Վարանումի մէջ եմ։ Արդեօք ունիմ այն համարձակութիւնը, որ խօսիմ ժամանակակից հայ սիւնակագիրի մը համար ամենավտանգաւոր, ամենադիւրաբեկ նիւթին շուրջ։ Արդեօք ընթերցողը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ, եթէ հարցականի տակ առնեմ բոլոր այն արժանիքները, որոնք կարծես անխօս համաձայնութիւնով մը վերածուեր են ազգային սրբութեան։ Օրինակի համար որքանո՞վ կարելի է հարցում ուղղել անկախ պետականութեան տիրանալու դրականի կողքին բացասական երեւոյթներուն։ Այս օրերուս կը նշենք հայոց բանակի կազմութեան 27-ամեակը։ Իրականութեան մէջ 27 տարի է, որ բանակ ունենալով մենք մեզ աւելի՞ պաշտպանուած կը զգանք բաղդատմամբ այն տարիներուն, երբ չունէինք ազգային բանակ եւ նաեւ չունէինք վտանգուածութեան հոգեբանութիւնը։
Իսկապէս վտանգաւոր հարցումներ են այս բոլորը։ Հարցնողը կրնայ խաչուիլ նման անտեղի հարցումներուն համար։ Վերջապէս այսօր ունինք պետականութիւնով օժտուած երկիր, որուն կարօտը դարաւոր անցեալ ունի մեր իրողութեան մէջ։ Բայց միթէ՞ մենք արժանի չենք այդ երկուքին միասնաբար տիրանալու։ Ունենալու թէ ազգային մեր ամբողջութիւնը համակող պետականութիւն եւ նաեւ ապահովուած ապագայ։ Նոյնիսկ դեռ կը դժուարանամ խօսելու ի գին անկախ պետականութեան մեր ապրած կորուստներուն մասին։ Բայց իրողութիւն է, որ ունեցանք այդ կորուստները։ Նախ եւ առաջ անցման շրջանի փոթորկոտ օրերուն համարեա անզգալաբար թալանուեց ճարտարապետական առումով զարգացած մեր երկրի բոլոր հարստութիւնը։ Պահ մը վերյիշենք բեռնատարներով հարեւան երկիր փոխանցուած այն երկաթ թափածոն, որ ինքը առանձին կը կրկնապատկէր տուեալ գործարանի համար գանձուած սեփականացման արժէքը։ Երկրի ժողովուրդը արցունք կը հոսեցնէր թալանուած իւրաքանչիւր գործարանի կողոպուտը դիտելով։ Գործարաններու կողքին կողոպտուեցաւ նաեւ մեր մշակութային մեծ կուտակումը։ Այսօր թերեւս ալ շատ մեծ նշանակութիւն չունենայ այդ բոլորին համար լաց ու կոծ ըլլալը։ Կողոպտուածը կողոպտուեցաւ եւ մենք բարեբախտաբար լծուած ենք մեր ձեռքին մնացածը վերարժեւորելու։ Այդ գործընթացին մէջ առաջնակարգն է մարդուժը։ Ստիպուած ենք արտագաղթած մեր ուսեալ զանգուածին վերատիրանալու։ Կը հաւատանք թէ վերադարձող հայը վերադարձին իր հետ պիտի բերէ նաեւ անցնող տարիներու ընթացքին տիրացած փորձառութիւնը։ Վերադարձի պայմանները շատ աւելի ծրագրաւորուած պիտի ըլլան, քան թէ փախուստի մը բնոյթ ունեցող արտագաղթը։
Այս յոյսերը արդարացնելու համար բազմաթիւ պատճառներ կան Հայաստանի մէջ։ Չէ որ, մենք կը խօսինք ուսանած, ինչո՞ւ չէ բարձր մակարդակով ուսանած հասարակութեան մը մասին։ Հասարակութիւն՝ որ կարօտը ունի եւ արժանի է շատ աւելի բարձր կենսամակարդակի մը տիրանալու։ Այդ ձգտումի երազ մը ըլլալով մնալուն ազդակները վերացան Թաւշեայ յեղափոխութիւնով։ Այժմ այդ յեղափոխութիւնը մանկական ոգեւորութեան մը սահմանէն դուրս բերելով գործնական եւ լիարժէք յեղափոխութեան մը վերածելու պահը եկած է։ Ստիպուած ենք այդ պահը ճիշդ ու արժանի կերպով գործադրելու։
Տեղն է կրկնելու Եղիշէ Չարենցի պատգամը. «Ով հայ ժողովուրդ, քու միակ փրկութիւնը, քու միասնական ուժի մէջ է»։
pakrates@yahoo.com