Մեր բառերուն ամենէն արեւափայլը
- Բարի էք եկել հայրենիք, պարոն։
- Բարեւ, Անի։ Վերջապէս, դարձեալ տեսնուեցանք։ Անի՛, ծանօթացնեմ, մեր բարեկամներն են։ Առաջին անգամ Հայաստան կու գան։ Բոլորն ալ ուզեցին այս օրը ձեզի տրամադրել, այսինքն՝ հայկական գինիին։ Ծրագիրը ի՞նչ է։
- Պարոն, մի քիչ կը քայլենք, ձեզ մեր այգիները ցոյց կը տամ, կը պատմեմ խաղողի տեսակների մասին, յետոյ հիւրասրահում ունենալու ենք ճաշ եւ գինու համտեսութիւն։
Անին ընտանիքի հետ Հայաստան ներգաղթած նախկին աշակերտուհի է։ Տասը տարի առաջ, Երեւանէն ո՚չ շատ հեռու Սասունիկ գիւղի մօտ հաստատած են նոր այգիներ ու սկսած են գինեգործութեամբ զբաղիլ։ Չափազանց ուրախ է։ Կ՛աւետէ նաեւ, թէ ամուսնացած է եւ ամուսինն ալ գինեգործ է։
- Պարոն, մի լուր եւս. շահել ենք մեր երրորդ միջազգային մրցանակը։ Սկսե՞նք... Յարգելի հիւրեր, բարի էք եկել հայրենիք։ Նախ ուզում եմ ձեզ ասել, որ Հայաստանը խաղողի մշակման եւ գինեգործութեան բնօրրանն է, այն օրուանից, երբ Նոյ նահապետը ջրհեղեղից յետոյ Արարատի ստորոտին տնկել է խաղողի առաջին որթը։ Մեր երկիրը ունի գինեգործութեան 6000 տարուայ պատմութիւն... Ասեմ նաեւ, թէ աշխարհի վեց հազար խաղողի տեսակներից երկու հազարը Հայաստանում է գտնւում։ Մեր բարձր լեռնային երկրում դեռ աճում են խաղողի այնպիսի տեսակներ, որոնք ունեն հազարամեակների ծագումնաբանութիւն։
Երբ Անին որթատունկերու երկար գիծերու ուղղութեամբ հայկական գինեգործութեան մասին կը խօսի, անոր զուգահեռ կը սկսի հոսիլ նաեւ «գինի» բառի անապակ ծագումնաբանութիւնն ու պատմութիւնը։
«Գինի» բառը բնիկ հայկական է։ Ի՞նչու զարմանալ, երբ առաջին խաղողը, առաջին գինին եւ առաջին գինեգործը սկզբնաւորուած են Հայաստանի մէջ։ Երբ գինիի մասին կը խօսինք, նախ պէտք է խօսիլ տեղանուններու մասին, քանզի հայերէնի մէջ չկայ բառ մը, որ մայրենի հողին այնքան կապուած ըլլայ, որքան «գինի» բառը։ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը իր ուսումնասիրութիւններու մէջ նշած է Արարատ լերան լանջին կանգնած երեք հնագոյն տեղանքի անուն. Գինեբլուր, Գինեհովիտ եւ Գինեգետ։ Ունեցեր ենք Վան նահանգի մէջ, Արճէշի մօտ, Մեծոփ եւ Սիփան լեռներու միջեւ Գինաբեր Սուրբ Նշան վանքը, որ յայտնի է եղած նաեւ Գինաբերի վանք եւ Գինաբերոյ վանք անուններով։ Մեր լեռնաշխարհը գինովցեր է նաեւ Գինա վտակով, Գինուոյ գետով, Գինոյ բլուրով եւ Գինոյ լեռով։
Որպէս հայերէնի հնագոյն բառ, «գինի»-ն հանդարտօրէն հասուննալու ժամանակ ունեցաւ։ Անոր արմատէն ճիւղաւորուած բարդ եւ ածանց բառերը, արտայայտութիւններն ու դարձուածքները հայրենի արեւուն տակ դարձան քաղցրահամ։ Եթէ կ՚ուզէք ձեր բարեկամը «գինով» կամ «գինեմոլ» կոչել, բայց միեւնոյն ժամանակ ըլլալ աւելի պատկերալից՝ գործածեցէք «գինի սպունգ», «գինին գլուխն ընկնած», «գինի գլխին խփած», «գինու տոպրակ», «գինիի կարասը ինկած» դարձուածքները, ինչպէս նաեւ՝ «գինեգիժ» եւ «գինեճան» ընտիր ածականները։ Նկատի կրնաք առնել նաեւ «գիշեպաշտ» եւ «գինարբու» բառերը։ Իսկ յաջորդ օրը երբ արթննաք, գործածեցէք «գինին թափել» կամ «գինին գլխից թափել» արտայայտութիւնները, որոնք կը նշանակեն՝ գինովութենէ, հարբածութենէ սթափիլ, զգաստանալ։ Հայերէնը ունի նաեւ խրատ մը. «Ինչ տեղ գինի՝ ընտեղ քնի»։ Ըստ երեւոյթին, որքան շատ խմեր ենք այդ հեղուկը, այնքան բարձր տրամադրութիւն ունեցեր ենք անոր մասին խօսելու եւ ստեղծագործելու։ Հայերէնը «գինի» արմատով շինուած հարիւրէ աւելի բառ ունի։ Գանձ մը իսկական։ Կ՚առաջարկեմ հայրենի բառերու տակառին մէջ մխրճել ձեր գինեթասը ու համտեսել քանի մը ումպ ընտիր բառ. Գինետկճոր, գինախում, գինահարբ, գինառատ, գինարբեցութիւն, գինեբուրմունք, գինեզուարճ, գինեթաթախ, գինելից, գինեկոնծութիւն, գինեհարութիւն, գինեղեգ, գինենկուղ, գինետօն, գինետու, գինեբուխ եւ գինեփրփուր։ Իսկ մեր քաղցրահամ այդ հարստութիւնը վստահեր ենք երկու հաւատարիմ պաշտօնեաներու. «գինեպան» եւ «գինեպետ»։ Ըստ հայկական հին մատենագրութեան, «վստահելիութիւն» բառը կարելի չէր գործածել գինեվաճառներու համար։ Միջնադարեան մատեանի մը մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ տողին. «Գինեվաճառք ձեր խառնեն ջուր ընդ գինի»։ Չափազանց հազուագիւտ է նաեւ «գինեկիզութիւն» բառը, նշանակեր է- «Կիզումն եւ տոչորումն ՚ի գինւոյ. Արբեցութիւն. Գինովութիւն, հարբածութիւն»։
Անին կը խօսի խաղողի տեսակներու՝ արենիի, կախեթի եւ ոսկեհատի մասին։ Ապա մեզի համար հանրագիտարանի մը ճշգրտութեամբ կը դասաւորէ սեղանի գինիները՝ ըստ շաքարի պարունակութեան. անապակ, կիսաանապակ, կիսաքաղցր, քաղցր, աղանդերային...
Ինչպէս ամէն այգի կու տայ իր գինին, նոյնպէս ամէն գաւառ ունեցեր է իր «գինի» բառը։ Տիգրանակերտցին եւ ռոտոսթոցին խմեր են «քինի», ագուլիսցին «կյինի», համշէնցին եւ արցախցին «կինի», իսկ զէյթունցին «գինէ»։ 1820 թուականին Վանի մէջ երբ ծնաւ Խրիմեան Մկրտիչը, բաժակներու մէջ լեցուեցաւ «գյինի»։ 15 տարի ետք նոյնահնչիւն բառը Սալմաստի Փայաճուկ գիւղի մէջ լեցուեցաւ բաժակներու մէջ եւ ուրախութիւն պարգեւեց յայտնի առեւտրական եւ կալուածատէր Մելիք-Յակոբեաններուն, երբ այդ հարուստ եւ ազնուական ընտանիքը բախտաւորուեցաւ 13րդ զաւակով՝ Յակոբով։ Ուրախութեան օրերուն հայկական «գինի»-էն բաժակ մըն ալ հրամցուցինք մեր հիւսիսային դրացիներուն։ Այսօր վրացերէնը կը վայելէ «ղվինի», «ղվինօ» եւ «ղւնօ» բառերը, իսկ լազերէնը՝ ««ղինի» եւ «ղվինի» բառերը, որոնք հայերէն փոխառութիւններ են։ Հայկական ամէն գաւառ ունեցեր է նաեւ իր տեղական խօսելաձեւը։ Սեբաստիոյ մէջ «գինի քամել» կը նշանակէր խաղողը ճմլել, իսկ Վայոց Ձորի մէջ հարսնիքներուն գինեկարասներէն գաւերու մէջ գինի լեցնելու արարողութիւնը կը կոչուի «գինաթափէք»։ Արցախցին կ՚ըսէ. «Տղամարդ գինի՝ կինի», նկատի ունենալով լաւ տեսակի բնական գինին, որու մէջ ոգիի տոկոսը բարձր է եւ երկար կը մնայ։ Եւդոկիոյ մէջ գինեմոլի խօսք էր՝ «Առտուան ցօղուն, ցերեկուան շողուն, իրիկուան հովուն», արդարացնելու համար օրուայ ամէն ժամի գինի խմելը։
Կը վերջանայ այգիներու մէջ ճեմելը ու Անին բոլոր հիւրերուն գինեսեղան կը հրաւիրէ՝ մէջբերելով Յովհաննէս Թումանեանէ բանատող մը. «Ի՞նչը կը յաղթի կեանքում հերոսին, թէ չլինեն կինն ու գինին»։ Քիչ վերջ այդ սեղանի շուրջ պիտի ալեկոծին գինեխառն զրոյցներ, պիտի բարձրանան երգ ու ծիծաղ։ Ըստ երեւոյթին, գինիի չափ սիրեր ենք գովերգել զայն ու երգել անոր մասին։ Գալ շաբաթ, յարգելի ընթերցող, դուք «գինի» բառը երկրորդ անգամ պիտի համտեսէք միջնադարեան աշուղներու եւ մերօրեայ բանաստեղծներու մատուցումով։ Մինչ նոր տեսութիւն, մնացէ՚ք զգաստ։