Հայ ժողովուրդը երկար շատ երկար ընդհատումէ ետք Ի. դարուն երեք անգամ ապրեցաւ պետականացման փորձը։ Ուշագրաւ երեւոյթ է թէ, այդ երեք փորձերն ալ իրականացան մեր կամքէ անկախ գործընթացի հետեւանքով։ Որպէս ազգ անպատրաստից, լոկ տարածաշրջանի պարտադրանքներուն բերմամբ տիրացանք պետականութեան։
Կարգ մը գոռոզ թուրք պատմաբաններ կը հպարտանան պատմութեան ընթացքին 15 պետութիւններ հիմնած ըլլալու երեւոյթով։ Ես այդ խնդիրը կը դիտեմ հակառակ տեսանկիւնէ։ 15 անգամ պետութիւն հիմնելու համար պէտք է 14 անգամ պետութիւն կործանած ըլլալ։ Մեր երեք պետութիւններու հիմնադրութիւնը ինչպէս որ մեր կամքէն անկախ իրականացաւ, երկու հանրապետութիւններու կործանումն ալ մեր մեղքը չէր։
Ընդհակառակը, մենք կրնանք պարծենալ իւրաքանչիւր նոր հանրապետութեան, նախորդին ձեռքբերումներուն վրայ նոր արժանիքներ աւելցնելու յատկութիւնով։
Ա. Հանրապետութիւնը հիմնուած էր ցեղասպանութեան սարսափի օրերուն։ 1918-ին տակաւին կը շարունակուէր հայը աշխարհի երեսէն վերացնելու չար միտքը։ Եաթաղանին, թուրին կիսատ թողածը լրացնել կը ջանար սովն ու համաճարակը։ 1920-ին պատկերը որքանո՞վ բարեփոխուած էր։ Համարեա նոյն թշուառ չքաւորութեան մէջ վերընձիւղուեցաւ պետութեան գաղափարը։
Գ. Հանրապետութիւնը եւս կայացաւ մոլորութեան պայմաններու մէջ։ Առիթ եւ ժամանակ չունեցանք օրուան իմաստը ճշգրիտ հասկնալու։ Միամտօրէն ուրախացանք կարծելով թէ կոմունիստական համակարգը պիտի փլի եւ տեղը պիտի գայ կապիտալիստական համակարգ։ Այդ պահուն միտքով իսկ չանցուցինք, թէ կապիտալիստական դրութիւնը ձեռնտու է կապիտալ ունեցողին համար միայն։
Մոլորուածութիւնը շարունակուեցաւ եւ նախորդ շրջանի բոլոր զարգացումները մէկ կողմ թողուցինք։ Փարեցանք բոլոր այն շատ անգամ ալ սնամէջ արժէքներուն, որոնք իրականութեան մէջ արժէք չէին, բայց համայնավար համակարգը մեզ զրկած էր անոնցմէ։
Օրինակի համար մեր առօրեային խուժեցին երկկողմանի անորակ երաժշտական ճաշակներ։ Մէկ կողմէն քիչ մըն ալ Ղարաբաղեան պատերազմի բերմամբ ռազմատենչ ֆետայիական երգերով ողողուեցաւ երկիրը, իսկ միւս կողմէ անոր այլընտրանքը դարձաւ ռապիզն ու օճառի փրփուրի մը չափ ծանրութիւն ունեցող երաժշտութիւնը։
Բարեբախտաբար անդին ունէինք հսկայ աւանդ մը, ամենաբարձր մակարդակի հասած երաժշտական դպրոց մը, որուն արգասիքը կը վայելենք մերթ ընդ մերթ։ Այդ հազուադէպ պահերէն մէկն է հանրային հեռուստակայանի սփռած «Երգ երգոց» հաղորդումը։ Այդ հաղորդման իւրաքանչիւր հատուած կը ներկայացնէ կամ անուն մը, կամ դէպք մը, վերջապէս կ՚ունենայ նշանակութիւն մը։ Երկու շաբաթ առաջ «Երգ երգոց»ի մեծառեալն էր Ուիլեամ Սարոյեան։ Այս առթիւ տողանցեցին ամերիկեան ճազի բարձրորակ կատարումներ, առհասարակ երիտասարդ երգիչ-երգչուհիներու ձայնով։ Հաղորդավար Խորէն Աբրահամեան իր շնորհալի արեւելահայերէնով կ՚արժանանայ մեծ հօրը թողած աւանդին հաւատարիմ ներկայացուցիչը։
Դիտելով «Երգ երգոց»ի նման հաղորդումները, կը ձերբազատուինք վերեւ նշուած անորակ երաժշտութեան թելադրած հիասթափութենէն։ Կը սիրենք հաւատալ թէ, այն ինչ որ մնացած է նախկին տարիներէ, կարող է նոր ծիլեր եւս արձակել եւ անմշակ չթողուլ մեր երկիրը։
pakrates@yahoo.com