ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Շրջանցելը անբարոյ է

Բժիշկ Գէորգ Գէոր­­­գեան Կեդ­­­րո­­­­­­­նական սա­­­նուց միու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րէն էր։ Երբ երկրի օրի­­­նական պայ­­­մաննե­­­րը առիթ ստեղ­­­ծե­­­­­­­ցին հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու գո­­­յու­­­թեան, պոլ­­­սա­­­­­­­հայ հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը իս­­­կոյն ձեռ­­­նարկեց սա­­­նուց միու­­­թիւննե­­­րու հիմ­­­նադրու­­­թեան գոր­­­ծին։ Առա­­­ջինը եղաւ Մխի­­­թարեան վար­­­ժա­­­­­­­րանի սա­­­ներուն նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նը 1946-ին, որուն յա­­­ջոր­­­դե­­­­­­­ցին նախ Կեդ­­­րո­­­­­­­նակա­­­նը եւ հետզհե­­­տէ մեր միւս վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու շրջա­­­նաւարտնե­­­րը։

Սա­­­նուց միու­­­թիւննե­­­րը իրենց կազ­­­մին ու­­­նե­­­­­­­նալով թա­­­տերա­­­կան, երաժշտա­­­կան, գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան, գրա­­­կան եւ այլ յանձնա­­­խումբեր, կա­­­րեւոր կեն­­­սունա­­­կու­­­թիւն բե­­­րին պոլ­­­սա­­­­­­­հայ ըն­­­կե­­­­­­­րային ու մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին կեան­­­քին։ Մխի­­­թարեան­­­ցի­­­­­­­ներ հրա­­­տարա­­­կեցին «Սան» եւ կեդ­­­րո­­­­­­­նական­­­ցի­­­­­­­ներ ալ «Հան­­­դէս մշա­­­կոյ­­­թի» պար­­­բե­­­­­­­րական­­­նե­­­­­­­րը։ Բժիշկ Գէորգ Գէոր­­­գեան եր­­­կար տա­­­րիներ ստանձնեց «Հան­­­դէս մշա­­­կոյ­­­թի» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի խմբագ­­­րութիւ­­­նը։

Այդ շրջա­­­նի վար­­­չութեան ան­­­դամնե­­­րը կը գե­­­րադա­­­սէին միու­­­թեան գոր­­­ծունէու­­­թիւնը, հա­­­մոզո­­­ւած ըլ­­­լա­­­­­­­լով թէ ան պի­­­տի կրնայ լրաց­­­նել կրթա­­­կան այն բա­­­ցը, որ գո­­­յացած էր մեր դպրոց­­­նե­­­­­­­րէն ներս, երկրի կրթու­­­թեան նա­­­խարա­­­րու­­­թեան պար­­­տադրած ուսման ծրագ­­­րի պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ։

Ան­­­շուշտ կար նաեւ ըն­­­կե­­­­­­­րային ակնկա­­­լու­­­թիւններ։ Միու­­­թեան եր­­­դի­­­­­­­քին տակ պի­­­տի հա­­­մախմբո­­­ւէին տար­­­բեր սե­­­րունդներ, որոնք պի­­­տի օգ­­­տո­­­­­­­ւէին իրա­­­րու փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թե­­­­­­­նէն եւ գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րէն։

12 Սեպ­­­տեմբեր 1980 թո­­­ւակա­­­նի զի­­­նուո­­­րական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան շրջա­­­նը, երկրի բո­­­լոր հա­­­սարա­­­կական կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րու կող­­­քին ար­­­գի­­­­­­­լեց նաեւ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ միու­­­թիւննե­­­րու գոր­­­ծունէու­­­թիւնը։ Չորս տա­­­րիներ անց երբ ար­­­գելքը վե­­­րացաւ եւ միու­­­թիւննե­­­րը կրկին բա­­­ցին իրենց դռնե­­­րը, սա­­­նուց միու­­­թիւննե­­­րը ամ­­­բողջո­­­վին կորսնցու­­­ցած էին իրենց յատ­­­կա­­­­­­­նիշ­­­նե­­­­­­­րը։ Մխի­­­թարեան­­­ցի­­­­­­­ներ վերհրա­­­տարա­­­կեցին «Սան»ը՝ «Նոր Սան» անու­­­նով, իսկ կեդ­­­րո­­­­­­­նական­­­ցի­­­­­­­ներ փոր­­­ձե­­­­­­­ցին «Հո­­­պինա» պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­կան աւան­­­դը։ Ցա­­­ւօք եր­­­կուքն ալ կար­­­ճա­­­­­­­տեւ եղան եւ բա­­­ցի մէկ կամ եր­­­կու բա­­­ցառու­­­թե­­­­­­­նէ, միու­­­թիւննե­­­րու իմաս­­­տազրկու­­­թիւնը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի մին­­­չեւ օրս։

Այս շա­­­բաթ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ սա­­­նուց միու­­­թիւննե­­­րու անդրա­­­դառ­­­նա­­­­­­­լու դրդա­­­պատ­­­ճառն էր մա­­­հուան լուր մը։ Մէ­­­կը՝ որ կնքած էր իր մահ­­­կա­­­­­­­նացուն, ար­­­ժա­­­­­­­նի չէի գտած իր մա­­­սին խօ­­­սելու։ Ոչ թէ խօ­­­սելու նիւ­­­թի բա­­­ցակա­­­յու­­­թեան, այլ «մեռ­­­նո­­­­­­­ղին ետե­­­ւէն չեն խօ­­­սիր» սկզբունքը յար­­­գե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Եթէ պահ մը ան­­­տե­­­­­­­սենք այդ սկզբունքը, կա­­­րելի է էջե­­­րով գրել մեռ­­­նո­­­­­­­ղին թո­­­ղած չար յի­­­շատա­­­կին մա­­­սին։ Սա­­­կայն այս ան­­­գամ ալ գրի­­­չը պի­­­տի դժո­­­ւարա­­­նայ մա­­­մու­­­լի սկզբունքին դի­­­մաց։ Լրագ­­­րո­­­­­­­ղու­­­թեան աս­­­պա­­­­­­­րէզի մէջ յա­­­տուկ ար­­­ժէք կը վե­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նելու իրա­­­ւունքին։ Իսկ երբ են­­­թա­­­­­­­կան զուրկ է այդ իրա­­­ւունքէն, պէտք է շատ աւե­­­լի զուսպ մնալ։

Ես ալ որո­­­շած եմ զսպո­­­ւածու­­­թիւն պա­­­հելու։ Բայց ան­­­դին Լե­­­ւոն Էք­­­մեքճեանի յի­­­շատա­­­կը կը մարմնա­­­նայ աչ­­­քե­­­­­­­րուս առ­­­ջեւ։ «Հա­­­պա իմ մա­­­սին ի՞նչ պի­­­տի ըսես» կը հարցնէ Լե­­­ւոնի տե­­­սիլ­­­քը։ Լե­­­ւոնը՝ որ զո­­­հը եղած էր ամ­­­բողջ դա­­­տավա­­­րու­­­թեան ըն­­­թացքին շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուող սուտ ու սխալ թարգմա­­­նու­­­թեան, տե­­­սիլք մը դար­­­ձած, եկած նստած է գրա­­­սեղա­­­նիս վրայ, ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն կը պա­­­հան­­­ջէ։

Յա­­­ճախ կը լսեմ աւե­­­լի զգոյշ գրե­­­լու մա­­­սին խոր­­­հուրդներ կամ թե­­­լադ­­­րանքներ։ Գի­­­տեմ բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րուս մտա­­­հոգու­­­թեան պատ­­­ճառնե­­­րը, որոնք բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս իրա­­­ւացի են։ Ինչպէս այս յօ­­­դուածն ալ կ՚ապա­­­ցու­­­ցէ, որ­­­քան ալ փոր­­­ձես ան­­­բաղձա­­­լի նիւ­­­թը շրջան­­­ցել, բա­­­րի յի­­­շատակ մը կու գայ ու չ՚ար­­­տօ­­­­­­­ներ որ բա­­­րոյալ­­­քո­­­­­­­ւիս։

Ես Պի­­­ղատո­­­սի նման լո­­­ւամ ձեռ­­­ներս եւ ան­­­բա­­­­­­­րոյու­­­թիւնը թո­­­ղում ու­­­րիշնե­­­րու վզին, որոնց չ՚այ­­­ցե­­­­­­­լեր Լե­­­ւոն Էք­­­մեքճեանի յի­­­շատա­­­կը։

 

pakrates@yahoo.com