Հրանդ Տինք Հիմնարկը եւ հրէից ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող Սհոահ Ինստիտուտը կը ծրագրեն համատեղ միջոցառում մը։ Միջոցառման շրջագծով պատմութեան տեսլական արխիւի մասին ստեղծարար միջոցներ, նորարար մերձեցումներ եւ ականատեսներու վկայութիւններու վերաբերեալ ասուլիսներ, աշխատանոցներ եւ փոխազդեցութեան հիման վրայ ցուցադրութիւններ պիտի կայանան։
Միջոցառումները Սհոահի ծրագիրներու բաժնի վարիչ Քորի Սթրիթ ընկերային պատասխանատուութիւններու մասնագէտ Սետտա Անթեքելեան եւ նախագծի մասնագէտ Մանուկ Աւետիկեանի մասնակցութեամբ 22 եւ 23 Փետրուար թուականներուն պիտի կայանայ Անարատ Յղութիւն շէնքի մէջ։
22 Փետրուարի ասուլիսին պիտի քննարկուի Պահպանելէ դէպի ուսուցում վկայութեան մասին աշխատութիւններ, վկայութիւններու հաւաքագրումի, արխիւ պատրաստելու եւ բանաւոր պատմութեան ոլորտներու մէջ նոր հորիզոններ պարզող Սհոահ հիմնարկի կազմութեան պատմութիւնը եւ այլ նիւթեր։
Իսկ 23 Փետրուարի աշխատանոցը այս նիւթի շուրջ փորձառութիւններու փոխանակման գետին մը պիտի ըլլայ։