Սեւ Ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ)-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչը առաջին օրէն սկսեալ պոլսահայերու համար կը դիտուի իբրեւ քաղաքիս մէջ Հայաստանը ներկայացնող դիւանագէտ։
Դիւանագիտական յատկութիւնով օժտուած այս գրասենեակի առաջին պաշտօնակատարն էր պատմաբան եւ թրքագէտ Արսէն Աւագեան։ Ապա ՀՀ. Արտգործ նախարարութեան աշխատանքային հերթափոխութեամբ նոյն պաշտօնին վրայ իրեն յաջորդեցին Կարէն Միրցոյեան եւ Միքայէլ Վարդանեան։ Արսէն Աւագեան շրջան մը եւս բոլորելէ ետք այս պաշտօնին վրայ, անցեալ ամսուայ վերջին օրերուն վերադարձաւ Երեւան։
Այժմ նոյն պաշտօնին կոչուած է Սահակ Սարգսեան, իր կողքին իբրեւ խորհրդատու ունենալով Նաղաշ Յակոբեանը։
Սարգսեան եւ Յակոբեան նախորդ ուրբաթ համայնքի հաստատութիւններու հետ ծանօթանալու տրամադրութեամբ այցելեցին «Ակօս»ի խմբագրութիւնը։
Հաճելի զրոյց ունեցանք յարգարժան հիւրերու հետ եւ ուրախութեամբ նկատեցինք, թէ իրենք արդէն բաւական տեղեկութիւններով զինուած են մեր քաղաքի հայ հասարակութեան իւրայատուկ երեւոյթներուն։
Յաջող ու արդիւնաբեր աշխատանքային շրջան կը մաղթենք Սահակ Սարգսեանին եւ Նաղաշ Յակոբեանին։