Վերջին տարիներու ուշագրաւ թատերական ներկայացումներէն է «Զապէլ»ը, որ բեմադրուած էր Պողազիչի համալսարանի շրջանաւարտներու հիմնած «ՊԿՍԹ» ակումբի կողմէ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանը հիմնադրութեան 175-ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս այս բեմադրութիւնը հիւրընկալեց վարժարանի Տիգրան Կիւլմեզկիլ դահլիճին մէջ։
Խաղի աւարտին նկատելով խուռներամ բազմութեան գոհունակութիւնը, 175-ամեակի յանձնախումբը որոշած է բեմադրութիւնը կրկնել 18 Փետրուար Երկուշաբթի օր, ժամը 20։30-ին դարձեալ Տատեան Վարժարանի մէջ։