Ատրպէյճանցի լրագրողներու Հայաստան այցը

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԲԱԼԵԱՆ

Ատրպէյճանի «Թու­­րան» լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թեան գլխա­­ւոր խմբա­­գիր Շա­­հին Հա­­ճըյեւ եւ խումբ մը լրագ­­րողներ 1-5 Փետ­­րո­­­ւար թո­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ Հա­­յաս­­տան այ­­ցե­­­լեցին։ Պա­­տուի­­րակու­­թիւնը նախ­­քան այ­­ցե­­­լու­­թեան իրա­­կանա­­նալը դի­­մած էր եր­­կու եր­­կիրնե­­րու իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րուն եւ ար­­տօ­­­նու­­թիւն ձեռք բե­­րած։

Հա­­ճըյեւ այս այ­­ցե­­­լու­­թիւնը կը բա­­ցատ­­րէ բա­­խումնե­­րու շա­­րու­­նա­­­կուած երկրին մթնո­­լոր­­տը հասկնա­­լու հե­­ռան­­կա­­­րով։ «Մենք մեր ու­­շադրու­­թիւնը կեդ­­րո­­­նացու­­ցինք երեք կէ­­տերու վրայ, որոնք են 1915-ի դէպ­­քե­­­րը, Հայ առա­­քելա­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ քա­­ղաքա­­կան դե­­րակա­­տարու­­թիւնը եւ Ղա­­րաբա­­ղի հիմ­­նախնդի­­րը»։

Պա­­տուի­­րակու­­թիւնը այս շրջա­­նակի մէջ տե­­սակ­­ցած է զա­­նազան­­նե­­­րու հետ, որոնց կար­­գին կա­­րելի է նշել Հա­­յաս­­տա­­­նի Եւ­­րո­­­պայի կու­­սակցու­­թեան հա­­մանա­­խագահ, շար­­ժանկա­­րի բե­­մադ­­րիչ Տիգ­­րան Խզմա­­լեանը, քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ եւ Հայ ազ­­գա­­­յին քոնկրէ­­սի հա­­մակար­­գող Լե­­ւոն Զու­­րա­­­պեանը, Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­րա­­­պետու­­թեան նա­­խագա­­հի խորհրդա­­տու Թե­­ւան Պօ­­ղոսեան։

Պա­­տուի­­րակու­­թեան Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան թան­­գա­­­րան կա­­տարած այ­­ցե­­­լու­­թիւնը բուռն հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւն յա­­ռաջա­­ցուց Ատրպէյ­­ճա­­­նի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ