Վաթիքանի մօտ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակ Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 4 Փետրուար, երկուշաբթի Անգարայի մէջ այցելեց Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Մէվլուտ Չավուշօղլուին։ այս այցելութեան ընթացքին Խաժակ սրբազանին կ՚ընկերակցէր Սուրբ Էջմիածնի հոգեւորականներէն Հայր Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Արամ Արք. Աթէշեան։ Հանդիպումին յաջորդ օր Խաժակ սրբազան Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցին մէջ այցելեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Բ.-ին։ Այս այցելութեան դարձեալ Արամ սրբազան եւ Շահան վարդապետ կ՚ընկերակցէին իրեն։
Պատրիրաքին տրուած այցելութենէ ետք առիթ ունեցանք Խաժակ սրբազանի հետ զրուցելու իր այցելութեան նպատակին եւ ձեւաւորման մասին։
Խաժակ սրբազան յայտնեց, թէ այս հանդիպման միտքը կը պատկանի Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի։ Ինք է, որ թնճուկի վերածուած այս հարցը լուծելու համար մտադրեց հանդիպում մը ունենալ Թուրքիոյ իշխանութիւններու հետ։
«Կաթողիկոսը յատկապէս ընդգծեց, թէ իր նպատակը ո՛չ թէ գործընթացին միջամտել է, այլ կտրուած յարաբերութիւնները կրկին շարունակելու միջոցներ գտնել։ Էջմիածին քաջաբար կը գիտակցի իր դիրքին, հետեւաբար երբեք մտադիր չէ այդ դիրքէն դուրս գալով որեւէ ոտնձգութեան տեղի տալու։ Վեհափարը ինձմէ պահանջեց, թէ այցելեմ Իտալիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան եւ պաշտօնապէս յայտնեմ ժամադրութեան խնդրանքը։ Արդարեւ պաշտօնավարելով Հռոմի մէջ արդէն անձնական ծանօթութիւն ունիմ Թուրքիոյ հանրապետութեան Իտալիոյ դեսպանին հետ։ Այցելեցի եւ պարզեցի Վեհափառ հայրապետի խնդրանքը։ Դեսպանը իր կարգին շատ դրական համարեց այս եղանակը եւ խոստացաւ մեր խնդրանքը փոխանցել Արտաքին Գործոց Նախարարութեան։ Շուտով հասաւ պատասխանը, ուր կը նշուէր թէ Արտաքին գործոց նախարարը պատրաստ է մեզ ընդունելու։ Մինչ այդ Հայր Շահէ Վրդ. Անանեան Ուղղաբար եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն հերթական ժողովին համար կը գտնուէր Հռոմ։ Վեհափառը յարմար դատեց իր մասնակցութիւնը եւս։ Այսպէս 4 Փետրուարին ընկերակցութեամբ Արամ Արք. Եպիսկոպոսի այցելեցինք Անգարա։ Ես նախարարին պատմեցի պատրիարքական ընտրութեան ուշացումին հայութեան մօտ տեղի տուած դժգոհութիւնը։ Յստակօրէն պարզեցի, որ Կաթողիկոսը բացարձակապէս մտադիր չէ այս խնդրին միջամուխ ըլլալու։ Ան պարզապէս կը ցանկայ խնդրին լուծում մը գտնելու համար իր աջակցութիւնը բերել։ Նախարարն ալ իր կարգին նշեց, որ սա ներքին խնդիր մըն է, պետութիւնն ալ կը փափաքի պատրիարքական ընտրութիւնը իրականացնել, բայց պէտք է քիչ մը եւս համբերող ըլլալ։ Ես համոզուած եմ, որ նախարարը մտերիմ էր իր խօսքերուն մէջ։ Ան յատկապէս կը շեշտէր ընտրութեան գործընթացին համերաշխութեան մէջ ընդանալու կարեւորութիւնը։ Կը մտահոգուէր հաւանական պառակտումներէ եւ համայնքին սպառնացող փոթորկոտ մթնոլորտէ»։
Պատրիարքարանն ալ իր կարգին զեկոյց մը հրապարակելով պարզեց այս զարգացումները Պատրիարքական զեկոյցին մէջ գործընթացքը համառօտելէ ետք կ՚ըսուի հետեւեալը. «…Շուրջ մէկ ժամուան մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեծայարգ Նախարարը յայտնեց, թէ Պետութիւնը տեղեակ է Պատրիարքական ընտրութեան անցուդարձերուն եւ կը հետեւի զարգացումներուն։ Համբերութիւն պահանջեց, որպէսզի բարւոք լուծում գոյանայ։
Պատուիրակութիւնը յետ միջօրէին վերադարձաւ Իսթանպուլ»։ Խաժակ սրբազան եւ Հայր Շահէ չորեքշաբթի օր մեկնեցան քաղաքէս։