Հրանդի անունը անմար կրակ մըն է արդարութիւն պահանջողներուն համար

Ինչպէս նա­­խորդ տա­­րինե­­րուն այս տա­­րի դար­­ձեալ բազ­­մա­­­հազար ժո­­ղովուրդ մէկ­­տե­­­ղուած էին «Ակօս»ի նախ­­կին խմբագ­­րա­­­տան շէն­­քին առ­­ջեւ եւ ժա­­մը ճիշդ 15.05-ին յի­­շատա­­կեցին «Ակօս»ի հիմ­­նա­­­դիր Հրանդ Տին­­քը։ Հան­­րա­­­հաւա­­քին ներ­­կայ էին Հան­­րա­­­պետա­­կան եւ Ժո­­ղովուրդնե­­րու ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ, հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ, «Շա­­բաթօ­­րեայ Մայ­­րեր»ը եւ Տին­­քի յի­­շատա­­կը յար­­գող բազ­­մա­­­հազար ժո­­ղովուրդ։ Այս տա­­րուայ ու­­ղերձը ար­­տա­­­սանեց ինք ալ նման ոճի­­րի մը զոհ գա­­ցած ար­­ձա­­­կագիր Սա­­պահատ­­տին Ալիի դուստրը՝ Ֆի­­լիզ Ալի։ Ֆի­­լիզ Ալիի ար­­տա­­­սանած ու­­ղերձը կա­­րելի է կար­­դալ «Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րու վրայ։ Այս առ­­թիւ բան­­տարկո­­ւած Սի­­լիվ­­րիի ար­­գե­­­լանո­­ցէն իր ող­­ջոյնի խօս­­քը կը փո­­խան­­ցէր նաեւ Անա­­տոլու քիւլթիւր ըն­­կե­­­րու­­թեան սե­­փակա­­նատէր Օս­­ման Քա­­ւալա։ Օս­­ման Քա­­ւալա­­յի ու­­ղերձը եւս տեղ գտած է հա­­յերէն էջե­­րու մէջ։

Բա­­ցի Իս­­թանպու­­լի մի­­ջոցա­­ռումնե­­րէն Հրանդ Տինք յի­­շատա­­կուե­­ցաւ նաեւ երկրի զա­­նազան քա­­ղաք­­նե­­­րու եւ ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նի մէջ։

Տի­­յար­­պէ­­­քիրի մէջ ան­­յայտ կո­­րած­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րը իրենց հեր­­թա­­­կան հան­­րա­­­հաւա­­քին մէջ նշե­­ցին նաեւ Հրանդ Տին­­քը։ Հոն եւս ներ­­կայ էին ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րու պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ եւ հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ։ Այս հա­­ւաքոյ­­թի ըն­­թացքին ելոյթ ու­­նե­­­ցան Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու միու­­թեան Տի­­յար­­պէ­­­քիրի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղի վար­­չութեան ան­­դամ Հա­­սան Եալ­­չըն եւ Սուրբ Կի­­րակոս եկե­­ղեց­­ւոյ թա­­ղային խոր­­հուրդի ան­­դամ Կաֆ­­ֆուր Թիւրքայ։

Իզ­­մի­­­րի մէջ Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան եւ Աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին միաւո­­րումնե­­րու կազ­­մա­­­կեր­­պած հան­­րա­­­հաւա­­քին պար­­զո­­­ւեցաւ «Չենք հրա­­ժարիր աղ­­բա­­­րիք» գրո­­ւած վեր­­տա­­­ռու­­թիւն մը եւ ժա­­մը 15.05-ին տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ յոտնկայս յար­­գանքի պահ։

Ան­­գա­­­րայի մէջ եւս տե­­ղի ու­­նե­­­ցան զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումներ, թէ «Պիր­­կիւն» թեր­­թի խմբագ­­րա­­­տան առ­­ջեւ եւ թէ Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու միու­­թեան կեդ­­րո­­­նին մէջ։

Բա­­ցի այդ Հրանդ Տինք յի­­շատա­­կուե­­ցաւ նաեւ Տաթ­­չա­­­յի, Գա­­տըգիւ­­ղի մէջ։ Երկրէ ներս տե­­ղի ու­­նե­­­ցած այս հան­­րա­­­հաւաք­­նե­­­րու կողքին, աշ­­խարհի զա­­նազան ան­­կիւննե­­րու վրայ եւս կա­­տարո­­ւեցան Հրան­­դը յի­­շատա­­կելու ձօ­­նուած տար­­բեր բնոյ­­թով մի­­ջոցա­­ռումներ։ Այսպէս Միացեալ նա­­հանգնե­­րու Լոս Ան­­ճէ­­­լըս եւ Նիւ Եորք քա­­ղաք­­նե­­­րէն, Գեր­­մա­­­նիոյ Պեր­­լին, Նիւնպերկ եւ Քո­­լոյն քա­­ղաք­­նե­­­րուն մէջ ալ տե­­ղի ու­­նե­­­ցան յի­­շատակ­­ման հան­­րա­­­հաւաքներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ