Տէր Մինասեանին

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

 

 

Անկարելի կը թո­­­ւի ին­­­ծի հի­­­մա, ժլատ բա­­­ռերու ու­­­րո­­­­­­­ւագ­­­ծումով մը, ընդգրկել դէմ­­­քը եւ վաս­­­տա­­­­­­­կը Անա­­­հիտ ՏԷր-Մի­­­նասեանի։

Պատ­­­մա­­­­­­­գէտի ակա­­­դեմա­­­կան բեր­­­րի աս­­­պա­­­­­­­րէզի մը զու­­­գա­­­­­­­հեռ ար­­­տադրո­­­ւած՝ բազ­­­մա­­­­­­­տաս­­­նեակ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւն-յօ­­­դուած­­­ներ, յա­­­ճախ կան­­­խաւ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­ւած՝ հա­­­մադ­­­րա­­­­­­­կան գի­­­տաժո­­­ղով­­­նե­­­­­­­րու, կամ նիւթ դար­­­ձած անձնա­­­կան եր­­­կա­­­­­­­րաշունչ սե­­­մինար-դա­­­սըն­­­թացքնե­­­րու, յե­­­տագա­­­յին նաեւ ամ­­­փո­­­­­­­փուե­­­լու հա­­­մար իրե­­­րայա­­­ջորդ ժո­­­ղովա­­­ծու- հա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րու մէջ. ապա դեռ՝ մե­­­նագ­­­րութիւն-հա­­­տոր­­­ներ...։ Ահա՝ դեռ շատ հա­­­մառօտ ու մա­­­կերե­­­սային բնո­­­րոշու­­­մով՝ վաս­­­տա­­­­­­­կը հայ Սփիւռքի ծնունդ եւ արեւմտեան ակա­­­դեմա­­­կան աշ­­­խարհի կառ­­­կա­­­­­­­ռուն դէմք Անա­­­հիտ Տէր Մի­­­նասեանի։

Ու­­­րեմն, այս սիւ­­­նա­­­­­­­կին մէջ ակա­­­դեմա­­­կան այս ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թեան եւ իր՝ աւե­­­լի քան կէս­­­դա­­­­­­­րեայ գոր­­­ծունէու­­­թեան ու վաս­­­տա­­­­­­­կին ար­­­ժե­­­­­­­ւորու­­­մը չէ որ պի­­­տի ըլ­­­լայ. ատոր՝ ո՛չ տե­­­ղը կը նե­­­րէ, ո՛չ ալ՝ մա­­­սամբ՝ ստո­­­րագ­­­րո­­­­­­­ղին ձեռնհա­­­սու­­­թիւնը։ Բայց ինչ որ կա­­­րելի է եւ անհրա­­­ժե՛շտ՝ նախ՝ նշումն է եւ շեշ­­­տումը յատ­­­կութեան մը, որուն տէր են եղած քի­­­չեր միայն՝ արեւմտեան աշ­­­խարհի հա­­­յազ­­­գի ակա­­­դեմա­­­կան անձնա­­­ւորու­­­թիւննե­­­րէն.- Գի­­­տական կազ­­­մա­­­­­­­ւոր­­­ման կող­­­քին՝ նե­­­րիմա­­­ցական, գրե­­­թէ բնազ­­­դա­­­­­­­յին ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը հայ ան­­­ցեալ ու ներ­­­կայ իրա­­­կանու­­­թեան։ Ասի­­­կա ոմանց կրնայ թը­­­ւիլ պարզ լրա­­­ցու­­­ցիչ գոր­­­ծօն մը, բայց կեն­­­սա­­­­­­­կան է իրօք։ Այս մեծ բա­­­րիքով էին օժ­­­տո­­­­­­­ւած Անա­­­հիտ Տէր Մի­­­նասեանի ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թիւնն ու գոր­­­ծը։ Բա­­­րիք՝ որ եթէ կրնար մա­­­սամբ գալ փաս­­­տա­­­­­­­թուղթե­­­րու դէ­­­զերու հետ մնա­­­յուն շփու­­­մէ եւ խո­­­րամուխ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րէ, սա­­­կայն մա­­­նաւա՛նդ ար­­­դիւնք էր ըն­­­տա­­­­­­­նեկան աւան­­­դա­­­­­­­կան մի­­­ջավայ­­­րի մը, եւ՝ ստա­­­ցական-դաս­­­տիարակ­­­չա­­­­­­­կանի կող­­­քին՝ ժա­­­ռան­­­գա­­­­­­­կան բա­­­ղադ­­­րիչնե­­­րու։ Ար­­­դիւնք ու ներշնչում՝ ըն­­­տա­­­­­­­նեկան նա­­­հապետ-կեր­­­պարներ գրա­­­գէտ Գե­­­ղամ Տէր Կա­­­րապե­­­տեանի մը, հե­­­րոսա­­­կան Կիւ­­­լի­­­­­­­զար մեծ մօր մը, ազ­­­գագրա­­­գէտ մօր՝ Ար­­­մե­­­­­­­նու­­­հի Գե­­­ւոնեանի. եւ դեռ բարձրա­­­դիր հո­­­վանին Ռու­­­բէն Տէր Մի­­­նասեանի, յե­­­ղափո­­­խական գոր­­­ծիչ եւ հո­­­մերա­­­կան յու­­­շագրող։

Հե­­­ռու եմ, շա՛տ հե­­­ռու՝ մտա­­­ւորա­­­կան եւ մարդ-ան­­­հատ Անա­­­հիտ ՏԷր Մի­­­նասեանի մա­­­սին յայտնա­­­բերու­­­մի մը յա­­­ւակ­­­նութիւննե­­­րէն։ Մա­­­նաւանդ՝ որով­­­հե­­­­­­­տեւ ան լիապէս օժ­­­տո­­­­­­­ւած էր ինքնա­­­ճանա­­­չու­­­մի, ինքնա­­­սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մի հա­­­զուա­­­գիւտ ատա­­­կու­­­թեամբ մը, որ այդքան ալ բնո­­­րոշ յատ­­­կութիւ­­­նը չէ տի­­­պիկ մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու մեծ թի­­­ւի մը մօտ։ Աւե­­­լին՝ այդ ատա­­­կու­­­թիւնը Անա­­­հիտ Տէր-Մի­­­նասեանի եր­­­կար աս­­­պա­­­­­­­րէզի վեր­­­ջին տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն ուղղա­­­կի տի­­­րող գիծն էր դար­­­ձած իր մտա­­­ւորա­­­կան ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թեան։

Ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րու «L’Echiquer arménien entre guerres et révolutions, 1878-1920» ժո­­­ղովա­­­ծուն1, իր «Նե­­­րածու­­­թիւն» էջե­­­րուն մէջ, կա­­­տարե­­­լու­­­թեան կը հասցնէր ար­­­դէն հաս­­­տա­­­­­­­տուած այս յատ­­­կութիւննե­­­րու փունջը։ Կը բա­­­ւէ հա­­­կիլ պահ մը՝ այդ գրու­­­թեան վրայ՝ լայ­­­նօ­­­­­­­րէն լու­­­սա­­­­­­­բանո­­­ւելու հա­­­մար ասոնց առ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեամբ։

Կ՛ար­­­ժէ մօ­­­տէն սե­­­ւեռել յատ­­­կա­­­­­­­պէս այդ «Յա­­­ռաջա­­­բան»ին երկրորդ-եր­­­րորդ մա­­­սերը. հոն՝ բա­­­ցի նշո­­­ւած յատ­­­կութիւննե­­­րէն՝ մեզ կը դի­­­մաւո­­­րէ Ա. Տէր Մի­­­նասեանի ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թեան մէկ ու­­­րիշ, քիչ մը անսպա­­­սելի երե­­­սը՝ հա­­­կում-փոր­­­ձութիւ­­­նը ինքնա­­­պատու­­­մի, այնքա՜ն հե­­­տաքրքրա­­­կան՝ ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թեան մը բա­­­ցայայ­­­տումին հա­­­մար։

Գի­­­տենք, որ Ա. Տէր Մի­­­նասեան, իբր նկա­­­րագիր ու ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թիւն, թէեւ բաց ու ան­­­վե­­­­­­­րապահ՝ մտե­­­րիմ շրջա­­­նակի մը հա­­­մար, իր գոր­­­ծե­­­­­­­րուն մէջ, հասկնա­­­լի գի­­­տական փոյ­­­թէ մղո­­­ւած ու ակա­­­դեմա­­­կան ոճով զսպո­­­ւած, չէր խօ­­­սեր իր մա­­­սին։ Չէր խօ­­­սած ա՛յդ տա­­­րողու­­­թեամբ, չէր լու­­­սա­­­­­­­ւորած ու լու­­­սա­­­­­­­բանած՝ իր գոր­­­ծին եւ ան­­­հա­­­­­­­տակա­­­նու­­­թեան ծալ­­­քե­­­­­­­րը, ըն­­­տա­­­­­­­նիքի, աճ­­­ման ու կազ­­­մա­­­­­­­ւոր­­­ման մի­­­ջավայ­­­րը։

Այս ինքնա­­­պատու­­­մը սա­­­կայն զգօն է եւ խորհրդա­­­պահ, հե­­­ռու ամէն եսա­­­կեդ­­­րո­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ, ինքնա­­­ցու­­­ցանքէ։ Զայն ստո­­­րագ­­­րո­­­­­­­ղը հիանա­­­լի յա­­­ջողած է ըն­­­թերցո­­­ղը հա­­­մակել մտեր­­­միկ բայց զուսպ տրա­­­մադ­­­րութեամբ մը, գտնե­­­լով յար­­­մա­­­­­­­րագոյն, մարդկայ­­­նա­­­­­­­գոյն, գրե­­­թէ անանձնա­­­կան շեշ­­­տե­­­­­­­րը՝ իր անձն ու հո­­­գեմ­­­տա­­­­­­­ւոր աշ­­­խարհը պար­­­զե­­­­­­­լու հա­­­մար։

Այս բո­­­լորը յա­­­ւելեալ շա­­­հեկա­­­նու­­­թեամբ կ՛օժ­­­տեն իր վկա­­­յու­­­թիւնը, որ ահա՛ թարգմա­­­նովի.-

«Այս գիր­­­քին այ­­­լա­­­­­­­զան թե­­­մանե­­­րը կը հա­­­մապա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նեն պատ­­­մա­­­­­­­գէտի իմ ու­­­ղե­­­­­­­ծիրս հանգրո­­­ւանած հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան իրա­­­դար­­­ձութիւննե­­­րու։ Յանձնա­­­ռու պատ­­­մա­­­­­­­գէտի ու­­­ղե­­­­­­­ծիր՝ որ սկիզբ առած է Փա­­­րիզի 19րդ քա­­­ղաքա­­­մասի Տէ Պո­­­ւա փո­­­ղոցի նա­­­խակրթա­­­րանէն, Պել­­­վի­­­­­­­լէն Փրէ-Սէն-Ժեր­­­վէ տա­­­րածո­­­ւող ժո­­­ղովրդա­­­կան, կեն­­­սա­­­­­­­լի թա­­­ղի մը կեդ­­­րո­­­­­­­նին, գրա­­­ւուած՝ յոյն, հրեայ, հայ, իտա­­­լացի, սպա­­­նացի գաղ­­­թա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու խուռնե­­­րամ բնակ­­­չութեամբ։ Թա­­­ղի կեդ­­­րո­­­­­­­նական՝ «Տօ­­­ներու Հրա­­­պարակ»ը յի­­­շատակ­­­նե­­­­­­­րուս մէջ իս­­­կա­­­­­­­պէս ար­­­ժա­­­­­­­նի կը մնայ իր անու­­­նին։ Դպրո­­­ցիս 1930ական տա­­­րինե­­­րու վար­­­ժուհի­­­ներուն կը պար­­­տիմ ան­­­բարդոյթ սէ­­­րը պատ­­­մութեան, Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի եւ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան պատ­­­մութեան, ինչպէս եւ դա­­­ւանան­­­քը՝ որ ազա­­­տու­­­թիւնը գե­­­րագոյն բա­­­րիք է, որուն կը ձգտին մար­­­դիկ։ Բայց նաեւ՝ որ այդ ազա­­­տու­­­թիւնը տը­­­ւ- 
եալ մը չէ, կը նո­­­ւաճո­­­ւի պայ­­­քա­­­­­­­րով։ Ճշմար­­­տութիւն՝ որ կը շեշ­­­տո­­­­­­­ւէր պատ­­­մութեան դա­­­սագիր­­­քի նկա­­­րազար­­­դումով։ Հե­­­րոսա­­­կան դիր­­­քե­­­­­­­րու մէջ՝ մար­­­դիկ (եւ նոյ­­­նիսկ դե­­­ռատի աղ­­­ջի՜կ մը...), Վեր­­­սենժե­­­թորիք­­­սէն մին­­­չեւ Ֆի­­­լիփ Օկիւսթ եւ Տիւ­­­Կըքլէն ու Ժանն տ՛Արք, պա­­­տերազ­­­մած էին եւ ներ­­­խուժող­­­ներ վտա­­­րած՝ Ֆրան­­­սա­­­­­­­յէն...։ Ինչ որ կը հաս­­­տա­­­­­­­տէին դեռ գիր­­­քի վեր­­­ջին մա­­­սի նկար­­­նե­­­­­­­րը՝ Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տի խրամ­­­նե­­­­­­­րու եւ զո­­­հուող ֆրան­­­սա­­­­­­­ցի զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու։ Նկար­­­ներ՝ որոնք կը ներ­­­դաշնա­­­կուէին առօ­­­րեայ փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թեամ­­­բը աղջնա­­­կի մը, որուն միակ խա­­­ղավայ­­­րը փո­­­ղոցն էր. նաեւ հոն՝ քիչ մը սար­­­սա­­­­­­­փեց­­­նող ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը այդ Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տի հաշ­­­մանդամ­­­նե­­­­­­­րուն։ Այսպէս, շատ կա­­­նու­­­խէն մէջս տեղ է ըրեր «ազա­­­տու­­­թեան հո­­­ղային սկզբունք» մը. պար­­­տա­­­­­­­ւորու­­­թիւնը՝ մար­­­դոց վրայ դրո­­­ւած՝ պաշտպա­­­նելու իրենց հո­­­ղը, հայ­­­րե­­­­­­­նիքը, «մեռ­­­նե­­­­­­­լու հայ­­­րե­­­­­­­նիքին հա­­­մար»։ Արդ այդ չէ՞ր որ կը հրա­­­հան­­­գէր «Մար­­­սէ­­­­­­­յէզ»ը, որ մենք՝ աշա­­­կերտներ, բարձրա­­­գոչ կ՛եր­­­գէինք դպրո­­­ցական տա­­­րեշրջա­­­նի փակ­­­ման օրը ...

«Բայց պատ­­­մութեան դա­­­սագիր­­­քը ու­­­նէր նաեւ ազա­­­տու­­­թեան ու­­­րիշ սկզբունք մը, շատ աւե­­­լի վե­­­րացա­­­կան։ Ազա­­­տու­­­թիւնը՝ իբր հաս­­­տա­­­­­­­տում Մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու։ Եզ­­­րա­­­­­­­բանու­­­թիւն մը, որ ան­­­շուշտ մատ­­­չե­­­­­­­լի չէր ին­­­ծի, բայց կը ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւէր՝ Պաս­­­թի­­­­­­­յի գրա­­­ւու­­­մը, Ժէօ տը Փօ­­­մի Ուխտը, Մար­­­դու եւ Քա­­­ղաքա­­­ցիի Իրա­­­ւունքնե­­­րու Յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնը եւ նման իրա­­­դար­­­ձութիւններ ոգե­­­կոչող պատ­­­կերնե­­­րով։ Այս մէկ ազա­­­տու­­­թիւնը ու­­­րեմն կը մնար աւե­­­լի դժո­­­ւարա­­­հասկնա­­­լի, նոյ­­­նիսկ եթէ ցու­­­ցադրո­­­ւած էր դպրո­­­ցի ճա­­­կատին՝ Հա­­­ւասա­­­րու­­­թեան եւ Եղ­­­բայրու­­­թեան նշումնե­­­րով ։ [...] Տա­­­րիներ պէտք եղան՝ որ ճիշդ ըն­­­կա­­­­­­­լեմ [ֆրան­­­սա­­­­­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան] 20 սեպտ. 1792ի՝ Վալ­­­միի «Կեց­­­ցէ Ազ­­­գը» աղա­­­ղակ­­­նե­­­­­­­րը. թէ՝ անոնք քա­­­ղաքա­­­ցիակա՛ն հա­­­մայնքի մը կը յղո­­­ւէին, եւ ո՛չ էթ­­­նոս-ազ­­­գի՝ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին եւ կրօ­­­նական բա­­­ղադ­­­րիչնե­­­րով (ինչպէս պի­­­տի ըն­­­կա­­­­­­­լուէին Պալ­­­քաննե­­­րու կամ Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի մէջ, կամ իմ ըն­­­տա­­­­­­­նիքիս մե­­­ծերուն մօտ)։

«Ծներ եմ Ֆրան­­­սա՝ գաղ­­­թա­­­­­­­կան ծնող­­­նե­­­­­­­րէ, եւ մին­­­չեւ իրենց մա­­­հը՝ հայրս ու մայրս պա­­­հեր են իրենց «հայ գաղ­­­թա­­­­­­­կան»ի կար­­­գա­­­­­­­վիճա­­­կը, ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած ֆրիտ. Նան­­­սէ­­­­­­­նի կող­­­մէ եւ հաս­­­տա­­­­­­­տուած ու շնոր­­­հո­­­­­­­ւած՝ Ազ­­­գե­­­­­­­րու Ըն­­­կե­­­­­­­րակ­­­ցութե­­­նէն։ Անոնք կու գա­­­յին հե­­­ռու­­­նե­­­­­­­րէն՝ Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թե­­­­­­­նէն, ու աւե­­­լի ճշգրիտ՝ Ասիական Թուրքիայէն, ինչպէս կ՛ըս-
ւէր 1914էն առաջ։ Բախ­­­տի կամ հրաշ­­­քի բեր­­­մամբ՝ փրկո­­­ւեր էին հա­­­յոց 1915ի Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն, նոյ­­­նիսկ եթէ իրենց զոյգ ըն­­­տա­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րը մեծ մա­­­սով բնաջնջո­­­ւեր էին՝ Մուշ եւ Սվազ (Սե­­­բաս­­­տիա)։ Տան մէջ, ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը (այն ատեն կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծուէր «ջար­­­դեր» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը) երե­­­խանե­­­րէն պա­­­հուող թա­­­պու նիւթ մը չէր բնաւ։ Հո­­­գեխո­­­ցի գա­­­ղափարն ու բա­­­ռը... տա­­­կաւին չէին հնա­­­րուած ման­­­կա-հո­­­գեբուժնե­­­րուն կող­­­մէ կամ պար­­­զա­­­­­­­պէս տեղ չու­­­նէին մեր մօտ։ Ընդհա­­­կառա­­­կը, ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը նիւթ էր գրե­­­թէ ամէ­­­նօրեայ պա­­­տու­­­մի, կրկնո­­­ւող ու նո­­­րոգո­­­ւող։ Պա­­­տում մը որ, ինչպէս հե­­­քիաթ­­­նե­­­­­­­րու մէջ, կը ճո­­­խանար նոր ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րով՝ ներ­­­կա­­­­­­­յաց-
ւած մեր մէկ կամ միւս այ­­­ցե­­­­­­­լուի տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րուն շնոր­­­հիւ։ Յի­­­շողու­­­թիւնը, իրա­­­կան կամ վերստեղ­­­ծո­­­­­­­ւած, այն ատեն կը բա­­­նէր ան­­­կաշկանդ, եւ կը կանգնէր պատ­­­նէ­­­­­­­շի պէս՝ ընդդէմ պատ­­­մութեան ու­­­րա­­­­­­­ցող­­­նե­­­­­­­րուն։

«Եր­­­կար ատեն, ծնող­­­ներս ըն­­­դուներ են այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւննե­­­րը կնոջ մը՝ Տի­­­կին Մա­­­րիի։ Սե­­­ւազ­­­գեստ, գլու­­­խը միշտ քօ­­­ղով մը ծած­­­կած, ան կը մտնէր մեր տու­­­նը, կը նստէր եւ կը մնար ուղղա­­­ձիգ մար­­­մի­­­­­­­նով՝ աթո­­­ռին եզեր­­­քին։ Ին­­­ծի կը թը­­­ւէր շատ ծեր, ինչ որ իրա­­­կանու­­­թիւն չէր հա­­­ւանօ­­­րէն։ Կը մնար լուռ։ Ին­­­ծի պա­­­տուի­­­րուած էր իր ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեան հան­­­դարտ կե­­­նալ, չաղմկել, քա­­­նի որ ան շատ ծանր դժբախ­­­տութիւններ էր ճանչցած. իր տու­­­նէն վտա­­­րուած՝ տա­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւեր էր ըն­­­տա­­­­­­­նիքով հան­­­դերձ։ Նախ ան­­­հետ կո­­­րեր էր ամու­­­սի­­­­­­­նը, իսկ ինք՝ ութ երե­­­խանե­­­րուն հետ՝ անա­­­պատի մէջ քա­­­լեր էր օրեր եւ օրեր։ Այս պատ­­­մութիւ­­­նը, որ միտ­­­քիս մէջ կը կա­­­պուէր Պզտիկ Բթա­­­մատի իմ պատ­­­կե­­­­­­­րազարդ գրքոյ­­­կիս պատ­­­մութեան, բո­­­լորո­­­վին տար­­­բեր վախ­­­ճան մը ու­­­նէր սա­­­կայն. երե­­­խանե­­­րը մե­­­ռեր էին իրար ետե­­­ւէ, ու վեր­­­ջի­­­­­­­նը՝ հա­­­զիւ հա­­­սած Հա­­­լէպ, ապաս­­­տան քա­­­ղաք՝ որուն անու­­­նը շու­­­տով ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րո­­­­­­­ւեր էր յի­­­շողու­­­թեանս մէջ։ Ինք միայն՝ մնա­­­ցեր էր կեն­­­դա­­­­­­­նի։ Հի­­­մա դար­­­ձած էր կա­­­րու­­­հի։ (Ար­­­հեստը ին­­­ծի ծա­­­նօթ էր, որով­­­հե­­­­­­­տեւ թա­­­ղին մէջ անով կ՛ապ­­­րէին մեծ թիւ մը հա­­­յու­­­հի­­­­­­­ներ, իրենց կա­­­րի «Սին­­­կէր» մե­­­քենա­­­ներուն վրայ հա­­­կած օրն ի բուն)։ Կ՛ապ­­­րէր մի­­­նակ, Նէոյ­­­յի, 6րդ յար­­­կի սպա­­­սու­­­հիի սե­­­նեակի մը մէջ։ Չէր գան­­­գա­­­­­­­տեր, բան չէր ըսեր իր կեան­­­քի չա­­­րաշուք թո­­­ւաբա­­­նու­­­թեան մա­­­սին։ Ձանձրա­­­լի անձ մըն էր։ Ու­­­րիշ պա­­­տումներ ին­­­ծի աւե­­­լի յու­­­զումնա­­­լի կը թո­­­ւէին։ Չէ՞ որ, խու­­­սա­­­­­­­փելու հա­­­մար «քիւրտե­­­րէն եւ ան­­­պատւու­­­թե­­­­­­­նէն», հայ մայ­­­րեր իրենց երե­­­խանե­­­րով Եփ­­­րատ գետն էին նե­­­տուած...։ Այսպէս, աղջնա­­­կը՝ որ էի, սկսեր է ըմ­­­բոստա­­­նալով, ապա հասկցեր է, որ կա­­­րելի է վե­­­րապ­­­րիլ ամէն աղէ­­­տի ։ Եւ որ ատի­­­կա կը կո­­­չուի քա­­­ջու­­­թիւն։

«Տու­­­նը իմ լսած բո­­­լոր պատ­­­մութիւննե­­­րէս (եւ մայրս ան­­­խոնջ պատ­­­մող մըն էր), իմ նա­­­խընտրած­­­ներս անոնք էին, որ կը վե­­­րաբե­­­րէին դի­­­մադ­­­րութեան հե­­­րոսա­­­կան կռիւ­­­նե­­­­­­­րու, նման՝ Պել­­­վիլ փո­­­ղոցի «Ֆէէրիք Փա­­­թէ» շար­­­ժանկա­­­րի սրա­­­հին մէջ տե­­­սած «քաու­­­պո­­­­­­­յական» ժա­­­պաւէն­­­նե­­­­­­­րուս։ Այդ պատ­­­մութիւննե­­­րը կ՛աւան­­­դէին դիւ­­­ցազնա­­­վէպը ֆե­­­տայի­­­ներու՝ փամփշտա­­­կալ գօ­­­տինե­­­րով բեռ­­­նա­­­­­­­ւոր առաս­­­պե­­­­­­­լական անձնա­­­ւորու­­­թիւններ (իրենց նկար­­­նե­­­­­­­րը կա­­­յին մեր հա­­­յերէն գիր­­­քե­­­­­­­րուն մէջ), որոնք կռո­­­ւած էին թուրք բա­­­նակին դէմ, քիւրտ ցե­­­ղախումբե­­­րու դէմ՝ դի­­­մագ­­­րա­­­­­­­ւելով անա­­­սելի վտանգներ։ Ֆրան­­­սա ծնող հայ տղոց կը տրո­­­ւէին անոնց անուննե­­­րը՝ Անդրա­­­նիկ, Ռու­­­բէն, Քրիս­­­տա­­­­­­­փոր, Իշ­­­խան, Վար­­­դան, Րաֆ­­­ֆի,- զի­­­րենք նոյն ու­­­ժով ու քա­­­ջու­­­թեամբ օժ­­­տո­­­­­­­ւած տես­­­նե­­­­­­­լու յոյ­­­սով։ Այս պա­­­տումնե­­­րը, ուր տե­­­ւաբար կու գար ազա­­­տու­­­թիւն բա­­­ռը, մէջս կ՛ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գէին հա­­­մահունչ՝ Ֆրան­­­սա­­­­­­­յի պատ­­­մութեան հետ, պատ­­­մութեան դա­­­սագիր­­­քիս դա­­­սերուն հետ...։

«Բայց եթէ ազա­­­տու­­­թիւն ու հայ­­­րե­­­­­­­նիք կը շա­­­հուէին կռի­­­ւով, եւ եթէ հա­­­յերը կռո­­­ւեր էին, ապա ու­­­րեմն՝ ին­­­չո՞ւ պար­­­տո­­­­­­­ւեր էին։ Ին­­­չո՞ւ կորսնցու­­­ցեր էին իրենց հայ­­­րե­­­­­­­նիքը։ Ին­­­չո՞ւ դար­­­ձած էին տա­­­րագիր։ Ես ին­­­չո՞ւ ծնած էի Փա­­­րիզ։ Հա­­­ւանօ­­­րէն այս հար­­­ցումնե­­­րուն պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նելու հա­­­մար է, եւ Տի­­­կին Մա­­­րիի լռու­­­թիւննե­­­րը հասկնա­­­լու հա­­­մար,- որ պի­­­տի դառ­­­նա­­­­­­­յի պատ­­­մա­­­­­­­գէտ։»

***

Մարդկա­­­յին խո­­­րազ­­­գած շեշ­­­տե­­­­­­­րով օծուն այս հա­­­տուա­­­ծը, որ միան­­­գա­­­­­­­մայն կը նա­­­խագ­­­ծէր Անա­­­հիտ Տէր Մի­­­նասեանի գի­­­տա-ակա­­­դեմա­­­կան հա­­­կումներն ու աս­­­պա­­­­­­­րէզը, այնքան զուսպ ու խորհրդա­­­պահ շեշ­­­տե­­­­­­­րով, տէր է նաեւ ու­­­րիշ շնոր­­­հի մը. կը բա­­­ցայայ­­­տէ նկա­­­րագի­­­րը յանձնա­­­ռու ան­­­հա­­­­­­­տին. մեկ­­­նա­­­­­­­կէտն ու դրդի­­­չը ո՛չ միայն մտա­­­ւորա­­­կան-ակա­­­դեմա­­­կան աս­­­պա­­­­­­­րէզի մը, այլ՝ զսպա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը իր յայտնա­­­բերած, քննար­­­կած ճշմար­­­տութիւննե­­­րը ապ­­­րե­­­­­­­լու, կեան­­­քի մէջ առա­­­ջամ­­­ղե­­­­­­­լու լծո­­­ւած ան­­­ձին։ Գի­­­տական ճա­­­նաչու­­­մի կե­­­ցուած­­­քին միշտ հա­­­ւատա­­­րիմ՝ բայց տե­­­ւաբար լծո­­­ւած անով իսկ երաշ­­­խա­­­­­­­ւոր գոր­­­ծին ու ապ­­­րո­­­­­­­ւած կեան­­­քին, որ զինք կը տա­­­նէր պաշտպա­­­նական մէկ ատեանէն միւ­­­սը, աշ­­­խարհի մէկ ծա­­­գէն միւ­­­սը -- մին­­­չեւ հա­­­ղոր­­­դութիւ­­­նը նախ­­­նիքնե­­­րու հե­­­ռաւոր ուխտա­­­վայր-հայ­­­րե­­­­­­­նիքին հետ։

Ան­­­հա­­­­­­­տին մին­­­չեւ հե­­­ռու խոր­­­քե­­­­­­­րը լու­­­սա­­­­­­­ւորող այս արար­­­քը՝ «Նե­­­րածու­­­թեան» մը խոս­­­տո­­­­­­­վանու­­­թիւնը, վե­­­րը ար­­­դէն նըշ-
ւած բնա­­­կանու­­­թեամբ եւ պար­­­զութեամբ նաեւ,- մտա­­­ծել կու տար հա­­­սու­­­նութեան, յան­­­գումի փու­­­լի մը, հա­­­շուետ­­­ւութեան մը մա­­­սին։ Միւս կող­­­մէ սա­­­կայն՝ վառ ու կեն­­­դա­­­­­­­նի՝ զերծ կը մնար հա­­­շուե­­­փակ թե­­­լադ­­­րող ամէն նո­­­ւազու­­­մէ, ընկճո­­­ւածու­­­թե­­­­­­­նէ, եւ պի­­­տի մնար այդպի­­­սին՝ մին­­­չեւ վերջ -- մին­­­չեւ իր ան­­­դարձ մեկ­­­նումի պա­­­հը։

Ին­­­ծի՝ ինչպէս մտքով եւ հո­­­գիով իրեն հա­­­րազատ բո­­­լոր ան­­­ձե­­­­­­­րու վե­­­րապ­­­րումնե­­­րուն մէջ, Անա­­­հիտ պի­­­տի մնայ ան­­­կասկած իբր կեր­­­պա­­­­­­­րը մտա­­­ւորա­­­կան-ակա­­­դեմա­­­կան գոր­­­ծի­­­­­­­չի՝ ամ­­­բողջա­­­կան առու­­­մով։ Բայց ան­­­կէ ան­­­դին, մա­­­նաւա՛նդ՝ իբր հա­­­զուա­­­գիւտ վա­­­ւերա­­­կան տի­­­պարը՝ ու­­­րոյն մշա­­­կոյթ մը եւ անոր ներ­­­կայ թէ ան­­­ցեալ ճշմար­­­տութիւննե­­­րը նե­­­րու­­­ժօ­­­­­­­րէն ապ­­­րող ան­­­հա­­­­­­­տի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ