Ունէր 12 սենեակ։ Թաղի հնագոյն տունն էր ան եւ ամենէն ամուր կառուցուածը։ Ջուրի անդադար մատակարարումը ապահովուած էր սառնորակ աղբիւրներու շնորհիւ։ Լեռնանիստ էր ան, ամուր ժայռերու վրայ կառուցուած։ Ունէր նաեւ պապերու կողմէ տնկուած պտղատու ծառերու ընդարձակ մրգաստաններ եւ խաղողի այգիներ։ Բոլոր պատուհաններէն տեսանելի էին ձիւնածածկ լեռնագագաթներ։ Գիշերայի՞ն տեսարանը. աստղալից երկնքի հիասքանչ պատկեր, ներառեալ՝ Հայկի լուսատու համաստեղութիւնը։
Յարգելի ընթերցող, այս պատկառելի տան նկարագրութիւնը մտքի մէջ ծնունդ կ՛առնէ երբ աշակերտներով կը պատրաստուինք Երեւանէն Կիւմրի ճամբայ ելլելու՝ մանկատուն մը այցելելու համար։
- Պարոն, որբանոց չէ՞ անիկա, կը զարմանայ Փաթիլը։
- Տնօրէնուհին ուզեց, որ «մանկատուն» կոչենք զայն, ոչ թէ՝ «որբանոց»։ Կը հասնինք՝ կը հասկնաս։
Հրաժեշտ կու տանք պանդոկին։ Առաւօտեան այս ժամերուն ամայի են պողոտաները։ Պատուհանէն կը տեսնենք Շախմատի տունը, դրամատուն մը, սրճատուն մը, նամակատուն մը, դեսպանատուն մը ու վերջապէս՝ Չարենցի տուն-թանգարանը։ Կը մտաբերենք, թէ Չարենցն էր, որ իր տունէն ո՛չ շատ հեռու, մէկ այլ «տան»՝ Երեւանի բանտի մէջ գրեր էր. «Յիշողութիւններ Երեւանի ուղղիչ տնից» յուշագրութիւնը։
Պարոն Արտուշը, մեր սիրելի վարորդը, զուարթ մթնոլորտ ստեղծելու համար կը բարձրացնէ ձայնասփիւռին ձայնը. «Կանանչ կարմիր շորերս հագել եմ...»։ Սիլվա Յակոբեանին երգն է։ Գայաիանէն, որ երգելու տաղանդը իր մեծմօր կը պարտի, կ՚ընկերակցի երգին. «Թագուն, թագուն տնից բախել եմ…»։
- Լեզուաբաններու համար «տուն» բառի ստուգաբանութիւնը դժուար էր այնքան, որքան շատերուն համար դժուար է տուն գտնել, տուն գնել, տուն բանալ եւ տուն պահել։ Բառին ծագումը, Փաթիլ, մինչեւ այսօր կը մնայ անյայտ։ Բայց հայը, որ տնաշէն ժողովուրդ էր, բարի վերաբերում ունեցաւ «տուն» բառի հետ ու անոր տուաւ 150 կերպարանք. ծննդատուն, մկրտատուն, մոխրատուն, հարսնատուն, զանգակատուն, դպրատուն, աղօթատուն, գործատուն, գերեզմանատուն, մաքսատուն, գանձատուն։ «Տուն» բառը նաեւ մարդացաւ- դարձաւ «տնօրէն», «տանտիկին» եւ «տնտես» մայրիկ։
- Պարոն, մենք ունէինք անխիղճ «տանտէր» մը։
- Բայց, անցան, չէ՞ այդ օրերը... Շատ ժամանակ չտեւեց, որ «տուն» միավանկը իր չորս պատերէն դուրս ելլէ ու նշանակէ՝ ընտանիք, գերդաստան, նախարարական տոհմ, բանաստեղծութիւններու տողերու միաւորութիւն, գութանի լուծերու ամէն մի բաժանմունքը եւ վերջապէս՝ զգեստ մը կարելու համար անհրաժեշտ բոլոր պարագաները։ Իսկ Յակոբ Պարոնեանի գրիչէն հաճոյքով կարդացինք հայկական տուներու մէջ ստեղծուած ծիծաղելի «առտնին» տեսարաններ։
«Մ-1» մայրուղիի վրայ կը տեսնենք հարուստ բառակապակցութիւններ. քաղաքամերձ տուն, առանց հիմնակմախքի տուն, գերանակապ տուն, սակաւայարկ տուն, բազմաբնակարան տուն, հաւաքովի տուն։ Երբ կը հասնինք Աշտարակ, կը կենդանանայ Համօ Սահեանի հայրենի պատկերացումը.
Հայաստա՛ն, անունդ տալիս,
Ժայռի մէջ մի տուն եմ յիշում։
- Փաթիլ, այժմ մամուլի մէջ «տուն» բառով կը կարդանք ուրախալի լուրեր. «Արցախի մէջ եօթը բազմազաւակ ընտանիք նոր տուներ ստացան», «Արցախի երեք վերաբնակիչներ տուներ ստացան»։ Հայրենիքի մէջ յայտնի են նաեւ «Արի տուն» եւ «Քայլ դէպի տուն» երիտասարդական ծրագիրները։ Սակայն, միշտ չէր որ հայը տուն ունեցաւ։ Միջնադարուն Ակնայ պանդխտացած հայերը սկսան երգել հայրենի կարօտը ու ծնունդ առաւ երգի նոր տեսակ՝ «անտունի»։
- Պարոն, Սիամանթօն Ակն չէ՞ր ծնած եւ ան չէ՞ր գրած «Ափ մը մոխիր հայրենի տուն» քերթուածը։
- Լաւ կը յիշես։ Այդ քերթուածը յօրինուեցաւ, Սիամանթոյի բառերով՝ «Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի», երբ հայու տունը կը դառնար՝ «Ափ մը մոխիր՝ հայրենի տուն, ափ մը մոխիր՝ հայրենի տուն»։ Իսկ Պարոյր Սեւակը նկարագրեց անտուն որբուկ մը, փոքրիկն Սողոմոն Սողոմոնեանն էր ան. «Նա մնաց անտուն, մնաց բնաւեր։ -Տօ լա՜ճ տնաւեր»։ Յովհաննէս Թումանեանը, մինչդեռ, «տուն» բառի մէջ տեսաւ վերին աստիճանի բանականութիւն, բարձր արուեստ եւ մտաւոր երկունք՝ «Վերնատուն» տուներու ամենէն խելացին։ Անբաններն ալ կոչեցինք «Վերնատունը պարապ», կամ՝ «Տան մը յարկը պակաս»։ Երզնկացիները ունեցեր են ասոյթ մը՝ «Ակոն տուն եկաւ», այսինքն՝ հասկցաւ, բայց ուշ հասկցաւ։ Այս բառով, Փաթիլ, կրնաս մարդու նկարագիրը հասկնալ։ Մարդիկ կան՝ «Տունը սատանայ, դուրսը քահանայ» են, չամուսնացողները «տունը կը մնան», ծոյլերը ամբողջ օր «տունը կը նստին» իսկ գինեմոլները երբեմն «տան ճամբան կը մոռնան»։ Փաթիլ, գրաբար հայերէնը «տուն» բառի համար եղեր է «մեծատուն», քանզի ան ունեցեր է բազմաթիւ պատկերալից արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Տուն մատենագրաց»՝ գրադարան, «Տուն Պղատոնեայ»՝ ճեմարան, «Տուն Ադամայ»՝ մարդկութիւնը։
Արագածոտնի մարզէն մինչեւ Շիրակ ընդարձակ դեղձան դաշտեր են։
- Պարոն, ի՞նչու բազմաթիւ տուներ դատարկ են եւ վաճառքի են դրուած։
- Նոյն հարցումը Ռազմիկ Դաւոյեանը հարցուցեր է եւ թողեր է անպատասխան։
Անհայրենիք, անտուն կրակների նման,
Ինչո՞ւ այս աշխարհի անկիւններն էք ցրւում։
- Սակայն, անտուն չենք երբ հայախօս ենք։ Մուշեղ Իշխանը չէ՞ր ըսած, թէ «Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհիս չորս ծագերուն»։
- Օրիորդիկ, առանց բնակիչի տունը ի՞նչ արժէք ունի։ Նահապետ Քուչակը օր մը տեսեր է, թէ հոգին ելեր է մարմինէն ու կը հեռանայ։ Կը սկսի լալ։ Իմաստուն հոգին կը ձայնէ.
Երբ տունն ի քակել առնու,
Տէրն ներսն այլ ի՞նչ բան ունի։
Կը մտնենք Կիւմրի։ Մանկատունը մեզ կը դիմաւորէ ցնծութեամբ։ Տնօրէնուհին բոլորիս կը հրաւիրէ հանդիսասրահ։ «Տանտէր» սանիկները պատրաստեր են գեղարուեստական յայտագիր։
- Պարոն, բոլորը ընտանիք ունին, չէ՞, որբ չեն անոնք։
- Ճշմարտութիւնը, Փաթիլ, ծնողները նիւթապէս անապահով վիճակի մէջ են եւ դժուարութիւն ունին տուն պահելու։
Սիրունատես աղջնակ մը քանոնով բեմ կու գայ իր կատարումի համար եւ կը սկսի երգել հայ մարտիկի (թէ՞, ի՛ր) երազանքը. «Թռչէի մտքով տուն, ուր իմ մայրն է արթուն...», մեր աշակերտները իրենց հեռաձայններու լոյսերը օդի մէջ տատանելով համակրանք ցոյց կու տան, «Ա՜խ, իմ մայր թանկագին, տուն կը գամ ես կրկին»։
- Պարոն, ի՞նչ էր այդ առաջին տունը, որ 12 սենեակ ունէր։
- «Թորգոմայ տուն», հայոց երկրի ամենահին անուանումը՝ ըստ Աստուածաշունչի եւ ըստ հնագոյն մատենագրութեան, իսկ սենեակներն անոր՝ մեր 12 նահանգները։
Կու գայ մեր Գայաիանէին երազած պահը՝ երգել մանկատան մէջ, որպէս սրտի եւ հրաժեշտի խօսք.
Կարօտում եմ տուն իմ հայրենի...
Դու ամրոցն ես հզօր հայրերի...
Խաչքարերդ արցունքներով
կը լուանամ,
Աղաչում եմ, կանչիր, թոյլ տո՛ւր տուն դառնամ։