ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՍԵՂԱՆ

Հայրենի հողի վրայ նախ Սերկէյին սեղանը վայելեր էինք։ Գառնի գիւղի մէջ էր ան, այդ հիւրասէր մարդու տան ընդարձակ պարտէզին կեդրոնը, բալենիներու եւ սալորենիներու զով շուքի տակ։ Եթէ պատմիչ Ագաթանգեղոսը սեղանակից եղած ըլլար մեզի, զայն անկասկած պիտի կոչէր «սեղան մեծահաց», ուստի ճոխ էր։ Մեր աշակերտները աղօթքով նստեր էին անոր՝ «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ...» եւ երգով փառաբաներ էին զայն. «Սեղանն է առատ, դիմացն Արարատ...»։ Պտոյտի յաջորդ տասը օրերուն Նորավանքէն Դիլիջան, Վանաձորէն Սանահին նստեր էինք բազմաթիւ սեղաններ, ընդուներ էինք համակրելի սեղանակիցներ, տուեր էինք հայրենասիրական սեղանաճառեր եւ ունեցեր էինք զուարթ սեղանազրոյցներ։ Այդ սեղաններու շուրջ յայտնաբերեր էինք «գինի», «բաժակ», «հաց» եւ այլ բառերու ոդիսականները։ Իսկ այժմ, յարգելի ընթերցող, երբ մայրաքաղաքին մէջ, Հրազդան գետի եզրին նստած ենք պտոյտի վերջին սեղանին, որոշած ենք «սեղան» բառի շուրջ «զրոյցք ի սեղանի» ունենալ ու մատուցել անոր քաղցրահամ արժանիքները։

«Չորս ոտքով կամ որեւէ կարգի յենարանի վրայ ամրացուած հարթ մակերեսով կարասի».- ասիկա է «սեղան»ի առաջին իմաստը։ Սակայն, երբ նստինք հայկական գրականութեան սեղանը ու որպէս սեղանակից ընդունինք Մուշեղ Իշխանն ու Վահան Թէքէեանը, Խրիմեան Հայրիկն ու Դանիէլ Վարուժանը, պիտի տեսնենք, թէ ան ա՛լ աւելի բազմոտն է եւ բազմերես, քան կը կարծէինք։

Անստոյգ է «սեղան» բառի ծագումը։ Աստուածաշունչը ունի 590 «սեղան», որոնցմէ քառասունը «սեղան Աստուծոյ» է։ Սուրբ գիրքի էջերէն ներս մեր թարգմանիչները սարքեր են բազմաթիւ սեղաններ՝ «սեղան հողեղէն», «սեղան ոսկիապատ», «սեղան անփուտ փայտէ», «սեղան խնկակալ», «սեղան սրբութեան»։ «Սեղան»ի շուրջ առաջին նստողները եղեր են մատենագիր հոգեւորականները։ Անոնք ստեղծեր են բազմաթիւ ընտիր երկեր, ինչպէս՝ Խաչվերացի շարականը. «Զքառանկիւն սեղան խաչին, արժանապէս պատարագեալ բաշխէ զմարմին եւ զարիւնն Տեառն»։ Սեղան բառով մեր նախնիները կը հասկնային՝ բագին, հեթանոսական մեհեաններու մէջ զոհարան։ Քրիստոնէութեան հետ ան ստացաւ նոր իմաստ.- սեղանաձեւ պատուանդան, որու վրայ քահանան պատարագ կը մատուցանէ։ Երկար ժամանակ չտեւեց, որ բառս նշանակէր հացկերոյթ, հրաւէր եւ սննդամթերք։ Մեր «սեղան»ի հիւրերը դարէ դար բազմացան. 5-րդ դարուն եկան «սեղանազերծ» կամ՝ «սեղանակապուտ» գողեր, 8-րդ դարուն՝ «սեղանակազմ» սպասաւորներ, 10-րդ դարուն՝ «սեղանանենգ» աւազակներ, իսկ 13-րդ դարուն լումայափոխ «սեղանաւորներ»։ Ապա, եկաւ անկոչ հիւրը՝ «սեղանաբոյծ»։ Ձրիակեր, անյագ պնակալէզն էր ան, կոչունքներու հացկատակը։ Գրաբար հայերէնը հարուստ էր նաեւ բազմաթիւ արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ սեղան գրելոյ, սեղան խոհակերոցի, սպասք սեղանոյ ու մեր ամենասիրածը՝ զրոյցք ի սեղանի։ «Սեղան» բառը բազմանդամ է։ Անոր շառաւիղներն են՝ սեղանադիր, սեղանայարդար, սեղանահաց, սեղանապետ, սեղանասպաս, սեղանաւագ, սեղանընկեր, ճաշասեղան, խաղասեղան, գրասեղան...։ Ունեցանք նաեւ վանական սեղանատուներ, առատասեղան գիւղեր եւ համասեղան դրացիներ։ Իսկ այժմ կայ «արդուկի սեղան», ինչպէս նաեւ «կլոր սեղան», որ շատ անգամ կլոր չէ։ Հայը կը սարքէ, կը պատրաստէ, կը բանայ, կը յարդարէ, կ՚օրհնէ, կը նստի, կը բազմի, կը մաքրէ, կը հաւաքէ ու կը վերցնէ սեղան՝ կը ծառայէ սեղանին։ Առաւել ախորժաբեր են հետեւեալները՝ տօնական սեղան, ամանորեայ սեղան, սեղանի գինի, սեղանի աղ։ Ինչպէս յիշեցինք՝ «մեծահաց սեղան» արտայայտութիւնը կը պարտինք Ագաթանգեղոսին, զոր գործածեր է պարսիկ նախարարներու սեղանը նկարագրելու համար։ Ապա եկաւ Գրիգոր Նարեկացին ու սեղան դրաւ ճենճերող խօսքեր. «փափաքելի սեղան», «սեղան մեծախորհուրդ», «սեղան հացի», «սեղան փառաց»։ Իսկ ռամիկը ձեռքին ունէր հինաւուրց բարեմաղթանք՝ «Եօթ որդիով սեղան նստիս…»։

Բացօթեայ ճաշարանի մէջ, ծառէ ծառ երկարող գունաւոր լոյսերու տակ կայ խանդավառ մթնոլորտ։ Սփիւռքահայ մէկ այլ վարժարանի պատանիներն ալ եկած են հրաժեշտի ընթրիք վայելելու։ Այս տրամադրութեան մէջ, աշակերտները անգամ մը եւս կը սկսին երգել այլեւս պտոյտի հիմներգը դարձած երգը. «Սեղանն է առատ...», սեղանակից խումբը կը ձայնակցի՝ «Դիմացն Արարատ...»։

Երբ կը կարծէինք, թէ հայկական սեղանի շուրջ զուարթուն մեղեդիներ եւ սիրերգութիւն էր միշտ, օր մը «սեղան»ը քաղաքականացաւ։ 1878 թուականն էր. «...Օրհնեալ եւ սիրելի ժողովուրդ հայոց... Իբր պատգամաւոր գացինք Պերլին՝ Հայկական դատը մեծ պետութեանց Վեհաժողովին ներկայացնելու համար...»։ Խրիմեան հայրիկն է խօսողը, որ Պոլիս վերադարձեր է ու կը նկարագրէ վեհաժողովի սեղանը «...Մեծ պետութեանց քաղաքագէտ պատգամաւորները շարուեցան կանանչ սփռոցով ծածկուած դիւանագիտական սեղաններուն բոլորտիքը... Մէջտեղը, սեղանի մը վրայ, դրուած էր մեծ կաթսայ մը խարիսայ, ուրկից բաժին պիտի ստանային աշխարհիս մեծ ու փոքր ազգերն ու տէրութիւնք»։ Խրիմեան հայրիկը, փոքր մէկ ազգի պատգամաւորը, «գայլերու սեղան»էն վերադարձաւ ձեռնունայն։ Այդ օր սեղանի վրայ զոհուեցաւ հայու հողային իրաւունքը։ Հետեւա՞նքը։ Մնաց ափ մը հող Դանիէլ Վարուժանի գրասեղանին վրայ.

Գրասեղանիս վրայ, սա

Սկաւառակին մէջ կայ բուռ մ՛հող...

Հայրենիքի դաշտերէն...

Ա՜զգ մը կայ հոն, սեղանիս վրայ ազգ մը հին։

Վարուժանն էր, նաեւ որ Աստուածամօր սեղանին նուիրեր էր «Խաչբուռ» քերթուածը. «Քեզ կը բերեմ, Մա՛յր, հունձքերուս նախընծան։ Զոհագործէ՝, սեղանիդ վրայ...»։ Աւա՜ղ, բառս դեռ քաղաքականացած է։ Այսօր կայ «բանակցութիւններու» տխրահռչակ մէկ սեղան, որմէ զրկուած կը մնայ հայ ազգի արժանաւոր զաւակներու ամբողջ խումբ մը։ Ուստի, հայկական մամուլը ողողուած է այսպիսի խորագրերով. «Ստեփանակերտը կը փորձէ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղան», «Կը վերադառնա՞յ Արցախը բանակցային սեղանի շուրջ»։

Բայց եղան օրեր, ո՛չ կասկածելի դիւանագէտներ, բայց անպիղծ շրթունքով քնարերգակներ նստեցան սեղան ու անոր վերադարձուցին սրբութիւն եւ սիրերգութիւն... Ահա, եկաւ ու մեր մօտ նստեցաւ Մուշեղ Իշխանը, տուաւ սրտի խօսքը. «Մայր իմ՝ երդիք, մայր իմ՝ սեղան տոհմական», ապա Թէքէեանը եղաւ մեզի սեղանակից, արտասանեց Արարատին նուիրած տողիկը. «Արդար դրօշ հայութեան, սիրոյ սեղան հրառատ»։ Միջոցին, աշակերտներուն երգեցողութիւնը կը դառնայ աւելի աշխոյժ. «...Գովենք դարէ դար, աշխատանքն արդար, հայոց աշխարհի արեւը պայծառ»։ Կու գայ նաեւ Յովհաննէս Գրիգորեանը, մեծ ու պզտիկին յոտնկայս կը յորդորէ. «...Մի՛ տխրիր, երբ նստած ես սեղանի առաջ եւ մի արտասուիր, երբ գինի ես խմում»։ Վերջին հիւրն է Պարոյր Սեւակը։ Կը հարցնենք. «Ի՞նչ է սեղանի խորհուրդը»։ Կը պատասխանէ այսպէս.

Եկէ՜ք, խնդրեմ, եկէ՜ք այսօր ու դարձէք ինձ սեղանակից...

Թող մօտենայ իմ սեղանին

Նա՛, ում ձեռքը կոշտացել է

Մուրճից, բահից ու եղանից.

Ով տանջանքից կշտացել է

Ու փնտրում է սպեղանի։

Հիւրասէր է մեր «սեղան»ը, ճոխ ու համեղ։ Երկար տարիներ վայելեցէք զայն ու սեղան նստեցէք «եօթ զաւակով»։