Էսաեանի եւ Մէրամէթճեանի ողջունելի նախաձեռնութիւնները

Հայ ազգը այս տարի կը նշէ իր երեք ար­­­ժա­­­­­­­նի զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն, բա­­­նաս­­­տեղծ Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանի, երա­­­ժիշտ Կո­­­միտաս վար­­­դա­­­­­­­պետի, գոր­­­ծա­­­­­­­տէր ու բա­­­րերար Գա­­­լուստ Կիւլպէն­­­կեանի ծննդեան 150-ամեակը։

19 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 1869 Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանի ծննդեան օրն է։ Նոյն 19 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար թո­­­ւակա­­­նը 2008-ին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Գրող­­­նե­­­­­­­րու միու­­­թեան նախ­­­կին նա­­­խագահ Լե­­­ւոն Անա­­­նեանի առա­­­ջար­­­կով Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ ըն­­­դունո­­­ւած է, իբ­­­րեւ գիրք նո­­­ւիրե­­­լու օր։

Էսաեան վար­­­ժա­­­­­­­րանը այդ օր յա­­­տուկ մի­­­ջոցա­­­ռու­­­մով մը անդրա­­­դար­­­ձաւ թէ Ամե­­­նայն հա­­­յոց բա­­­նաս­­­տեղծի յո­­­բելեանին եւ թէ իրա­­­կանա­­­ցուց գիրք նո­­­ւիրե­­­լու ձօ­­­նուած մի­­­ջոցա­­­ռում մը։

Էսաեան սա­­­նուց միու­­­թեան սրա­­­հին մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցող մի­­­ջոցառ­­­ման ելոյթ ու­­­նե­­­­­­­նալու հա­­­մար հրա­­­ւիրո­­­ւած էին ու­­­սուցչաց հիմ­­­նարկի բազ­­­մա­­­­­­­մեայ վար­­­չա­­­­­­­յին­­­նե­­­­­­­րէն տիար Արամ Գամ­­­պուրեան, «Ժա­­­մանակ» օրա­­­թեր­­­թի խմբագ­­­րա­­­­­­­պետ Արա Գօ­­­չու­­­նեան, «Ակօս»ի հա­­­յերէն էջե­­­րու խմբա­­­գիր Բագ­­­րատ Էս­­­դուգեան, «Փա­­­րոս» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան տնօ­­­րէն Մայ­­­տա Սա­­­րիս։

Էսաեանի տնօ­­­րէնու­­­թիւնը այս մի­­­ջոցառ­­­ման հա­­­մար հրա­­­ւէր տա­­­րած էր նաեւ քոյր վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու աշա­­­կեր­­­տութեան, ար­­­դա­­­­­­­րեւ միու­­­թեան դահ­­­լի­­­­­­­ճը ամ­­­բողջո­­­վին լե­­­ցուն էր դպրո­­­ցական երի­­­տասարդնե­­­րով։

Մի­­­ջոցառ­­­ման ըն­­­թացքին Էսաեանի սա­­­ներն ալ բեմ բարձրա­­­ցան օրո­­­ւան իմաս­­­տին պատ­­­շա­­­­­­­ճող ար­­­տա­­­­­­­սանու­­­թիւննե­­­րով եւ երաժշտու­­­թեամբ։

***

Փետ­­­րո­­­­­­­ւար ամ­­­սուն 21-րդ օրը, «ՈՒ­­­ՆԷՍՔՕ»ի կար­­­գադրու­­­թեամբ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մով կը յի­­­շուի մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուն։ Ափ­­­սոս որ, դար­­­ձեալ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին գետ­­­նի վրայ մարդ արա­­­րածի սե­­­փական այս յատ­­­կութիւ­­­նը, մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուն քա­­­ղաքա­­­կան դրդումնե­­­րով կը հան­­­դի­­­­­­­պի զա­­­նազան ար­­­գելքնե­­­րու։ Այսպէս մեր եր­­­կի­­­­­­­րը եթէ կա­­­րելի է բա­­­զում լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու խօ­­­սուած աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան տա­­­րածք մը հա­­­մարել, նոյնպէս կա­­­րելի է դի­­­տել իբ­­­րեւ բա­­­զում լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րուն ան­­­յայտ կո­­­րած տա­­­րած­­­քը։ Ներ­­­կա­­­­­­­յիս եւս մեր աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան հա­­­տուա­­­ծի վրայ կարգ մը լե­­­զու­­­ներ հա­­­սած են կո­­­րուստեան սե­­­մին։ Դժբախ­­­տա­­­­­­­բար անոնց կար­­­գին կը յի­­­շուի նաեւ արեւմտա­­­հայե­­­րէնը։

Այս իրո­­­ղու­­­թեան մէջ յա­­­ւելեալ ար­­­ժէք եւ իմաստ կը ստա­­­նայ Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի Մէ­­­րամէթ­­­ճեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուի ձօ­­­նուած մի­­­ջոցա­­­ռու­­­մը, որ պի­­­տի կա­­­յանայ 25 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար եր­­­կուշաբ­­­թի Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի եկե­­­ղեց­­­ւոյ Նա­­­զար Շի­­­րինօղ­­­լու սրա­­­հին մէջ։

Այս կար­­­գադրու­­­թեան հրա­­­ւէրը փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու հա­­­մար «Ակօս»ի խմբագ­­­րա­­­­­­­տուն այ­­­ցե­­­­­­­լեցին Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի աւար­­­տա­­­­­­­կան ու­­­թե­­­­­­­րորդ դա­­­սարա­­­նի աշա­­­կերտնե­­­րը, առաջ­­­նորդու­­­թեամբ իրենց ու­­­սուցչու­­­հի՝ Հե­­­րա Իս­­­քենտէ­­­րօղ­­­լո­­­­­­­ւի։ Ինչպէս իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր նման բնոյ­­­թի այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թիւն, Ֆե­­­րիգիւ­­­ղի սա­­­ներու ներ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնն ալ ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թեան առիթ էր մեր խմբագ­­­րա­­­­­­­տան մէջ։

Ող­­­ջունե­­­լի են Էսաեան եւ Մէ­­­րամէթ­­­ճեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու գիրք նո­­­ւիրե­­­լու օրո­­­ւայ եւ մայ­­­րե­­­­­­­նի լե­­­զուի օրո­­­ւայ առ­­­թիւ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած նախաձեռնութիւնները։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ