Սփիւռքահայ պատմագրութեան մեծ կորուստը

Պատ­­մա­­­բան Անա­­­հիտ Տէր Մի­­­նասեան 11 Փետ­­­րո­­­­­­­ւար եր­­­կուշաբ­­­թի առա­­­ւօտուայ կա­­­նուխ ժա­­­մերուն մա­­­հացաւ Փա­­­րիզի մեր­­­ձա­­­­­­­կայ Ֆրեզ­­­նէի բնա­­­կարա­­­նին մէջ։ Ան եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կէ ի վեր կը տա­­­ռապէր քաղցկե­­­ղէ։ Ծնած էր 1929-ին Փա­­­րիզ։ Դուստրն էր զա­­­րացի Լե­­­ւոն Գէ­­­ւոնեանի եւ Մշե­­­ցի Ար­­­մե­­­­­­­նու­­­հի Տէր Կա­­­րապե­­­տեանի։ Իսկ մայ­­­րը՝ Ար­­­մե­­­­­­­նու­­­հի Տէր Կա­­­րապե­­­տեան դուստրն էր Մշոյ պատ­­­մութեան մէջ յա­­­տուկ նշա­­­նակու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող Կիւ­­­լի­­­­­­­զարի եւ Գե­­­ղամ Տէր Կա­­­րապե­­­տեանի։

Ու­­­սա­­­­­­­նեցաւ Սոր­­­պոն հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի պատ­­­մութեան եւ աշ­­­խարհագ­­­րութեան բա­­­ժին­­­նե­­­­­­­րուն։ 1969-էն սկսեալ աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցե­­­­­­­ցաւ Սոր­­­պո­­­­­­­նի եւ Ըն­­­կե­­­­­­­րային գի­­­տու­­­թիւննե­­­րու հե­­­տազօ­­­տու­­­թիւննե­­­րու դպրո­­­ցին, նիւթ ու­­­նե­­­­­­­նալով Ռու­­­սաստա­­­նի պատ­­­մութիւ­­­նը, հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րու պատ­­­մութիւ­­­նը եւ հայ հա­­­սարա­­­կական, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին ու քա­­­ղաքա­­­կան պատ­­­մութիւ­­­նը։

«Հայ յե­­­ղափո­­­խական շարժման մէջ հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վարու­­­թիւնը եւ ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թիւնը 1887-1912» խո­­­րագ­­­րեալ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը 1992-ին Մե­­­թէ Թունչա­­­յի թարգմա­­­նու­­­թեամբ հրա­­­տարա­­­կուե­­­ցաւ «Իլե­­­թիշիմ» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան կող­­­մէ։

«Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը 2006-ին լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յեց հե­­­ղինա­­­կի «Հայ մշա­­­կոյ­­­թը եւ ար­­­դիակա­­­նացում» գիր­­­քը, որ կը բաղ­­­կա­­­­­­­նար զա­­­նազան յօ­­­դուած­­­նե­­­­­­­րէ։

Անա­­­հիտ Տէր Մի­­­նասեան 2014-ին այ­­­ցե­­­­­­­լեց իր նախ­­­նի­­­­­­­ներու ծննդա­­­վայր Մուշ, ուր ու­­­նե­­­­­­­ցաւ շատ յու­­­զումնա­­­լից հան­­­դի­­­­­­­պումներ։ «Ակօս»ի այդ տա­­­րուայ հա­­­մար­­­նե­­­­­­­րուն մէջ բա­­­ւական ծա­­­ւալուն կեր­­­պով անդրա­­­դար­­­ձած ենք այդ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նե­­­­­­­րուն։

Անա­­­հիտ Տէր Մի­­­նասեանի մա­­­հով սփիւռքա­­­հայ պատ­­­մա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը կա­­­րեւոր կո­­­րուստ մըն է, որ կ՚ապրի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ