ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԳԻՆԻ Բ.

Սիրոյ եւ գեղեցիկի գովքը

Մէկ ժամ առաջ էր- Անին, նախ­­կին աշա­­կեր­­տուհի, այժմ հայ­­րե­­­նադարձ գի­­նեգործ, Սա­­սու­­նիկ գիւ­­ղի իր տաս­­նա­­­մեայ այ­­գի­­­ներու մէջ ճե­­մելով խօ­­սեր էր հայ­­կա­­­կան գի­­նեգոր­­ծութեան մա­­սին։ Առա­­ւել ոգե­­ւորո­­ւեր է, քա­­նի որ ու­­նե­­­ցեր է սփիւռքա­­հայ հիւ­­րեր եւ անոնք փա­­փաքեր են հայ­­րե­­­նի հո­­ղի պար­­գե­­­ւած այդ արե­­ւահամ հե­­ղու­­կը համ­­տե­­­սել ու լսել առաս­­պելներ՝ սկսե­­լով առա­­ջին գի­­նեգործ Նոյ Նա­­հապե­­տէն։ Նոյն մի­­ջոցին մտքի ակօս­­նե­­­րու մէջ հո­­սեր էր «գի­­նի» բա­­ռի զուտ հայ­­կա­­­կան, անա­­պակ պատ­­մութիւ­­նը։ Գլխու պտոյտ տո­ւող պատ­­մութիւն էր՝ հա­­զարա­­մեակ­­ներ դան­­դա­­­ղօրէն հնա­­ցած ու քաղցրա­­ցած։

Անին այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն կ՚առաջ­­նորդէ հիւ­­րասրահ։ Հոն պատ­­րաստ է ճոխ գի­­նեսե­­ղան։ Ան չի մոռ­­նար նաեւ Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանէ տո­­ղիկ մը ար­­տա­­­սանել. «Ի՞նչը կը յաղ­­թի կեան­­քում հե­­րոսին, թէ չլի­­նեն կինն ու գի­­նին»։

Լայն սե­­ղանի շուրջ բա­­ժակ­­նե­­­րու հետ կը բարձրա­­նան երգ ու ծի­­ծաղ։ Կը սկսին ծփալ գի­­նեխառն զրոյցներ։ Հայ­­րե­­­նի այդ սե­­ղանի վրայ երկրորդ ան­­գամ կը վա­­յելենք «գի­­նի» բա­­ռը։ Մա­­տու­­ցողնե՞րը... Միջ­­նա­­­դարեան տա­­ղասաց­­ներն ու ժա­­մանա­­կակից բա­­նաս­­տեղծներն են։ Նախ կը յի­­շենք, թէ «գի­­նի» բա­­ռի առա­­ջին խմո­­րումնե­­րը տե­­ղի ու­­նե­­­ցեր են հո­­գեւոր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րու մէջ, ինչպէս Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցիի «Հա­­ւուն, հա­­ւուն» յա­­րու­­թեան տա­­ղը. «Խառ­­նել ի գի­­նի զխառ­­նե­­­լիս անու­­շից... Կե­­րայք յիմ հա­­ցէս եւ ար­­բէք զիմ գի­­նիս»։ Սպա­­սելիօրէն սե­­ղան կը մօ­­տենայ Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը, ան, որ ապ­­րած էր Վա­­նայ գի­­նեբեր Այ­­գեստա­­նէն ո՛չ շատ հե­­ռու Խա­­ռակո­­նիս գիւ­­ղի մէջ։ Հայ­­կա­­­կան բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը եւ «գի­­նի» բա­­ռը Քու­­չա­­­կին կը պար­­տին ոգե­­լից տո­­ղիկ­­ներ, ինչպէս՝ «Քո գու­­նովն գի­­նի՛ պի­­տէր, խմէի ու հար­­բե­­­նայի», «Շու­­շայ մի գի­­նի բե­­րեմ, ան խմիմ քու սի­­րուն վրայ»։ Ըստ երե­­ւոյ­­թին աշու­­ղը ու­­նէր ներշնչու­­մի եր­­կու գե­­ղատե­­սիլ աղ­­բիւր. «Ի՛նչ անուշ է սէրն ու գի­­նին»։ 1592-ին երբ Քու­­չա­­­կը մա­­հացաւ, նոյն տա­­րին ծնաւ մէկ այլ գի­­նեսէր տա­­ղասաց՝ Սար­­գիս Հա­­լէպ­­ցին։ Ան, որ ար­­հեստով կնիք պատ­­րաստող էր, ինչպէս նաեւ ակ­­նա­­­գործ, գո­­հարա­­վաճառ եւ թարգմա­­նիչ, «Գե­­ղեցիկ, սի­­րուն պատ­­կեր» տա­­ղի մէջ նկա­­րագ­­րեց այն նո­­րափ­­թիթ գե­­ղեց­­կուհին, որ գի­­շեր մը իր այ­­ցե­­­լու­­թեան եկաւ՝ մէկ ձեռ­­քը մոմ բռնած, իսկ միւ­­սին՝...

Ի միւս ձեռն իլի (լե­­ցուն) գի­­նի 
ապա­­կի ամա­­նով լցած։

Գի­­շեր էր, մէկ էլ եկաւ, ցնծա­­լով ծաղ­­րա­­­դէմ ասաց...

Ու­­տեմք եւ խմեմք գի­­նի, բոր­­բո­­­քիմ զսէր մեր վա­­ռած։

Սրա­­հը կ՚ողո­­ղուի գի­­նեհար եղա­­նակով. «Լեց­­նե՛նք ըն­­կերներ, բա­­ժակ­­նե­­­րը լի, թող հա­­յոց գի­­նին, մեզ անուշ լի­­նի»։ Անին հպար­­տութեամբ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ իր մէկ այլ ար­­տադրու­­թիւնը՝ 2016-ին շի­­շերու մէջ առ­­նո­­­ւած «Արե­­նի, կար­­միր անա­­պակ գի­­նի» ու կու տայ մէկ այլ բա­­ցատ­­րութիւն. «Անա­­պակ գի­­նիներ պատ­­րաստե­­լու հա­­մար քաղ­­ցուն են­­թարկում ենք լիակա­­տար խմոր­­ման»։

Ըստ գրա­­կանա­­գէտ­­նե­­­րու, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, 16-րդ դա­­րու տա­­ղասաց Մար­­տի­­­րոս Խա­­րասար­­ցին էր առա­­ջինը, որ հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան մէջ «գի­­նի» բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծեց խնճոյ­­քի, ու­­րա­­­խու­­թեան եւ վա­­յել­­քի պա­­րու­­նա­­­կու­­թեան մէջ։ Անոր խօս­­քերն են. «Ճեր­­մակ գի­­նի՝ լաւ դեղ սրտիս», «Գի­­նիս աղէկ, ճա­­շակն աղուոր»։ Անոր տա­­ղերուն անուննե­­րը կ՚ար­­տա­­­ցոլաց­­նեն իր կեն­­սա­­­սէր նկա­­րագի­­րը. «Տաղ գի­­նոյ եւ ու­­րա­­­խու­­թեան», «Տաղ ու­­րա­­­խու­­թեան սե­­ղանոյ եւ գի­­նոյ»։ Խա­­րասար­­ցին ու­­նի նաեւ «այբբե­­նական» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւն մը, ուր տո­­ղերը կը սկսին այ­­բուբե­­նի տա­­ռերու կար­­գով. «Այբն ասէ. այ­­սօր ըմ­­պեմք։ Բենն ասէ. բե­­րէք գի­­նի։ Գիմն ասէ. գի­­նի անոյշ։ Դան ասէ. դուր է տե­­ղիս։ Կենն ասէ. կա­­րաս բա­­նամք, բե­­րեմք գի­­նի»։ Ներս կը մտնէ Յով­­հաննէս Թլկու­­րանցին։ Կը դառ­­նայ սե­­ղանա­­կից։ Տրտում է։ Խա­­բուած է իր սի­­րածէն։ Հա­­մոզո­­ւած է, որ գի­­նին է յան­­ցա­­­ւորը. «Անուշ գի­­նով զիս խեւ արիր՝ որ ի ծոցդ զնտա­­նեցայ (բան­­տարկո­­ւեցայ)»։ Կու գայ նաեւ Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը, որ բա­­նաս­­տեղծ էր եւ աշուղ, նկա­­րիչ էր եւ ծաղ­­կող, ինչպէս նաեւ Թիֆ­­լի­­­սի մէջ Վախ­­թանգ թա­­գաւո­­րի պա­­լատա­­կան եր­­գիչն ու նկա­­րիչը։ Պարզ է անոր կեան­­քի իմաս­­տա­­­սիրու­­թիւնը.- Մար­­դը աշ­­խարհ եկած է վա­­յելե­­լու եւ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծե­­­լու հա­­մար։ Կ՚ըն­­դունի բա­­ժակ մը։ Ապա բո­­լորիս կը հրամցնէ ինքնա­­գիր երկտող. «Բե­­րանդ՝ կար­­միր գի­­նի, լե­­զուդ՝ հա­­մեղ նուշ… Ես մնա­­ցի կա­­րօտ՝ խմե­­լոյ հա­­մար»։ Միջ­­նա­­­դարու վեր­­ջին գի­­նեսէր բա­­նաս­­տեղծը՝ Կոնստան­­տին Երզնկա­­ցին ալ կը դառ­­նայ մե­­զի բա­­ժակա­­կից ու զո­­ւար­­թօ­­­րէն կը գո­­չէ. «Ահա եղեւ պայ­­ծառ գա­­րուն, այ­­սօր մար­­դիկ ու­­րա­­­խանան, քաղցրիկ խմեն յա­­նուշ գի­­նուն»։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, հայ­­կա­­­կան վե­­րած­­նունդի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններն ու եր­­գե­­­րը, ուր կայ կեան­­քը եւ աշ­­խարհի գե­­ղեց­­կութիւննե­­րը լիովին վա­­յելե­­լու փա­­փաքը, կար­­ծել կու տայ, թէ «գի­­նի» բա­­ռը զու­­գո­­­ւած է ու­­րախ տրա­­մադ­­րութիւննե­­րու հետ։ Մինչդեռ, օրեր եղան ու մենք գի­­նի բարձրա­­ցու­­ցինք զո­­հուա­­ծի հա­­մար։ Մէ­­կը 9 Մա­­յիս 1945 թո­­ւականն էր, երբ ամ­­բողջ Հա­­յաս­­տա­­­նը կը տօ­­նէր Մեծ Յաղ­­թա­­­նակը։ Այդ օր, Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը խառ­­նո­­­ւեցաւ փո­­ղոց­­նե­­­րու հոծ բազ­­մութեան։ Մար­­դիկ ծա­­փով, ծի­­ծաղով էին։ Հայ­­րե­­­նակից մը սե­­ղան բա­­ցած իր տան առաջ՝ ան­­ցորդնե­­րուն կը հրա­­ւիրէր իր որ­­դիի կե­­նացը գի­­նի խմե­­լու. «Մի մարդ սե­­ղան է բա­­ցել տան առաջ, լցրել թա­­սերը ոս­­կե­­­փայլ գի­­նով»։ Հայր մը անոնց մէջ բա­­ժակ կը բարձրաց­­նէ... իր որ­­դիի հանգստեան հա­­մար.

Խմում են ան­­ձայն զո­­հուա­­ծի հա­­մար

Եւ հե­­ղում գի­­նին սուրբ հա­­ցի վրայ։

- Անի, ի՛նչ լաւ յի­­շեցիր Թու­­մա­­­նեանը։

- «Թմկա­­բեր­­դի առու­­մը», պա­­րոն, իմ ամե­­նասի­­րած վէ­­պերից է. «Ի՞նչը կը յաղ­­թի կեան­­քում հե­­րոսին, թէ չլի­­նեն կինն ու գի­­նին»։

- Ճիշդ է։ Գի­­նին իր բա­­ժինը ու­­նէր, երբ անա­­ռիկ Թմուկ բեր­­դը դա­­ւով գրա­­ւուե­­ցաւ. «Գի­­նով հար­­բած, քնած են բեր­­դի եւ՚ զօր­­քերն, եւ՛ տէր»։ Անի, ու­­նե­­­ցանք նաեւ բա­­նաս­­տեղծ մը, որ առանց գի­­նիի գի­­նով­­ցաւ։ Մե­­ծարենցն է ան. «Լու­­սե­­­ղէն ճամ­­բէն ես կ՚անցնիմ գի­­նով...»։ Իսկ դուն տե­­սե՞ր ես գի­­նով­­ցած աքա­­սիաներ։ Մե­­ծարեն­­ցը տե­­սաւ.

Աքա­­սիաներ, գի­­նով լոյ­­սէ ու տա­­պէ,

Օրօ­­րուե­­լով մա­­քուր շունչ մը կը հե­­ւան։

Գի­­նիի գո­­լոր­­շիին այժմ կը խառ­­նո­­­ւի մէկ այլ ոգե­­լից մե­­ղեդի. «Գո­­վենք ըն­­կեր, ու­­րախ սա­­զով, Հա­­յաս­­տա­­­նի կար­­միր գի­­նին։ Խմենք ըն­­կեր, ոս­­կէ թա­­սով, Հա­­յաս­­տա­­­նի կար­­միր գի­­նին»։ «Գի­­նի» բա­­ռը դար­­ձա՞ւ գիր­­քի անուն։ Աննկա­­տելի։ Հա­­տոր մը 1927-ին Վե­­նետի­­կի մէջ. «Հաց եւ գի­­նի։ Առանձնա­­խօսու­­թիւն մը բա­­նաս­­տեղծու­­թեան վրայ»։ Յա­­ջորդ եր­­կու հա­­տը 30-ական թո­­ւական­­նե­­­րուն Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ- «Գի­­նի պատ­­րաստե­­լու գլխա­­ւոր հի­­մունքնե­­րը» եւ «Ալա­­ւեր­­դու շրջա­­նի գի­­նինե­­րը»։ Ըն­­տիր հրա­­տարա­­կու­­թիւն է Գա­­հիրէի մէջ 1935 թո­­ւակա­­նին լոյս տե­­սածը. «Գի­­նիի եր­­գը։ Արե­­ւելեան եր­­գեր»։

- Պա­­րոն, կ՚ըսէ Անին, գի­­նին ամ­­բողջ հան­­րա­­­պետու­­թեան նո­­րից պար­­գե­­­ւում է բերկրու­­թիւն եւ բեր­­րիու­­թիւն։

Չհա­­մաձայ­­նիլ կա­­րելի չէ, երբ գի­­նետու­­նե­­­րով հարստա­­ցած է մայ­­րա­­­քաղա­­քի Սա­­րեան փո­­ղոցը եւ աշ­­խարհին այժմ ծա­­նօթ է, որ­­պէս «Գի­­նու փո­­ղոց»... Ու­­շա­­­ցան, բայց եկան։ Տէ­­րեանն ու Չա­­րենցն են։ Առա­­ջինը կ՚եր­­գէ. «Օրօ­­րիր, օրօ­­րիր մեզ գի­­նի»։ Իսկ Չա­­րեն­­ցը կը հարցնէ. «Ու՞ր է զուռնան»։ Ան կը կա­­տարէ գի­­նիի եւ գե­­ղեցի­­կի գով­­քը ու վեր­­ջին բա­­ժակ­­նե­­­րը կը բարձրա­­նան հայ գի­­նեգոր­­ծե­­­րու կե­­նացը.

Կ՚ու­­զեմ հի­­մի փչէ զուռնէն - հար­­բած ըլիմ մին­­չեւ էգուց.

Ըն­­կերնե­­րի սուփրին գի­­նի ու հա՛ց ըլիմ մին­­չեւ էգուց։

Քո էդ անոյշ, ազի՜զ տես­­քով հար­­բած ըլիմ մին­­չեւ էգուց։