Միացեալ գործադրած տնտեսական շրջափակումի հետեւանքով ճգնաժամի մատնուած է Վենեզուելլայի տնտեսութիւնը։ Համատարած սղաճը հասած է աներեւակայելի համեմատութիւններու, որու հետեւանքով օրըստօրէ թշուառացող բնակչութիւնը սկսած է հալածել երկրի իշխանութիւնը։ Ահա այդ հանգրուանին տիրող անկարգութենէն օգտուելով ընդդիմադիր հոսանքներ կը փորձեն գահընկէց ընել երկրի օրինական կառավարութիւնը։ Ոչ միայն ընդդիմադիրներ, այլ համաշխարհային դրամատէրեր եւս լծուած են Նիքոլաս Մատուրոյի կառավարութիւնը տապալելու անբարոյ գործընթացքին։ Արդարեւ բազմաթիւ երկիրներ յայտարարեցին, թէ պաշտօնապէս կը ճանչնան ընդդիմադիր հոսանքի պետը, իբրեւ երկրի օրինաւոր ներկայացուցիչ։ Համաշխարհային խայտառակութեան մը բնոյթը ստացող այս զարգացումներուն դէմ հեգնական յօդուած մը լոյս տեսաւ Գէորգ Մանոյեանի ստորագրութեամբ «Ասպարէզ»ի էջերուն վրայ։ Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք այս խիստ շահեկան յօդուածը, որ կ՚առաջարկէ խնդիրները դիտել շրջանցուած տեսանկիւնէ մը եւս։
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆԵթէ Վենեզուելլան աշխարհի գերուժերէն մէկը ըլլար, Միացեալ Նահանգներու նախագահական պալատը հետեւեալ նամակը կրնար ստանալ Վենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյէն, որուն իշխանութենէն հեռացումը կը պահանջուի Ուաշինկթընի կողմէ.
«Կը պահանջեմ ինքզինք ապօրինի կերպով երկրին նախագահը հռչակած Տանըլտ Թրամփէն հեռանալ իր բռնագրաւած Սպիտակ տունէն, նախագահութիւնը յանձնելով ժողովուրդին յստակ մեծամասնութեան կողմէ ընտրուած Ներկայացուցիչներու տան խօսնակին՝ Նենսի Փելոսիին, որովհետեւ՝
– Անոր առաջնորդած դրամատիրական արկածախնդրութիւնը, որ մեծահարուստներուն եւ հսկայ ընկերութիւններուն յառաջիկայ 10 տարիներուն մէկ եռիլոն տոլարի նուէր կը շնորհէ, լուրջ վտանգի առջեւ կը դնէ Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութիւնը, հսկայական պարտքերու բեռին տակ ձգելով երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը.
– Հակառակ իր խոստումներուն, որ Մեքսիքայի տրամադրած գումարներով պիտի կառուցէ սահմանային պատը, ան աւելի քան ամիս մը առանց իրենց վաստկած արդար վարձատրութիւններուն պահեց մօտաւորապէս 800,000 պաշտօնեաներ։ Հետաքրքրական է, որ ան նախորդ երկու տարիներուն, երբ ամբողջ Քոնկրեսը իր կուսակիցներւն հակակշռին տակ էր, միայն 1.6 միլիառ տոլար ստացած էր պատի այս ծրագրին համար, սակայն հիմա, որ իր հակառակորդները Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն ապահովեցին, ան ներկայացուց այդ գումարին գրեթէ քառապատիկը ստանալու առաջարկը, իր քաղաքական աժան հաշիւներուն համար լրջօրէն նեղ կացութեան մատնելով երկրին պաշտօնեաները.
– Ան օրինական եւ ապօրինի ամէն միջոցի կը դիմէ ոտնակոխելու համար ապաստանեալի իրաւունք խնդրող կարիքաւոր գաղթականներուն տարրական եւ միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւունքները.
– Ան իշխանութեան եկած առաջին իսկ օրէն հարուածներ հասցուցած է կենսոլորտի պաշտպանութեան համար իր նախորդներուն առած քայլերուն, զգալիօրէն դանդաղեցնելով ոչ միայն իր երկրին, այլ նաեւ Երկիր մոլորակին կենսոլորտին կրած վնասները գոնէ մասամբ դարմանելու համար միջազգային ջանքերը։
Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ Թրամփ իսկապէս ժողովրդավարականօրէն ընտրուած նախագահ մը չէ, որովհետեւ ան իր մրցակիցէն մօտաւորապէս 4 միլիոն նուազ քուէ ստացած էր 2016-ի ընտրութիւններուն»։