Ճնշումները հետզհետէ կը սաստկանան

Տա­կա­ւին չէր խա­­ղաղած «Ճումհու­­րի­­­յէթ» թեր­­թի լրագ­­րողնե­­րուն դէմ կա­­տարուած բան­­տարկու­­թեան որո­­շումնե­­րու տե­­ղի տո­­ւած ալե­­կոծու­­մը, վրայ հա­­սաւ Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի եւ իր գոր­­ծընկեր­­նե­­­րուն դէմ գրի առ­­նո­­­ւած ամ­­բաստա­­նագի­­րի հրա­­պարա­­կու­­մը։ Ինչպէս ծա­­նօթ է, մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան եւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութեան գոր­­ծիչ Օս­­ման Քա­­ւալա մօտ մէ­­կու­­կէս տա­­րի է, որ բան­­տարկո­­ւած է Սի­­լիվ­­րիի ար­­գե­­­լանո­­ցը եւ դա­­տաւոր­­ներ չէին կրցած իր դէմ ամ­­բաստա­­նագիր մը պատ­­րաստել։ Վեր­­ջա­­­պէս թեր­­թիս դէ­­պի տպա­­րան ու­­ղարկո­­ւած ժա­­մերուն հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ այդ ամ­­բաստա­­նագի­­րը, որ բնա­­կանա­­բար բա­­ւական սուր ար­­ձա­­­գանգնե­­րու տե­­ղի տա­­լու յատ­­կութիւն ու­­նի։

Դա­­տախազ­­ներ Օս­­ման Քա­­ւալան եւ իր 15 գոր­­ծընկեր­­նե­­­րը կը մե­­ղադ­­րեն երկրին մէջ իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թեան ձեռ­­նարկե­­լու եւ այլ բնոյ­­թի յան­­ցանքնե­­րով։ Բա­­ցի Օս­­ման Քա­­ւալա­­յէ ամ­­բաստա­­նագ­­րին մէջ կը հան­­դի­­­պինք Միւ­­ճելլա Եափը­­ճը, Այ­­շէ Փը­­նար Ալա­­պօրա, Ճան Տիւնտար, Հան­­տան Մել­­թեմ Արը­­քան, Հան­­զա­­­տէ Հիք­­մեթ Կեր­­միանօղ­­լու, Ինանչ Էք­­մեքչի, Մեհ­­մետ Ալի Ալա­­պօրա, Մի­­նէ Էօզէր­­տեն, Ալի Հա­­քան Ալ­­թը­­­նայ, Շե­­րաֆեթ­­թին Ճան Աթա­­լայ եւ Թայ­­ֆուն Քահ­­րա­­­ման անուննե­­րուն, որոնց բո­­լորին դէմ կը պա­­հան­­ջո­­­ւի ցկեանս բան­­տարկու­­թիւն։

Ամ­­բաստա­­նագի­­րը ի մաս­­նա­­­ւորի կը ծան­­րա­­­նայ «Կէ­­զի» զբօ­­սայ­­գիի դէպ­­քե­­­րուն վրայ պնդե­­լով թէ մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րը 2013-ի այդ դէպ­­քե­­­րուն հա­­մար 2011-էն սկսեալ պատ­­րաստու­­թիւններ տա­­րած են։ Այստեղ յի­­շուած անուննե­­րէն մէկ մա­­սը ար­­դէն հե­­ռացած են եր­­կի­­­րէն եւ հի­­մա դա­­տարա­­նը անոնց հա­­մար բեր­­ման որո­­շում առած է։ Այժմ այս մեղադրանքով բանտարկութեան մէջ են միայն Օսման Քաւալա եւ Եիղիտ Աքսաքօղլու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ