«Վարդանանց պատերազմը» Բարեկենդանի օրերին

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetina@gmail.com

Բարեկենդանի օրերին՝ բուն Բա­­րեկեն­­դա­­­նին նա­­խոր­­դող երեք­­շաբթի եւ ուրբաթ օրե­­րին, հայ եկե­­ղեցին կը նշէ Ս. Վար­­դա­­­նանց զօ­­րավար­­նե­­­րի եւ 1036 վկա­­ների, ինչպէս նաեւ Ս. Ղե­­ւոն­­դեանց քա­­հանա­­ների յի­­շատա­­կու­­թեան օրե­­րը (այս տա­­րի Փետ­­րո­­­ւարի 26-ին եւ 28-ին)։

Աւա­­րայ­­րի ճա­­կատա­­մար­­տին Ղե­­ւոն­­դեանց քա­­հանա­­ները կը քայ­­լէին զօր­­քի առ­­ջե­­­ւէն՝ քա­­ջալե­­րելով հայ մար­­տիկնե­­րուն։ Ղե­­ւոնդ երէ­­ցը տա­­րիքով ամե­­նամեծն էր, նրա կող­­քին կը յի­­շուեն Յով­­սէփ կա­­թողի­­կոսը, Սա­­հակ եպիս­­կո­­­պոս Ռշտու­­նեացը, Բար­­սե­­­նեաց Թա­­թիկ եպիս­­կո­­­պոսը, Մու­­շեղ քա­­հանան, Քա­­ջաջն եւ Աբ­­րա­­­համ սար­­կա­­­ւագ­­նե­­­րը։

Ժո­­ղովուրդը նոյն պէս այդ օրե­­րին Աւա­­րայ­­րի ճա­­կատա­­մար­­տէն որե­­ւէ դրուագ «կը խա­­ղար»։ Այդ իւ­­րա­­­յատուկ ճա­­կատա­­մարտ-ներ­­կա­­­յացու­­մը Վար­­դան Մա­­միկո­­նեանի ցուցք կամ ցուցմունք, Վար­­դան Մա­­միկո­­նեանի ծէս, Վար­­դա­­­նանց պա­­տերազմ, Աւա­­րայ­­րի ճա­­կատա­­մարտ կը կո­­չուէր։

Մին­­չեւ 19-րդ դա­­րի վեր­­ջը այս ներ­­կա­­­յացումնե­­րը ան­­պայման կը խա­­ղային բուն Բա­­րեկեն­­դա­­­նին նա­­խոր­­դող հինգշաբ­­թի օրը Մոկ­­սում, Վաս­­պուրա­­կանում, Շա­­տախում, Ռշտու­­նի­­­քում, Կա­­րինում, Շի­­րակում եւ հա­­յոց այլ ազ­­գա­­­գաւառ­­նե­­­րում։

Գիւ­­ղի ժո­­ղովուրդը կը բա­­ժանո­­ւէր եր­­կու մա­­սի՝ հա­­յերի եւ պար­­սիկնե­­րի։ Կ՚ընտրո­­ւէին կա­­րեւոր դե­­րակա­­տար­­նե­­­րը՝ Վար­­դան Մա­­միկո­­նեանը, Վա­­սակ Սիւ­­նե­­­ցին, Ղե­­ւոնդ երէ­­ցը, նա­­խարար­­նե­­­րը եւ այլք։

Ձիուն բազ­­մած «Վար­­դան զօ­­րավար»ը քա­­ջալե­­րող ելոյթ կ՚ու­­նե­­­նար զօր­­քի առ­­ջեւ եւ կ՚ար­­շա­­­ւէր հա­­կառակ ծայ­­րէն եկող պար­­սից զօր­­քի վրայ եւ փայ­­տէ սրե­­րով զի­­նուած հա­­յերն ու պար­­սիկնե­­րը կը մարտնչէին ճա­­կատա­­մար­­տի դաշ­­տում։

Վեր­­ջը հա­­յերը կը յաղ­­թէին պար­­սիկնե­­րուն, ով­­քեր այ­­լեւս խեղ­­ճա­­­ցած գե­­րիներ էին՝ քրքրո­­ւած հա­­գուստով, երես­­նե­­­րը սե­­ւաց­­րած։ Նրանց վրայ քա­­րեր կը նե­­տէին, կը քաշքշէին, կը հայ­­հո­­­յէին...Պահ­­պա­­­նուել է Վաս­­պուրա­­կանում հնում իրա­­կանա­­ցուող Վար­­դա­­­նանց ցուցմունքի մի տար­­բե­­­րակ։

Նախ կը յայ­­տա­­­րարո­­ւէր ցուցմունքի կազ­­մա­­­կերպման մա­­սին եւ կը հրա­­ւիրէին բո­­լոր երի­­տասարդ տղա­­մարդկանց։

Ապա ամէն­­քը կը ժող­­վո­­­ւէին Իշ­­խան գիւ­­ղում՝ սրբա­­զան հոր, գիւ­­ղա­­­պետի, վար­­ժա­­­պետի եւ աւագ­­նե­­­րի խորհրդի ղե­­կավա­­րի գլխա­­ւորու­­թեամբ։

Կը բաշ­­խո­­­ւէին Վար­­դա­­­նի, Վա­­սակի, նա­­խարար­­նե­­­րի, հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րի, աշ­­խարհա­­կան­­նե­­­րի, նաեւ՝ ող­­բա­­­սաց կա­­նանց դե­­րերը եւ հա­­մապա­­տաս­­խան հա­­գուստնե­­րը։ Որոշ մար­­դիկ տա­­րիներ շա­­րու­­նակ նոյն դե­­րը կը կա­­տարէին, ուստի ար­­դէն ու­­նէին իրենց անհրա­­ժեշտ հա­­գուստնե­­րը։

Հա­­գուստնե­­րէն զատ կը պատ­­րաստէին մար­­տի հա­­մար անհրա­­ժեշտ պա­­րագա­­ները՝ դրօ­­շակ­­ներ, զի­­նան­­շաններ, վա­­հան­­ներ, սա­­ղաւարտներ, գլխա­­զար­­դեր…

Բուն «ճա­­կատա­­մար­­տին» կը նա­­խոր­­դէր եր­­թը՝ դէ­­պի եկե­­ղեցի։ Եր­­թը կը գլխա­­ւորէին Ղե­­ւոնդ Երէ­­ցը, վեր­­ջի­­­նիս աջ կող­­մում կը քայ­­լէր Վար­­դան սպա­­րապե­­տը, իսկ ձախ կող­­մում՝ Վա­­սակը։ Հե­­տաքրքրա­­կան է, որ ժո­­ղովուրդը իր ճա­­կատա­­մարտ-ներ­­կա­­­յացումնե­­րում Վա­­սակին եւ Վար­­դա­­­նին միասին կը պատ­­կե­­­րէր՝ որ­­պէս նոյն առա­­քելու­­թեան տէր մարդկանց։

Նրանցմէ ետք կը քա­­լէին նա­­խարար­­նե­­­րը՝ իւր զօր­­քե­­­րով, ապա՝ աշ­­խարհա­­կան­­նե­­­րը, նախ՝ առա­­ւել պա­­տուա­­ւոր քա­­ղաքա­­ցինե­­րը, ապա՝ ար­­հեստա­­ւոր­­նե­­­րը, ամէն­­քը՝ դրօշ­­նե­­­րով եւ իրենց զի­­նան­­շաննե­­րով։

Զուռնայ-դհո­­լի հնչիւններն ան­­պա­­­կաս էին եր­­թէն. կը հնչէին ռազ­­մա­­­կան քայ­­լերգեր ու պա­­րեղա­­նակ­­ներ։

Ապա կը սկսէր բուն ճա­­կատա­­մար­­տը։ Հա­­յերն ու պար­­սիկնե­­րը մար­­տի կը բռնո­­ւէին։ Կը յի­­շեն թէ 1909 թո­­ւակա­­նին ճա­­կատա­­մար­­տի պա­­հին մարտնչող հա­­յերն ու պար­­սիկներն այնքան էին տա­­քացել, որ նրանց մեծ դժո­­ւարու­­թեամբ են բա­­ժանել։

Ճա­­կատա­­մար­­տի աւար­­տին դաշտն այ­­լեւս ող­­բա­­­սաց կա­­նանց կը պատ­­կա­­­ներ. սրանք իրենց լա­­լագին եր­­գե­­­րով նա­­հատակ­­նե­­­րին կ՚ող­­բա­­­յին եւ թաղ­­ման ծէ­­սեր կ՚իրա­­կանաց­­նէին։

Բա­­րեկեն­­դա­­­նեան այս ներ­­կա­­­յացու­­մը կը վեր­­ջա­­­նար տղա­­մարդկանց ծի­­սական շուրջպա­­րով։ Պար­­բա­­­շի՝ պա­­րագ­­լուխ, կը կանգնէր կա՛մ որե­­ւէ հո­­գեւո­­րական, կա՛մ հէնց «Ղե­­ւոնդ Երէ­­ցը»։

Ապա մրցա­­խաղե­­րի ժամն էր՝ ձիար­­շաւներ, լախ­­տա­­­խաղեր, գնդա­­կախա­­ղեր, մա­­կանա­­խաղեր… եւ կը շա­­րու­­նա­­­կեր Բա­­րեկեն­­դա­­­նը…

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ