ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեան վերածուած ժողովուրդներու կրօնական եւ ներկայանալու խնդիրներուն առումով հետաքրքրական զարգացումներով լեցուն շաբաթ մը բոլորեցինք։ Երբ Յունաստանի վարչապետ Ցիբրաս Թուրքիա այցելութեան շրջագծով կ՚այցելէր Հէյպելի կղզիի պետական որոշումով փակուած հոգեւոր ճեմարանը, անդին Վատիկանի մօտ հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեան Անգարայի մէջ կ՚այցելէր Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չաւոգշօղլուն։ Այցելութեան նիւթն էր պատրիարքական ընտրութիւնը։
Սակայն աւելի տեղին պիտի ըլլայ նիւթին անդրադառնալ մի այլ զարգացումը յիշելով։ Մօտ անցեալին Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքարանը ընդունեց Ուկրանիոյ ուղղաբար եկեղեցւոյ ինքնիշխանութիւնը։ Այսպէսով Ուկրանիա քայլ մը եւս կը յառաջանար ռուսական ազդեցութենէ ազատուելու ճամբուն վրայ։ Կասկած չկայ թէ տիեզերական պատրիարքարանը Ռուսաստանի համար գլխացաւ հանդիսացող այս որոշումին հանգելու պահուն ապահոված է Թուրքիոյ հաւանութիւնը եւ յօժարութիւնը։ Դժուար չէ կանխատեսել թէ Ռուսաստան այս մասին Թուրքիոյ նկատմամբ եւս դժգոհութիւն յայտնէ։
Տիեզերական պատրիարքարանի Պրուսայի առաջնորդ Փրոֆ. Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիս «Ճումհուրյէթ» թերթին հարցազրոյցին մասնակցեցաւ։ Թղթակիցի «Մոսկուայի հետ սերտ յարաբերութեան մէջ գտնուող Անգարա ի՞նչ վերաբերում ունեցաւ այս նիւթին» հարցումին Լամպրինիատիս պատասխանեց հետեւեալ կերպով։ «Ի տարբերութիւն Ռուսաստանի ազդեցութեան տակ գտնուող այլ երկիրներուն, Թուրքիա տարբեր կեցուածք կը պահէ։ Փութին 2008-ին եւ 2018-ին, երկու անգամ Թուրքիոյ միջամտութիւնը պահանջեց Ուկրանիոյ խնդրին վերաբերեալ։ Էրտողան երկու դիմումներուն ալ մերժեց պատրիարքարանին միջամտել։ «Թուրքիա լայիք պետութիւն է։ Պատրիարքարանը կը զբաղի կրօնական գործերով։ Պետութիւնը չի միջամտեր կրօնական խնդիրներու եւ պատրիարքարանը անկախ է»։ Մենք կը գնահատենք այս ընթացքը։ Ի տարբերութիւն Անգարայի, Մոսկուա փորձեց իր բոլոր քաղաքական ուժը գործադրել»։
Շատ լաւ, բայց միտքերնուս կը կառչի «արդեօք Թուրքիա իր այս լայիք կեցուածքը կը պահէ՞ այլ նիւթերու մէջ ալ» հարցումը։ Այժմէական նիւթերու գլխաւորն է Թուրքիոյ հայ հասարակութեան իր պատրիարքը ընտրելու իրաւունքէն զրկուիլը։ Նիւթը անգամ մը եւս համառօտ կերպով վերյիշենք։ Մեսրոպ Բ. պատրիարք, աւելի քան 10 տարի է որ հիւանդութեան բերմամբ չի կրնար կատարել իր պարտականութիւնը։ Բաւականին երկար ժամանակահատուած մը։ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդը, պաշտօնական բժշկական տեղեկագիրներու լոյսին տակ 2017-ին հանգստեան կոչեց Մութաֆեան պատրիարքը եւ յայտարարեց թէ թափուր է պատրիարքական աթոռը։ Իբրեւ այս յայտարարութեան բնական հետեւանք, սկսաւ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը։ Սակայն պետութիւնը, Իսթանպուլի կուսակալութեան միջոցաւ ընդհատեց շարունակուող գործընթացը։ Այս ընելու պահուն ալ ըսաւ՝ «Որքան ատեն որ Մութաֆեան կենդանի է, չէք կրնար ընտրութիւն ընել»։
Այս բոլորը լայիք պետութեան կրօնական խնդիրներու միջամտութիւնը չէ՞։ Անշուշտ որ է։ Հայ եկեղեցին կ՚ուզէ իր աւանդութիւններուն համաձայն պատրիարք ընտրել։ Սա ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլ հայ հասարակութեան ալ պահանջն է։ Իսկ պետութիւնը, բացի եկեղեցական կարգ ու կանոնին միջամտելէ, կ՚արգիլէ նաեւ հայ հասարակութեան կամքը։
Երբ Թուրքիոյ հայ համայնքի կարգ մը վարչայիններ ալ համակերպած են այս վիճակին, Էջմիածին իր ներկայացուցիչը իբրեւ, Պարսամեան Սրբազանի միջոցաւ ժամադրութիւն կը պահանջէ Արտգործ նախարար Չաւուշօղլուէն։ Ներքին բնոյթ ունեցող այս տեսակ խնդիրներու համար Արտգործ նախարարի հետ խօսելու երեւոյթն ալ ինքնին բաւական խնդրական է։
Պետութեան հայ հասարակութեան հանդէպ մերձեցումին տեղեակ ամէն ոք հասկցած է թէ պետութիւնը կ՚ուզէ պատրիարքական ընտրութեան միջամտել։ Աւելի ճիշդ, իր համար աւելի նախընտրելի պատրիարքի մը ընտրուելուն համար պայմաններուն հասունանալը սպասել։ Չարտօնէր որ հայ հասարակութիւնը իր հոգեւոր եւ քաղաքական տարրերով պատշաճը կատարէ։
Դիտելով այս համայնապատկերը, կը դժուարանանք Թուրքիոյ լայիք պետութիւն մը ըլլալու մասին պնդումներուն ձայնակցելու։ Աւելի իրատես վերլուծութեամբ կրնանք ըսել թէ պետութիւնը իր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններուն համաձայն կ՚ուզէ ամէն տեսակի գործընթացը հսկել եւ ձեւաւորել։ Հարիւրամեայ աւանդութիւն մըն է այս, ուր պետութիւնը դամոկլեան թուրի մը նման կը ճոճուի հայ հասարակութեան գլխուն վերեւ։
Այս պայմաններու տակ իմաստալից է նաեւ Հէյպելի կղզիի հոգեւոր ճեմարանի բացումը Արեւմտեան Թրակիոյ միւֆթիւյի հարցին կապելու ռազմավարութիւնը։ Այսինքն իբրեւ թէ լայիք պետութիւն մը, հոգեւոր ճեմարանի բացումը կը պայմանաւորէ այլ կրօնի մը խնդրին։
Չլսեցի՛ լայիք պետութիւն ըսի՞ք։