Համահայկական խաղերը այս տարի կը կայանան 5-17 Օգոստոս թուականներու միջեւ։ Ինչպէս ծանօթ է չորս տարուայ հերթականութեամբ կատարուող միջոցառումին աշխարհի զանազան երկիրներէն բազմաթիւ հայ մարզիկներ կը մասնակցին մրցելու համար տարբեր խաղերով։
Իսթանպուլի հայկական երկու մարզակումբները, Թաքսիմ եւ Շիշլի 11 Փետրուար երկուշաբթի երեկոյ մէկտեղուեցան Թաքսիմի մարզահամալիրի մէջ, ներկայացնելու համար այս տարուայ ֆութպոլի հաւաքականը։
Միջոցառման ներկայ էին Թաքսիմ ակումբի նախագահ Կարօ Համամճըօղլու, վարչութեան անդամները, Շիշլի մարզակումբի նախագահ Ալեն Թեքպըչաք, ֆութպոլի մարզիչ Սայաթ Չիլ եւ ֆութպոլի խաղացողներ։
Երկու նախագահներն ալ իրենց ելոյթներով բացատրութիւն տուին նախապատրաստական աշխատութիւններու մասին եւ խոստացան աւելի փայլուն արդիւնքով վերադառնալ Իսթանպուլ։