Վրէժ Քասունիի արուեստին հետ վերջին անգամ հաղորդուեցանք Էօզճան Ալփերի «Աւերակներու տակ» մուլտֆիլմի առիթով։ Քասունի շուտով «Ակօս»ի էջերուն ալ կը յայտնուի
իր գծագրութիւններով։ Այս առթիւ զրուցեցինք իր եւ արուեստին մասին։
ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Եթէ դէմ չէք զրուցենք ձեզ ծանօթացնելով, ո՞վ է Վրէժ Քասունին, արուեստական առումով ի՞նչ ճանապարհ անցած է։
Ես հալէպահայ եմ։ Այս պատասխանը դիւրին է։ Բայց ինչպէս սկսաւ իմ արուեստական ոդիսականը, ահա այդ քիչ մը աւելի դժուար։ Դժուար է՞ որովհետեւ կը գծեմ մանկութենէս ի վեր եւ շատ ուշ անդրադարձած եմ, թէ այդ գծածներս գեղարուեստական նշանակութիւն ունին։ Ինծի համար շատ սովորական ընթացք մըն էր գծելը եւ կը զարմանայի տեսնելով մարդիկ, որոնք կը դժուարանային որեւէ բան գծելու։ Չէի կրնար հասկնալ, թէ ինչպէս կ՚ըլլայ, որ մարդ չի կրնար գծել։ Հազիւ 17-18 տարեկաններուս անդրադարձայ, թէ իմ գործերը գեղարուեստական նշանակութիւն մը ունին։ Հալէպահայութիւնը այս առումով հակասութիւններ կ՚ապրի։ Մենք որ արաբ աշխարհի մէջ առաջին նկարչական դպրոցը բացող հաւաքականութիւնն ենք, չենք կրցած ըմբռնել գեղանկարչութեան արժէքը։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ ունինք գրականութեան մեծ աւանդոյթ, բայց չունինք անոր համապատասխան գեղանկարչութիւն։
1940-ական տարեթիւերուն Ռոպէր Ճեպէճիեան հիմնած էր նկարչական դպրոցը՝ Մարտիրոս Սարեանի անունով։ Այդ տարիներուն ես արդէն կիսատ թողած էի ուսումս, քանի որ ընտանիքի բեռը նստած էր իմ ուսերուն։ Բայց բոլորովին ալ հեռացած չէի գեղարուեստի միջավայրէն, քանի որ իմ աշխատանքն ալ ձեւով մը կապուած էր գեղարուեստին։ Կտաւներու վրայ տպագրութիւններ կ՚ընէինք։ Թերեւս այդ ալ զիս խրախուսեց գեղարուեստի ուղղուելու համար եւ արձանագրուեցայ Սարեանի դպրոցը։ Ապա կատարեցի բանակի ծառայութիւնը եւ յետոյ որոշեցի Հայաստան երթալ արուեստի մէջ հմտանալու համար։ Այդ գործընթացի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ ուսուցչութիւն ընելու համար Կիւմրիւէն Հալէպ եկած անուանի նկարիչ Յակոբ Թոքմաճըեանի հետ ծանօթանալս։ Իր հետ վեց տարի աշխատելէ ետք է, որ որոշած եմ Հայաստան երթալ։ Նախքան իմ Հայաստան մեկնիլը արդէն ցուցահանդէսի մը համար հրաւէր ստացած էի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութենէն։ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» նախաձեռնութեան շրջանակով, սակայն ինչպէս գիտէք իւրաքանչիւր նոր նախաձեռնութիւն անակնկալօրէն նոր հորիզոն կրնայ բանալ։ Հոս ալ նոյնը պատահեցաւ եւ ես երկու տարի ալ յաճախեցի Փանոս Թերլեմէզեանի անուան նկարչական դպրոցը։ Այդ միջոցին է, որ մուլտֆիլմերու նկատմամբ հետաքրքրութիւնս ձեւաւորուեցաւ։
Ի՞նչ տեսակ ֆիլմերու մասին է խօսքը։
Առաջին հերթին գովազդներ նկարահանած եմ։ Պատուէրով կատարուած գործեր էին այդ բոլորը, որոնց տեւողութիւնը կը մնար կէս րոպէի սահմաններուն մէջ։ Սակայն այդ կէս րոպէի նկարահանման համար բաւական ծանր աշխատանք կը վատնէինք։
Այս միջոցին Հայաստանի մամուլին հետ ի՞նչ կապեր ունեցաք։
Հայաստան մտած առաջին օրէն սկսած աշխատակցած եմ Հայաստանի ազգային մամուլին։ Բայց պէտք է յայտնեմ, որ Հայաստանի հասարակութիւնը տակաւին պատրաստ չէ քաղաքական բնոյթով երգիծանքի։ Յատկապէս քաղաքական հասարակութեան համար, որ բաւական նեղ շրջանակ մըն է, երգիծանքի եւ ծիծաղի սահմանները շատ ալ յստակացած չեն։ Յանկարծակի կերպով տարբեր իմաստներ կրնայ վերագրուիլ գեղարուեստական դրդումով ըրած գործերուդ վրայ։
Իսկ քեզ տպաւորող ո՞ր արուեստագէտներու մասին կրնաս խօսիլ։
Իրականութեան մէջ շատ հետաքրքրական նիւթ մըն է այս, քանի որ այս հողերուն վրայ ծաղրանկարչութիւնը կամ երգիծանկարչութիւնը սկսած է հայերով։ Սակայն իմ վրայ խոր տպաւորութիւն թողած անունները նախ եւ առաջ Հալէպի սուրբ երրորդութիւնն է։ Մենք այսպէս կը կոչէինք Ալեքսանդր Սարուխանը, Խաչիկ Տամատեանը եւ Էտմոն Քիրազը։ Սարուխան Եգիպտոս ապրեցաւ ու մեռաւ, իսկ Տամատեան Պուլկարիա։ Քիրազ 90-ական տարիքներով է ու ես առիթը ունեցայ իր հետ ծանօթանալու Փարիզի մէջ։ Անոնց թէ գիծերը եւ թէ խորհուրդները տպաւորած են զիս։ Եթէ Սարուխան տասը տարի եւս ապրէր թերեւս ինք ալ կը ձեռնարկէր մուլտֆիլմի։ Ան Պոլսոյ հետ ալ կապ ունի։ Պաթումէն եկած է Պոլիս եւ 1915-ին յաջորդող քանի մը տարիներու պահուըտած է Սաքըզաղաճը Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Անոնց վրայ պէտք է աւելցնեմ նաեւ Լիբանանէն Տիրան Աճեմեանը։ Գիտենք թէ Սարուխան համշէնահայ մըն էր Համշէնի Արտամուչ գաւառէն։
Գալով ներկային, դարձեալ Հայաստան ես, բայց հիմա պայմանները քիչ մը աւելի տարբեր։ Ամուսնացար եւ Էօզճան Ալփերի հետ ալ ֆիլմ մը նկարահանեցիր։ Ինչպէ՞ս մասնակցեցար այդ ֆիլմին։
Նախ Էօզճան Ալփեր, որուն հետ մտերիմ բարեկամութիւն ունիմ, շատ ձեռնհաս բեմադրիչ մըն է։ Միշտ հաճելի է աշխատիլ այնպիսի արուեստագէտներու հետ, որոնցմէ կարելի է բան մը սորվիլ։ Մնաց, որ իր ձեռնարկած գործն ալ շատ հետաքրքրական էր։ Կարճ ժամանակի մէջ ջրաներկի դրութեամբ ահագին նկար արտադրեցի։ 13 րոպէական ֆիլմի համար վեց ամսուայ աշխատութիւն էր։ Նիւթ կ՚առնէր Տիարպէքիրի եւ շրջակայքի մէջ պատահած դէպքերը։ Ոմանք Տիյարպէքիրը կորսնցնելու հոգեբանութեան մէջ են։ Իսկ ես ալ կորսնցուցած էի Հալէպը։ Կրնամ ըսել, որ Տիարպէքիրի մէջ գտածս իմ Հալէպն էր։
Վերջապէս սա ալ կ՚ուզեմ աւելցնել, իսկապէս ալ իմ վրայ խոր տպաւորութիւն թողած արուեստագէտներ կան, որոնք պէտք է նշեմ։ Ամերիկացի Փոլ Քոնրդ եւ սուրիացի Ալի Ֆարազաթ ու անմիջապէս անոնց վրայ պէտք է աւելցնեմ Օհանը։ Բայց յատկապէս կը սիրեմ պարսկական երգիծանկարչութիւնը։ Այս տեսնելով կրնամ ըսել թէ, գրաքննութիւնը արգելք չէ ստեղծագործելու։ Սահմանափակումները արուեստագէտներուն կը պարգեւէն սահմանեար հատելու առիթը։